Յայտարարութիւն

Tuesday, September 14, 2021

Քիչ մը պատմութիւն - Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան

           

            Քանի մը ընթերցողներ կը հարցնեն, թէ ի՛նչ վախճան ունեցաւ Արշակ  Բ.  արքան:

            Ուրեմն կը պատասխանեմ՝ միշտ hետեւելով Փաւստոսի պատմութեան:

                                                                          *      *

                                                                              *

            Արշակը  բանտարկելէ եւ Հայաստանը իրեն ենթարկելէ ետք՝ Շապուհ դիմագրաւեց  աւելի մեծ վտանգ մը, որ էր Հիւսիսի վայրի ցեղերու յարձակումները, որոնք տակնուվրայ ըրին Պարսկաստանը: Եւ Շապուհ ստիպուեցաւ վերսկսիլ իր պատերազմները, որոնք աւելի կը դժուարանային:

            Անգամ մը, կռուի մէկ տաք պահուն, այնպէս պատահեցաւ, որ Շապուհ,– յոգնած ու առանձին մնացած,– շրջապատուի մեծաթիւ թշնամիներով, որոնք կը փորձէին սպաննել զինք ու այդպէսով յաղթական դուրս գալ պատերազմէն. մահը անխուսափելի էր: Այդ օրհասական պահուն յանկարծ Շապուհը շրջապատող թշնամիներու օղակին մէջ կը յայտնուի Դրաստամատ անունով հայ զօրական մը, որ կը ծառայէր պարսկական բանակին մէջ. ան   կը սպաննէ թշնամիներէն շատերը, մնացեալն ալ փախուստի կը մատնէ  եւ կը յաջողի  փրկել Շապուհի կեանքը:

            Պատերազմի աւարտին Շապուհ կը յիշէ Դրաստամատը, քովը կը կանչէ զայն եւ կ’ըսէ անոր.

            – Ես կեանքս քեզի պարտական եմ եւ կ’ուզեմ վարձատրել քեզ: Պահանջէ ի՛նչ որ կ’ուզես՝ փառք, պատիւ, կալուածներ, մինչեւ թագաւորութեանս կէսը, եւ կը խոստանամ տալ ուզածդ:

            – Ես իմ պարտականութիւնս կը կատարէի եւ փոխարէնը ոչինչ կ’ուզեմ, սակայն եթէ կը փափաքիս անպայման վարձատրել զիս, ապա թոյլ տուր, որ  երթամ Անուշ բերդ եւ մէկ օր տեսնեմ բնիկ թագաւորս՝ Արշակը, ու մխիթարեմ զինք իր դժբախտութեան մէջ:

            Շապուհ կը սրտմտի ու կը լռէ պահ մը:

            – Շատ ծանր պահանջ  դրիր, Դրաստամա՛տ,– կը պատասխանէ ան,– վասնզի այն օրէն ուր հաստատուած է այդ բերդը, տակաւին ոչ մէկուն իրաւունք տրուած է այնտեղ այցելել հարազատի մը: Սակայն քանի որ խոստացայ, կը շնորհեմ քեզի այդ առիթը. գնա՛ ու տե՛ս թագաւորդ:

            Եւ Դրաստամատ իր արբանեակներով ու թիկնապահներով   կը մեկնի  Անուշ բերդ՝ հետը տանելով արքայական հրամանագիրը: Անոր առջեւ ճռնչաալով կը բացուին Արշակի խուցին ժանգոտած դռները,  եւ Դրաստամատ  կ’ողջագուրուի Արշակի հետ: Ան  կը հանէ անոր վրայէն հնացած հագուստները, կը լոգցնէ ու կը մաքրէ զայն, անոր կը հագցնէ արքայական պատմուճանը   եւ  անուշահոտով կ’օծէ անոր գլուխը, «ինչպէս օրէն էր թագաւորաց»: Յետոյ կը յարդարէ սեղանը՝ բազմատեսակ  համադամներով,  երաժիշտները կը նուագեն հայրենի Գողթան երգերը՝ ի զուարճութիւն հայոց գերեալ արքային, որ այնքան կը սիրէր զանոնք, եւ գինին  առատօրէն կը հոսի փարչերէն:

            Այնու ուտէին, ըմպէին եւ ուրախ լինէին:

            Երբ բաւական կը խմէ Արշակ, կը յիշէ իր փառքի օրերը, կը սկսի կամաց-կամաց մռայլիլ,  եւ կու գայ պահ մը, ուր  դառնացած կ’ըսէ.

            –Ուրեմն այսպէ՞ս պիտի ըլլայի...

            Եւ սեղանին վրայէն առնելով պտուղի դանակը՝ կը մխրճէ կուրծքին:

            Դրաստամատ  կը շփոթի այս անակնկալ կացութեան  առջեւ,  խորապէս կը զղջայ, որ պատճառ դարձաւ իր թագաւորի մահուան, ապա  քաշելով արիւնլուայ  դանակը Արշակի վէրքէն՝ կը խրէ զայն ի՛ր կուրծքին եւ  անշունչ կ’իյնայ անոր տաք դիակին վրայ:

 «»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝