Յայտարարութիւն

Sunday, July 18, 2021

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ - Արմենակ Եղիայեան

 

      

          1. Յ. Պալեան

            ***Որո՞ւ հաշւոյն...

            ---Մեր երախտաշատ աւագ եղբայրը  կը թուի  մոռնալ  տարրական հայերէնը, որ անցեալին աւելի ճիշդ կը գրէր: Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, թէ հաշիւ կու տայ  հաշուոյն:

            Կը խնդրուի  սորվեցնել Պարոյր Աղպաշեանին ու «Մարմարա»-ին եւս, որ իրենց  կարգին կը գրեն  հաշւոյն՝ հակառակ ճիշդը գրելու բազում թելադրանքներուն:

            ***Թուրքիան ճապկումներ կ’ընէր հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար:

            ---Ուրեմն Թուրքիան իր փորձանքը   գտեր է, քանի... ճապկումներ կ’ընէ:

            Բարի վայելում...Թող երթայ համին նայի:

            Եւ  հասկնայ,   թէ ի՛նչ կը նշանակէ ցեղասպանութիւն չճանչնալ:

            ***Շարժումը կը ներառնէ...

            ---Ներառնել բայ չունինք. ունինք ներառել՝ առանց  «ն» ածանցի:

            Երբ հայերէնի ածանցաւոր բայերը կը բարդուին, անոնք ընդհանրապէս կը կորսնցնեն իրենց  «ն» ածանցը եւ կու տան պարզ կանոնաւոր բայեր. օրինակ՝

                        --առ-ն-ել     > զանցառել,

                        --դ-ն-ել        > արտադրել, ներդրել, փոխադրել[1],

                        --մտ-ն-ել     > հետամտել,

                        --պագ-ն- ել > երկրպագել,

                        --յայտ-ն-ել  > բացայայտել,

                        --տես-ն-ել   > նախատեսել

                        --ցուց-ն-ել   > ապացուցել...

            ***Հիմա, Թուրքիա ճապկումները կը շարունակէ...

            ---Այս ստորակէտը ի՞նչ գործ ունի այստեղ, հայերէնի շարահիւսութեան ո՞ր կանոնի թելադրութեամբ  դրուած է ան:

            Բայց հայերէն մտածող մնա՞ց...

            Ֆրանսացին ու անգլիացին կը դնեն այդ ստորակէտը, արեւմտահայն ալ կը դնէ:

            ***Ռուսիան չանդրադառնա՛ր...

          ---Երկու սխալ մէ՛կ բառի մէջ:

            ա) Նախ պէտք է դնել ապաթարց մը, քանի ունինք՝ «չի անդրադառնար»-ին ամփոփումը. ուրեմն՝ չ’անդրադառնար:

            բ)  Սխալ է շեշտը եւս. սկազբնաձեւը կը շեշտենք սա՛պէս՝ չի՛ անդրադառնար:

            Ամփոփումի առթիւ՝  շեշտը չի-ին վրայէն կ’անցնի առաջին ձայնաւորին վրայ. ուրեմն՝ չ’ա՛նդրադառնար:

            Նաեւ՝ չ’ե՛րթար, չ’ո՛ւտեր,  չ’ի՛յնար...

            Այլեւ՝ չ’ո՞ւզեր,    չ’ա՞տեր,  չ’ե՜րգեր...

            Ուրեմն առոգանութեան բոլոր նշանները կ’իյնան ձայնաւորով սկսող բային առաջին ձայնաւորին վրայ:  

            ***«Մեծ եւ պզտիկ երկիրները, մինչեւ ե՞րբ կրնան»…

            ---Հայերէնի, այլեւ ֆրանսերէնի, չինարէնի ու զուլուերէնի մէջ ենթակային ու ստորոգիչին միջեւ ստորակէտ չեն դներ:

            Կէտադրական նման հրէշային կանոն ունեցող լեզու չկա՜՜՜յ տիեզերքի մէջ...

            Յարգե՛նք ստորակէտ ըսուածը, որպէսզի սորվինք յարգել աւելի բարդն ալ:

          2. Յակոբ Տիւնեայեան

            ***«Գրել Հրաչեայ Աճառեանի անկշռելի, այլեւ ամբողջական վաստակին մասին, կը նշանակէ ըլլալ անվկանդ ու վարպետ լողորդը անհունաստեղծ ովկիանին մէջ հայագիտութեան, տիւ ու գիշեր ծաւալել խորասոյզ աշխատասիրութիւններ՝ արտահանելու այն անհամար գոհար գործերը, զորս ան ժառանգ է թողած մեր ժողովուրդին՝ աւելի քան կէս դարու ընթացքին, պարտասիլը կործանող իր աննուաճ կամքովը կենեղուտ»:

            ---Ի՞նչ կը մտածէք այս... հայերէնին  մասին:

            Ասոնք Մակար Գաղիացիի ճապկումն ալ կ’անցնին,   ըսել կ’ուզեմ՝ կը գերազանցեն, հապա՞, իմա՝ փնտռել կու տան. այո՜, պարտասիլ ու կենեղուտ... լսա՞ծ էիք ասոնք:

            Հետաքրքարականը այն է, որ ասոնք լոյս կը տեսնեն  ոչ աւելի, ոչ պակաս... «Մարմարա»-ի մէջ:

            Խե՜ղճ պոլսահայեր, կարծես քաշածնին չէր բաւեր Հատտէճեանի ձեռքէն:

            Հետաքրքրական է, թէ՝

                        --ո՞վ կը սորվեցնէ այս հայերէնը[2],

                        --ո՞ր դպրոցներուն մէջ կ’ուսուցուի ան,

                        --ո՞վ  կամ ովքե՞ր  կը խօսին զայն:

            3. Տառադարձական հարցեր

            Վերջերս քանի մը առիթով հանդիպեցայ Լլոյտ յատուկ անունին, որ տառադարձութիւնն է  անգլո-ամերիկեան Lloyd-ին:

            Այդ օտար անունը կը կարդացուի Լոյտ, մինչ հայերէն տառադարձութիւնը կը կարդացուի Լը-լոյտ՝  Լլոյտը-ը արտասանելու ուրիշ կերպ չկայ հայերէնի համար:

            Այս ալ կը նշանակէ, որ այդ  անունը սխալ տառադարձուած է, քանի որ մենք կը տառադարձենք ըստ արտասանութեան եւ ոչ թէ ըստ գրութեան: 

            Տառադարձող լեզուին համար  կարեւոր չէ, թէ տառադարձելի բառը կամ անունը ինչպէ՛ս գրուած է տուեալ լեզուին մէջ, կարեւորը անոր արտասանութիւնն է. այլ խօսքով՝ մենք կը տառադարձենք ըստ  լսողութեան եւ ոչ ըստ տեսողութեան: Կը տեսնենք Լլոյտ, սակայն կը լսենք Լոյտ, եւ պարտինք այս վերջինը գրել:

            Կը յիշեմ հանդիպած ըլլալ նաեւ Անժելա Մերքել  տառադարձութեան:

            Գերմանացին այս անունը կ’արտասանէ Անկելա (Անգելա), ուստի պարտիմ հետեւիլ գերմանացիին բնիկ արտասանութեան եւ ոչ թէ  ֆրանսացիին, որ ամէն ինչ կը ֆրանսայնացնէ ու կ’ըսէ Անժելա: Այլապէս՝ ամերիկեան արտասանութեամբ ալ պիտի հնչենք Անճելա, սպանական արտասանութեամբ...Անխելա:

            Այլ տեղ մը կը գտնեմ Փորթցմաութ տառադարձութիւնը, որ հայերէն պիտի արտասանուի Փոր-թըց-մաութ: Սակայն այս անունը կրող վայր գոյութիւն չունի աշխարհի վրայ:  Կայ Portsmouth տեղանունը  եւ համանուն ֆութպոլի ակումբն ու խումբը, որոնք կը կոչուին  պարզապէս Փորցմաութ:

            Ուրիշ տեղ Smith’s-ը դարձած է Սմիթս...մինչդեռ պէտք է ըլլայ Սմից՝ միշտ հետեւելով տուեալ լեզուի   արտասանութեան:

            armenag@gmail.com                                                                      Արմենակ Եղիայեան



[1] Դնել -ին եզակի հրամայականն է դիր, որով կը կազմուին բաղադիր ձեւերը:

[2] «Այս խաշած հայերէնը»,պիտի ըսէր  սրտաբանս՝ բժ. Ռաֆֆի Գարամինասեանը:

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Thursday, July 8, 2021

Դաշնակցութեան Ուժին Գաղտնիքը - Մուշեղ Իշխան

1975ին գրուած այս յօդուածը հետաքրքրական վերլուծում մըն է: Կը հրապարակենք իր շահեկանութեան եւ պարունակած իրականութեանց համար: (Նշանակ)

 «Շատերու համար գաղտնիք մըն է դարձած Դաշնակցութեան ուժը: Յաճախ այս ուղղութեամբ մեկուսի խոստովանութիւններու եւս ականջալուր եղած ենք: Ի՞նչ է գաղտնիքը, որ, հակառակ անլուր հալածանքներու եւ անխոստովանելի միջոցներու, Դաշնակցութիւնը կէս դարէ աւելի ժամանակաշրջանի մը ընթացքին մնացած է ուժեղ եւ անսասան:

 Նոյնիսկ յենարաններ ունեցող կուսակցութիւններ, որոնք ծնունդ էին առած Դաշնակցութեան հետ, եւ որոնց չէր պակսեր նիւթական ոչ մէկ միջոց, այսօր պատմութեան յանձնուած են՝ իրենց տեղը զիջելով նոր եւ այլազան կուսակցութիւններու:

Բազմաթիւ պատճառներ կան, անշուշտ, Դաշնակցութեան ուժի այս «հանելուկը» բացատրող: Սովորական մահկանացու մը հարց պիտի տար, որ եթէ Ծրագիրն է հիմը այդ ուժին, միշտ ալ կարելի է իտէալ ծրագիրներ կազմել` անոնց մէջ տեղաւորելով ամէնէն յառաջադէմ գաղափարներն ու լաւագոյն խոստումները: Եթէ կանոնագիրն է, որ անսասան կը պահէ այդ կուսակցութիւնը, նոյնպէս դժուար չէ կանոնագիր կազմել ու անոր մէջ խտացնել ամէնէն ազդու կանոնները: Վերջին մէկ դարը հարուստ է եղած կուսակցութիւններու ծնունդով ու մահուամբ: Կարելի է օգտուիլ տարիներու փորձերէն ու կազմել այնպիսի խիստ, արդիական ու գիտական հիմերով կանոնագիր մը, որ սքանչացում եւ պատկառանք ազդէ ընթերցողին վրայ: Ու վերջապէս՝ անկարելի չէ նիւթական լայն միջոցներ ստեղծել, ակումբներ բանալ, ընդարձակ սրահներ վարձել, գործիչներ ունենալ, լծուիլ լայն փրոփականտի, թերթեր հրատարակել եւ ապահովել այն անհրաժեշտ միջոցները, որոնք կեղեւը կը կազմեն Դաշնակցութեան ուժին:

 Սակայն միջո՞ւկը, կորի՞զը, հի՞մը, որուն վրայ կառուցուած է Դաշնակցութիւնը, կարելի՞ է ունենալ: Այս է բուն խնդիրը, որ կը գրաւէ մեր հակառակորդներու, նոյնիսկ միջազգային դէմքէրու եւ յաճախ օտար ոստիկանութիւններու ուշադրութիւնը:

 Այս ուղղութեամբ բռնակալութիւններու արխիւները եւս իրենց փաստաթուղթերը ունին: Ռուսական յեղափոխութենէն ետք` Կերենսքիի կառավարութեան օրով, ցարական ոստիկանութեան արխիւներուն մէջ գտնուեցաւ արձանագրութիւն մը, որ կը վկայէր, թէ գաղտնի ոստիկանութիւնը յաջողած է լայնածաւալ Ռուսաստանի բոլոր կուսակցութիւններէն ներս ունենալ իր գործակալները, յաճախ խաթարել անոնց դիմագիծը, ծառայեցնել զանոնք բռնակալութեան նպատակներուն: Սակայն բոլոր այս կուսակցութիւններուն մէջ, ըստ փաստաթուղթերուն, միայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը կազմած է բացառութիւն: Դաշնակցութենէն ներս կարելի չէ եղած թափանցել, եւ կարելի չէ եղած զայն շեղել իր նպատակներէն:

 Նոյնը վկայեցին նաեւ Օսմանեան սահմանադրութենէն ետք երեւան հանուած համիտեան շրջանի արխիւները: Կարմիր սուլթանը ոչ միայն ահաւոր եւ արիւնոտ պայքար էր տարած Դաշնակցութեան դէմ, այլ նաեւ ամէն ճիգ սպառած էր Դաշնակցութիւնը ներսէն քայքայելու համար: Նոյնիսկ պաշտօնական բանակցութիւններու փորձեր կատարուած էին, ու Տատեան Արթին փաշան քանիցս Պոլիսէն Ժընեւ երթեւեկած էր՝ զանազան խոստումներով բեռնաւոր: Անոր գլխաւոր նպատակը կազմած էր առնուազն թիւրիմացութիւններու դուռ բանալ Դաշնակցութեան շուրջ:

 Նոյն միջոցները գործածուեցան ու տակաւին կը շարունակուին պոլշեւիկներու կողմէ Առաջին ընդհանուր պատերազմէն ետք` մինչեւ այսօր: Անգամ մեծածախս համագումարներ հրաւիրուեցան Հայաստանի մէջ՝ դաշնակցականներու ձեռքով կուսակցութիւնը «լիքւիտասիոն»ի ենթարկելու համար: Արտասահմանի մէջ միլիոններ ծախսուեցան, կուսակցութիւններ ծախու առնուեցան, պնակալէզներու ամբողջ բանակ մը պահուեցաւ ու կը պահուի` միշտ նպատակ ունենալով կազմալուծել, քայքայել ու ոչնչացնել Դաշնակցութիւնը:

 Եւ սակայն, ինչպէս անցեալին, ինչպէս միշտ, Դաշնակցութիւնը կը մնայ աւելի քան ուժեղ, կազմակերպուած ու անսասան:

Ա՛րդ, ի՞նչ է գաղտնիքը այս անընկճելի ուժին:

 Առաջինը եւ հիմնականը Դաշնակցութեան հայեցիութիւնն է, շատ պարզ եւ սովորական բացատրութիւն մը՝ առաջին ակնարկով, եւ սակայն ամէնէն կարեւոր գաղտնիքը անոր ուժին: Մարդիկ կարող են մտածել, թէ սովորական պայման մըն է այս ու դիւրին իրագործելի: Ո՛չ, մեզի պէս փոքր եւ տկար ազգի մը կուսակցութեան համար չափազանց դժուար է առաջնորդուիլ զուտ հայկական շահերով: Փաստը մեր շուրջն է եւ դիւրաւ ըմբռնելի: Ներկայիս աշխարհը այնքան է ապականած, ժողովուրդներու շահերը` այնպիսի թնճուկի մը վերածուած, որ մեծ առաքինութեան ու մանաւանդ աւանդութիւններու կարիքը կայ՝ դուրս չգալու համար ազգային շահերու շրջանակէն:

 Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի հարազատ ծնունդն է, ոսկորը ոսկորէն, արիւնը արիւնէն, ինչպէս պիտի ըսէր հին ընկեր մը: Այս պարագան թոյլ չէ տուած ու չի տար մեր կուսակցութեան դաւաճանել հայ ժողովուրդի շահերուն: Որեւէ օտար ուժ անկարելի գտած է մեզ իրեն ենթարկելու փորձը: Այդ պատճառաւ Դաշնակցութիւնը պայքարի մէջ է եղած թէ՛ սուլթանին դէմ, թէ՛ ցարին: Նոյն է պատկերը նաեւ այսօր. պոլշեւիկեան իշխանութիւնը չի հանդուրժեր մեզ, իմբերիալիստական եւ այլ վարչակարգերու կառավարութիւններն ալ դժուար կը հաշտուին մեր գոյութեան հետ: Որովհետեւ բոլորն ալ գիտեն, որ որեւէ ժամանակ Դաշնակցութիւնը չի վարանիր ձաղկելու, հարուածելու օտար մեքենայութիւնները եւ նոյնիսկ կռւելու օտար այն բոլոր քայլերուն դէմ, որոնք կրնան վնասել հայութեան իրաւունքներուն:

Ահա թէ ինչու Դաշնակցութիւնը միշտ առանձին եղած է, ու այս առանձնութենէն բխող հայեցիութիւնը կազմած է անոր ուժին մեծագոյն գաղտնիքը:

 Կարեւոր պարագայ մըն է նաեւ մեր կուսակցութեան բարոյականի հասկացողութիւնը: Ամէն օր հնարաւոր է հիմնել նոր կուսակցութիւն մը` անոր տալով մեր այս յօդուածին սկիզբը յիշուած տուեալները՝ ծրագիր, կանոնագիր, նիւթական միջոցներ եւ այլն: Սակայն դժուար է, եթե ոչ անկարելի, տալ անոր բարոյական դիմագիծ, ինչ որ անհրաժեշտ է կուսակցութիւն մը ապրեցնելու համար ուժեղ ու մանաւանդ առողջ:

 Այս կարեւոր առաքինութիւնը պէտք ունի աւանդութեան: Իւրաքանչիւր դաշնակցական նախքան շարքերը մտնելը ու անկէ ետք ծրագրէն ու կանոնագրէն առաջ կ’ուսումնասիրէ Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն եւ հերոսներուն կեանքը: Անոնց պատմութիւնը Դաշնակցական մարդուն կը սորվեցնէ նախ եւ առաջ ունենալ նկարագիրներու բարոյական հասկացողութիւն, որ պայման է ոչ միայն լաւ Դաշնակցական ըլլալու, այլ նաեւ մարդ: Երբ այս հիմնական պայմանով օժտուած է Դաշնակցականը, միւս առաքինութիւնները արդէն իւրացուցած կ’ըլլայ, որովհետեւ մեր հասկցած բարոյականութիւնը կը պարունակէ ե՛ւ քաջութիւն, ե՛ւ անձնազոհութիւն, եւ՛ ընկերասիրութիւն ու վերջապէս` անխարդախ ու անշահախնդիր հայրենասիրութիւն:

 Ահաւասիկ այն զոյգ «գաղտնիքները», որոնց շնորհիւ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ մնալ ուժեղ եւ երբեք չազդուիլ իր դէմ սարքուած արտաքին ու ներքին միացեալ դաւերէն:

 Այս զոյգ արժանիքները նախ եւ առաջ կը պատկանին հայ ժողովուրդին: Անիկա, իր պատմութեան անյիշատակ ժամանակներէն սկսեալ, եղած է հայրենասէր ու ապա օժտուած բարոյական խորունկ հասկացողութիւններով: Հայ ժողովուրդի այս առաքինութիւնները դարերու բերած դժբախտութիւններու մէջէն կրցած են ազատել Հայկ Նահապետները` հասցնելով զանոնք մինչեւ Մամիկոնեանները, փոխանցելով զանոնք Սասունցի Դաւիթներուն ու վերջապէս իբրեւ աւանդ յանձնելով Դաշնակցութեան:

 Դաշնակցութիւնը շարունակողն է միայն դարերու բերած ու դարերուն երթալիք մեծ գործին:

 Այս ծանր ու սրբազան առաքելութիւնը իր ուսերուն վրայ կրող կուսակցութիւն մը երբեք չի յուսալքուիր ու անվարան կը շարունակէ իր ճամբան՝ վերջնական յաղթանակի խորունկ եւ անվերապահ գիտակցութեամբ:

 Մ. ԻՇԽԱՆ

 

«Հայրենիք», 21 նոյեմբեր 1975

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»