Յայտարարութիւն

Friday, December 3, 2021

Նամակ՝ Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան Լրատուի Ա. Թիւի Հրատարակութեան Առիթով

 


 

Յարգարժան Համազգային

Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան

Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն եւ

«Համազգային Աւստրալիոյ Լրատու»ի Խմբագրական Կազմ

Սիտնի

 

28 Մայիս 1928-ին, Գահիրէի մէջ, «Համազգային»ը ծնաւ

որպէս «Համազգային Հրատարակչական ու Մշակութային

Ընկերակցութիւն»: Հիմնադիրներուն համար յստակ էր որ

հրատարակչութիւնը կենսական էր մշակոյթի զարգացման

գործընթացին համար:

 

Հրատարակչական աշխատանքը շատ աշխուժ էր քսաներորդ

դարու մանաւանդ երկրորդ կիսուն: Դասագիրքերէն սկսեալ մինչեւ

վէպեր, պատմական թէ բանասիրական ուսումնասիրութիւններ,

Հայ արուեստին եւ ճարտարապետութեան նուիրուած կոթողային

հատորներ, գրական հանդէսներ, լրատուներ, պարբերաթերթեր կը

տպուէին Համազգայինի կողմէ, սեփական կամ այլ տպարաններու մէջ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԸ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԷՐ:

 

Քսանմէկերորդ դարու համաշխարհային հրատարակչական աշխատանքը, մշակութային զարգացումը արդիական այլ միջոցներով կը կատարուի: Պահելով աւանդականը, Համազգայինը իր հրատարակչական առաքելութիւնը կը շարունակէ յարմարելով արդի պայմաններուն:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԸ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Է՛:

 

Սիտնին ու Մելպուրնը հարաւային կիսագունդի տարբեր մշակոյթներու խաչմերուկ-քաղաքներ են:

Համազգայինը իր մասնաճիւղերով եւ միաւորներով կրթա-մշակութային գնահատելի եւ որակաւոր աշխատանք կը տանի: Մինչ Լրատուի հրապարակումը, ան կը թերանար իր ծաւալուն աշխատանքը Հայ հասարակութեան սեփականութիւնը դարձնելուն մէջ, չունենալով գրաւոր հաղորդակցութեան միջոց՝ կապ հաստատելու աւստրալահայ ինչպէս նաեւ հայրենի ու արտասահմանեան Հայ համայնքներուն հետ: Ուշացումով, Համազգայինի շրջանային վարչութիւնը հանդէս եկաւ լրատուով մը, որուն առաջին թիւին՝ Սեպտեմբեր 2021-ի բովանդակութիւնը, կը հաստատէ մեր վերը կատարած նշումը: Այսպիսով, Համազգայինը նախաքայլը կ’առնէ իր ծաւալած հարուստ գործունէութեան մասին տեղեակ պահելու ընթերցողները: Այս լրատուով Համազգայինը սկսաւ խօսիլ Հայ համայնքին

հետ: Մշակութասէր զանգուածներու համար աշխատանք ծաւալելու հրաւէ՛ր է լրատուն, ժրաջան համազգայնականին համար՝ «վարձքդ կատար»ն է լրատուն, շրջանային թէ այլ վարչութիւններու համար՝ մարտահրաւէր է լրատուն, Շանթի, Աղբալեանի եւ իրենց գործակիցներուն տեսլականին ջրաղացին ջո՛ւր է լրատուն:

ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ՛ ՄՆԱԼ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԸ:

 

Թող այս լրատուին հրատարակութիւնը, առցանց թէ տպուած, շարունակական ըլլայ, աճի ու բարգաւաճի առանց ընդմիջումի եւ իր արժանաւոր տեղը գտնէ աւստրալահայ մամուլի շարքերուն մէջ:

Այս հրատարակութիւնը Աւստրալիոյ Համազգայինի մշակութային գործունէութեան դրսեւորման նոր շնչերակն է:

Պարզապէս գնահատելի ու շնորհաւորելի նախաձեռնութիւն:

 

Անկեղծ բարեմաղթանքով՝

Նշան Պասմաճեան

Օքլանտ - Նոր Զելանտա - 18 Հոկտեմբեր 2021_

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝