Յայտարարութիւն

Friday, September 24, 2021

Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը՝ Յակոբ Կարապենցի նուիրուած միջազգային գիտաժողովին Յակոբ Կարապենց. Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններ

 





Յակոբ Կարապենց սփիւռքահայ գրականութեան ամենէն հարազատ ներկայացուցիչներէն մէկը կը հանդիսանայ. աւանդական Թաւրիզի ծնունդ, հասունցած Իրանի հայկական միջավայրին մէջ, ուսման ծարաւով իր պատանեկութեան տարիներէն արդէն իսկ կուտակած հայագիտական պաշարով ինքզինք Միացեալ Նահանգներ նետած, հրապարակագրութեան եւ հոգեբանութեան գաղտնիքները համալսարաններու մէջ պեղած, արեւելեան իմաստութեան եւ Արեւմուտքի արդիական կեանքի բարիքներուն ու չարիքներուն քաջածանօթ՝ մշակած է իր գրականութիւնը, որուն քննարկման նուիրուած է մեր այսօրուան գիտաժողովը:

Սփիւռքահայ գրագէտը իր կոչումին նուիրուած եւ իր ապրուստը հոգալու համար ամէնօրեայ հիմնական այլ աշխատանքով զբաղած ըլլալով հանդերձ՝ միաժամանակ ինքնաբերաբար ազգային գործիչ է: Ատիկա անմիջական հետեւանքն է հայոց լեզուին հետ իր առնչութեան. ատոր ամենէն ցայտուն օրինակը Լեւոն Շանթն է, որ իր կեանքի սփիւռքեան հանգրուանին, իր գրական վաստակը հարստացնելու փոխարէն, զբաղեցաւ առաւելաբար կրթական գործով, մասնաւորաբար՝ հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցումով, որպէսզի հայ գրականութիւնը ապագային ալ ընթերցող ունենայ: Ատկէ անկախ սակայն երիտասարդ Յակոբ Կարապենց-Կարապետեանը, դեռ իր կեանքի քսաներորդ տարին չթեւակոխած, համահիմնադիրը հանդիսացաւ Հայ պատանեկան մշակութային միութեան, որ կարճ հանգրուաններէ ետք յանգեցաւ մեր օրերու պատկառելի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան:

Հետեւաբար, սփիւռքահայ ոեւէ գրագէտի կամ ընդհանրապէս մտաւորականի նման, Կարապենցի անունը եւս կը մտնէ Նիկոլ Աղբալեանի սահմանումով գործող մտաւորականի դասաւորումին մէջ, որուն համաձայն մտաւորականը այն մտածողն է, որ իր կարողութիւնները կը դնէ ի սպաս իր հասարակութեան բարոյական ու ոգեկան բարձրացման: Ի դէպ, ատիկա ընելու համար քաղաքական աշխատանքներով զբաղիլը պայման չէ. սփիւռքահայու հիմնական գործը նորահաս սերունդներուն հայկական ինքնութեան յատկանիշներուն հարազատ փոխանցումն է, նկատի ունենալով անշուշտ օտար միջավայրի ամէնօրեայ դրական ու ժխտական ազդեցութիւնները: Յ.Կարապենց, իր գրականութեան կողքին, տարած է նաեւ հրապարակագրական շօշափելի աշխատանք, ի մասնաւորի Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի եւ անոնց փոխյարաբերութիւններու վերաբերող նիւթերու մասին:

Ներկայ առիթով տեղին կ’ըլլայ ներկայացնել Կարապենցի Սփիւռքի եւ Հայաստանի հետ անոր յարաբերութիւններու մասին անոր ողջամիտ տեսակէտները, Արցախը նկատելով Հայաստանի անբաժան մէկ մասնիկը. անոնց տեսակն ու խորքը դժբախտաբար փոխուած են Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական հոսանքին հետ: Մինչդեռ բազմաթիւ պատճառներով, ազգային մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերու պարագային, յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է, որ առնչուող հայեցակարգերը բոլորին համար նոյնը ըլլային:

Անշուշտ՝ բացման խօսքի մը սահմանափակ ժամանակի բերումով կարելի չէ ներկայացնել մեր տաղանդաւոր հեղինակի բոլոր մտածումները. կը բաւականանք նմուշներ ներկայացնելով իր կարծիքներուն մէկ մասէն միայն. անոնք գաղափար մը կու տան ամբողջութեան մասին:

Իր հիմնական մտածումներէն մէկը Կարապենց արտայատած է Հայաստանի վերանկախացումէն բաւական առաջ՝ 1980-ին, երբ նուազագոյն հաւանականութիւնն իսկ հորիզոնին վրայ չէր երեւեր ազգային այդպիսի անկիւնադարձային փոփոխութեան մը համար. ան հանգամանօրէն կ’ըսէ.

«Հայաստանը եղել ու մնում է հայութեան միակ խարիսխը: …… Առանց Հայաստանի նիւթական ու հոգեկան գոյութեան, ուծացման է դատապարտուած սփիւռքահայութիւնը: …… Մի ամբողջ նախարարութիւն է հարկաւոր մէկ առ մէկ քննելու սփիւռքահայ գաղութների կացութիւնը, համապատասխան ծրագրեր մշակելու եւ տեղական մարմինների հետ համագործակցաբար փրկելու մնացորդացը՝ առաջին անվթար պահելու Հայոց Լեզուն:» (218)* :

Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունեցաւ իր Սփիւռքի նախարարութիւնը անկախութեան հռչակումէն 17 տարիներ յետոյ, տասը տարի ետք կրկին անհետանալու համար: Ներկայիս Կարապենցի կողմէ նախարարութեան մը արժանի նկատուած ոլորտը յանձնուած է առանձին յանձնակատարի մը. բնական է, անիմաստ է բաղդատական կատարել փորձելը:

Կարապենց ունի նաեւ կարծիքներ արդի ընդհանուր քաղաքակրթական հանգրուանի հիմնական թերութիւններուն եւ միջին սփիւռքահայու ժխտական ու դրական յատկանիշներուն մասին: Արտայայտութիւնները ուժեղ են եւ հիմնաւորուած, հետեւաբար՝ համոզիչ.

«Բարգաւաճութիւնը իր հետ բերել է սպառողական ապրանքի որակի անկում, կրթական-մշակութային մակարդակի քայքայում եւ աժան հաճոյասիրութեան անծայր ասպարէզ: …… արդի քաղաքակրթութիւնը ստեղծել է միջակութիւնների սերունդ: Միջակութիւններ քաղաքականութեան մէջ: Միջակութիւն արուեստի բնագաւառում: Միջակութիւն հասարակական կեանքում: Ամբողջ աշխարհը ղեկավարւում է միջակութիւնների կողմից: …… Արդի քաղաքակրթութեան նպատակներից մէկն է անգրագիտութեան վերացումը: Դպրոցների, համալսարանների ու ակադեմիաների ցանց: Սակայն ի՞նչ է եղել արդիւնքը: Աշխարհը լեցուել է վտանգաւոր կիսագրագէտներով: …… Ընդհանուր գրաճանաչութիւնը ոչ միայն չի լուսաւորել զանգուածներին, այլ ընդհակառակն, իջեցրել է մշակութային մակարդակը»: (214-215)

Կարապենցի կարծիքով՝ սփիւռքահայը իբրեւ հայ փճանալու անվերադարձ ճամբան բռնած է, բայց դեռ վերջին խօսքը չէ ըսուած.

«Սփիւռքահայը տնտեսապէս բարգաւաճել է, սակայն հոգեպէս աղքատացել: Ստեղծել է բարւոք կեանքի պայմաններ, սակայն ապերջանիկ է: Հաստատուել է քաղաքում, սակայն մենակ է: Ստացել է բարձրագոյն կրթութիւն, սակայն մտաւորապէս բոպիկ է: …… Մեր վերջին պատուարը հայոց լեզուն է, որն աւա՜ղ, հին սերնդի հետ հետզհետէ հեռանում է մեզնից՝ խօսքի պակասը, իր հետ բերելով նաեւ ոգու պակաս:» (216)

Սակայն ամէն ինչ չէ վերջացած: Փիւնիկը կը վերածնի իր մոխիրներէն.

«Այսուհանդերձ տակաւին անյոյս չէ կացութիւնը: Այն պահին երբ անգոյն խորխորատը կուլ պիտի տար իրեն, յանկարծ սթափուել է նա՝ ապաւինելով իր յարատեւման դարաւոր բնազդներին: Եւ ինչպէս միշտ, այս անգամ էլ մի խումբ նուիրեալներ են, որոնք ջանում են նաւարկել լճացած ջրերում: Երեւոյթների ձեւականն ու ցուցականը, ի նկատի առնելով հանդերձ, արդէն իսկ նկատելի են ազգային գիտակցութեան վերազարթնումի առաջին նշանները, որոնք առկայծելով կարող են խարոյկի վերածուել, եթէ մեկուսի ճիգերը բազմապատկուեն ու ընդհանրանան:

Հայապահպանումից առաւել ազգապահպանումը պիտի լինի օրուան նշանախօսը:

…… Մեր կուսակցութիւնները լաւ կ’անեն, ընթացիկ զբաղումների փոխարէն իրենց ուշադրութիւնը կենտրոնացնեն ժողովրդի, մասնաւորապէս երիտասարդութեան, քաղաքական դաստիարակութեան վրայ՝ ազգայինի հետ միասին նոր սերնդի մէջ զարգացնելով քաղաքական գիտակցութիւնն ու աշխարհահայեցողութիւնը» (217-218):

Շուրջ քառասուն տարիներ առաջ սփիւռքահայութեան վերաբերող այս խօսքերը իրենց այժմէականութիւնը կը պահեն ցայսօր: Միակ տարբերութիւնը այն է, որ Կարապենց ատենին կը մտահոգուէր սփիւռքահայութեան ապագայով. այսօր նոյն մտահոգութիւնը ընդհանրացած է եւ ի զօրու է համահայկական հասարակութեան համար, եթէ հիմնուինք Կարապենցի հիմնական եւ իրաւացի հաւատամքին վրայ՝ «…… Ուրեմն, Սփիւռքի հետ՝ Հայաստանի համար, Հայաստանի հետ՝ Սփիւռքի համար» (230):

Ատենին, խորհրդային օրերուն, սովետական վարչակարգը յաճախ յատուկ ճիգով պառակտուած կը պահէր հայութիւնը եւ կը մտադրէր տժգունել մեր երկրի մշակութային ազգային առանձնայատկութիւնները: Այսօր հայութիւնը կրկին յատուկ՝ ակնբախ ճիգով պառակտումի ենթարկուած է, միջազգայնացած արեւմտեան մշակոյթը յատուկ քաղաքականութեամբ կը փորձէ փոխարինել ազգային մշակոյթը, կենցաղն ու աշխարհընկալումը: Կարապենց այսպիսի պարագաներու կոչ ուղղած է գիտակից դիմադրութեան, որ կը զարգանայ համապատասխան կրթութեամբ ու դաստիարակութեամբ:

Ասիկա՛ է ահա Յակոբ Կարապենցի յորդորը իր նմաններուն ու բոլորին:

Յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր աշխատանքներուն:


Մկրտիչ Մկրտիչեան
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ

Երեւան, 23 Սեպտեմբեր 2021

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Wednesday, September 15, 2021

Հայերէնը կը զուարճանայ - Արգիլել եւ Կարենալ

 

               

          Այսպէս, ուրեմն, քիչ մը շեղելով աշխատանքային մեր սովորական ոճէն, մեր վերջին չորս մրցոյթները յատկացուցինք  երկու բայերու՝ արգիլել եւ կարենալ: Ըսելու պէտք չկայ, թէ բոլորդ ալ անդրադարձաք այն շատ մեծ կարեւրութեան, որ կը ներկայացնէին այս երկու բայերը, ոորնց պատմութիւնը այնքան խճողուած է սխալագրութիւններով, եւ  որոնց հեղինակները... արեւմտահայ  մտքի ու գրիչի կարկառուն  անուններ են: Անշուշտ չենք յաւակնիր, թէ նման թերի մը ընդմիշտ սրբագրուեցաւ, սակայն եւ այնպէս  ուրախ ենք, որ մօտաւորաապէս 15 ընթերցողներ պարկեշտօրէն  ըմբռնեցին ասոնց ճիշդ կիրարկութիւնը, եւ արհամարհելի թիւ չէ այս, քանի որ անցնող 200 տարիներուն  այդքան ճիշդ կիրարկողներ չենք ունեցած: Դեռ կարելի է ակնկալել, թէ իրական պատկերը 15-էն աւելի է, քանի ենթադրելի է, թէ գտնուին ընթերցողներ, որոնք  իւրացուցին այս երկու բայերուն ճիշդ կիրարկութեան  գաղտնիքը,  սակայն ամէն ընթերցող անպայման չի մասնակցիր մրցոյթներուն:

            Այս երկու բայերը կը բնորոշուին հետեւեալ յատկութեամբ. ասոնք կը պահանջեն երկու տարբեր խնդիրներ, այս ալ կը դժուարացնէ  իրենց կառավարումը կամ խնդրառութիւնը: Մանաւանդ որ  այս խնդրառութիւնը որոշ չափով տարբեր է գրաբարինէն, մինչ մեր հին գրողներէն ոմանք  աւելի ընտելացած էին անոնց գրաբար կիրարկութեան եւ չեն անդրադարձած, որ  նոր ժամանկները նոր պահնջներ բերած են հետրնին:

                                                                                  *   *   *

            1.Արգիլել

          Մենք կ’արգիլենք բան  մը (հայցական հոլով)՝ մէկուն (տրական հոլով):

            Օրինակ՝ «Թորոսը  արգիլեց Մարկոսին (տրական հոլով)  օղի խմել (հայցական հոլով):

            Որո՞ւ  արգիլեց   ...   Մարկոսին,  ի՞նչ  արգիլեց  ...   խմել:

            Այստեղ արգելքի առարական բայ մըն է՝ խմել: Ան կրնայ ըլլալ գոյական մըն ալ:

            Օրինակ՝ «Բժիշկը Թորոսին արգիլեց երկար ընթերցումը»:

            Որո՞ւ արգիլեց   ...   Թորոսին, ի՞նչ արգիլեց   ...   ընթերցումը:

            Արգիլել ներգործական բային փոխարէն կրնայ կիրարկուիլ արգիլուիլ կրաւորականը:

            Այսպէս՝ «Մարկոսին արգիլուեցաւ օղի խմել»:

            «Թորոսին արգիլուեցաւ երկար ընթերցումը»:

            Երեւութապէս զոյգ խնդիրները պահեցին իրենց հոլովական ձեւաւորումը:

            Խորքին մէջ այդպէս չէ, սակայն գործնականօրէն այդպէս է, ուրեմն աւելի չեմ խորանար:

            Այս յօդուածներուն նպատակը քերականութիւն սորվեցնել չէ, այլ ճիշդ խօսիլ:

                                                                                                     *   *   * 

            Ունինք արգելք հանդիսանալ, արգելք ըլլալ, արգելք դառնալ  յարադիր  ձեւերը, որոնք նշանակութեամբ հոմանիշ են նախորդին, իսկ գործածութեամբ՝ տարբեր:

            ---Թորոսը արգելք հանդիսացաւ Մարկոսի օղի խմելուն:

            ---Կրօնապետը արգելք եղաւ  հաւատացեալներու խոզի միս ուտելուն:

            ---Դուն արգելք դարձար անոր մեկնումին:

            2.Կարենալ

            Գրաբար  համարժէքն է կարեմ:   

            Աշխարհաբար հոմանիշներ՝ կրնալ, կարողանալ:

            Մեր հազարաւոր բայերուն ամէնէն փորձանաւորն է:

            Արսէն Այստընեան 1866-ին իր «Քննական քերականութիւն»-ին մէջ նկատել տուած է, որ իր ժամանակակիցները սխալ կը կիրարկեն զայն, անշուշտ սխալ կը կիրակէին նախապէս ալ,  աւանդոյթը  շատ հին ըլլալու բոլոր տուեալները ունի:

            Այս բային դիմաց մեր բոլոր   բառարանները գրած են չէզոք, սակայն ասի ըսելու ձեւ մըն է, որ ոչինչ կը նշանակէ, քանի որ այս բայը չի կրնար առանձին հանդէս գալ, այլ իր հետ կը պահանջէ ուրիշ բայ մը. օրինակ՝ կարենալ երգել, կարենալ քնանալ եւ այլն, եւ նախադասութեան բայական խնդիրը որոշողը  այս երկրորդ բայը կ’ըլլայ՝ ըստ իր սեռին. երգել մեղեդի մը  (հայցական հոլով),  քնանալ  կէս գիշերին (տրական հոլով):

            Ուրեմն այս հոլովներու ձեւաւորումը  ոչ մէկ առնչութիւն ունի կարենալ-ին հետ:

            Աւելցնեմ սա եւս.  այս  իր վրայ աւելցող բային հետ կարենալ-ը կը կազմէ ինքնուրոյն բայատեսակ մը, որ կարելի է  կոչել բաղադրեալ կամ բարդ բայ: Այս եզրերը ես կ’առաջարկեմ գործնականութեան սիրոյն, այլապէս  որեւէ սերտողութիւն չէ նուիրուած այս երեւոյթին, ուստի անուն մըն ալ չէ տրուած անոր:

            Հիմա սերտենք  այս կառոյցը  կիրարկողներու  զառածումին  պատճառը:

            Ինչո՞ւ այնքան անուանի գրողներ, մտաւորականներ, դասախօսներ, բանասէրներ  սխալ կիրարկած են զայն կամ թէ ինչի՞ մէջ կը կայանար սխալը:

            Կարենալ  երգել կառոյցին մէջ ունինք գերադաս անդամ մը՝ կարենալ, եւ ստորադաս անդամ մը՝ երգել:  Արդ, ըստ քերականութեան ոսկեայ կանոնին՝  բաղադիր կառոյցի մը մէջ միայն գերադաս անդամն է, որ կրնայ փոփոխութուն կրել, իսկ ստորադաս անդամը կը մնայ անփոփոխ:

             Ուրեմն այս պարագային՝ փոխուողը պիտի ըլլայ կարենալ-ը,  անփոփոխ մնացողը՝ երգել-ը: Ուշադրութիւն, ամէն անգամ,  որ կը փորձուինք նուազագոյն փոփոխութեան ենթարկել այս վերջինը, օրինակ՝ զայն խոնարհելով, հոլովելով կամ թէ յօդ մը կամ որեւէ մասնիկ աւելցնելով վրան, ապա ստուգապէս  կը գայթակղինք. երգել-ը պիտի կոյս մնայ:

            Ահա այս կուսութիւնն է, որ... դարեր շարունակ չէ յարգուած:

            ---Պիտի կարենամ երգել

            ---Երգել կարենալու համար ձայն պէտք է

            ---Երգել   չկարենալը իր թերութիւնն է

            ---Երգել չկարենալուս կը ցաւիմ

            ---Ան երգել չկարենալուն   արտաքսուեցաւ խումբէն:

            ---Երգել կարենալը այնքան ալ դժուար չէ

            ---Երգել չկարենալն է դժուար

            ---Երգել չկարենալէն  ձայնը կորսնցուց     

            ---Երգել կարենալով ո՞ւր պիտի հասնիս

                                                                                  *   *   *

            Ի տարբերութիւն  արգիլել-ին՝ կարենալ-ը չի կրնար որեւէ գոյականական խնդիր ունենալ, այսինքն միանալ գոյականի մը. այսպէս է, քանի ան  սեռ չունի: Ան միշտ ու միշտ պարտաւոր է յենելու ուրիշ բայի մը, եւ այս վերջինն է, որ կրնայ  խնդիրներ ունենալ.  օրինակ՝

            ---Երգ մը  ըմբոշխնել  կարենալու համար, հսկայ գումար վճարեց:

            Երգ մը հայցական հոլով ուղիղ խնդիրը կը պատկանի ըմբոշխնել-ին:

            ---Պայտին զարնել կարենալու համար՝ պէտք է զարնել նաեւ գամին:

            Պայտին տրական հոլով անուղղակի խնդիրը կը պատկանի զարնել-ին:

            Կարենալ-ին նման բաղադիր կառոյցներ են՝ փորձել սորվիլ, ջանալ շինել, փափաքիլ յաջողիլ, յորդորել մեկնիլ,  թելադրել հրաժարիլ եւ այլն, յորում պարտին կոյս մնալ սորվիլ, շինել, յաջողիլ, մեկնիլ, հրաժարիլ  ստորադաս անդամները

            ---Սորվիլ չփորձելուս պատճառով  տգէտ մնացի:

            Մրցոյթ 33.

            Կրկնութիւնը գիտութեան մայրն է: Ուրեմն վերջին  կրկնութիւն մըն ալ:

            ***Ցուցարարները փորձեցին արգիլել  բանակը այդ դրօշները վար առնելէ (Մամուլ):

            ---Ցուցարարները փորձեցին արգիլել բանակին այդ դրօշները վար առնել:

            ***Եւ եթէ չի տար,  ո՞վ կ’արգիլէ  զինք տալէ» (Մինաս Թէօլէօլեան):

            ---Եւ եթէ չի տար, ո՞վ կ’արգիլէ իրեն տալ:

            ***Բժիշկները արգիլեցին զիս դպրոց երթալէ (Ենովք Արմէն):

            ---Բժիշկները արգիլեցին ինծի դպրոց երթալ:

            ***Բանաստեղծը կը մնայ   իր չկարենալ հասնելու ճակատագրին  գիտակ սիրահարը (Մ. Թէօլէօլեան, «Դար մը գրականութիւն», 1977, էջ182):

            ---Բանաստեղծը կը մնայ իր ճակատագրին հասնիլ չկարենալուն գիտակ...

             ***[Գրագիրը]  ձախողանք մը կը նկատէր այս պարագային  օգտակար չկրնար ըլլալը» (Ե. Օտեան, «Ընտանիք, պատիւ, բարոյական»,  գլ. Է):

             ---Գրագիրը ձախողանք մը կը նկատէր ...օգտակար ըլլալ չկարենալը:

         

Արմենակ Եղիայեան

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»