Յայտարարութիւն

Tuesday, January 11, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 10 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ (Նահապետական Օճախը)

 


Նոր կեանք մը սկսաւ մեզի՝ փոքրերուս համար, մեր նոր բանկարանին մէջ, որ գիւղին սկիզբը, ճամբեզրին կառուցուած էր, միայարկ եւ երկու սենեակով, մօտը՝ ախոռ մը տան կովուն եւ իշուկին համար: Սկզբնական շրջանին խորթ կը թուէր մեզի, կարծէք օտարականներ ըլլայինք այդ նոր տան մէջ, միշտ կարօտը ունէինք մեծ հայրիկին տան եւ անոր բազմանդամութեան: Նոր տան մէջ միայնակ կը զգայինք եւ մեր խաղերուն՝ անյարմար: Մինչեւ այդ կեանքին վարժուիլը, ստիպուած  օրուան մեծ մասը փախուստ կու տայինք տունէն, կ'երթայինք խաղալու հին տան բակը:

Հայրս շատ բարի ու աստուածավախ մարդ էր, թէեւ խիստ էր մեզի հանդէպ: Ամէն Կիրակի եկեղեցի կը տանէր մեծ եղբայրս եւ զիս, առանց նախաճաշի, եւ կը պարտադրէր որ իր հետ միասին շապիկ հագուէինք եւ դպրութիւն ընէինք: Մասը բաժնուելէն ետք, դարձեալ հօրս ընկերակցութեամբ, տուն կը վերադառնայինք նախաճաշ ընելու եւ շատ անգամ նախաճաշն ու կէօրուան ճաշը միասին, որուն անպայման մէկ տեսակը կ'ըլլար սիսեռով եփուած ձաւար, առատ թանով:

1912-ին, հօրեղբայրս Աբրահամը պիտի ամուսնանայ: Ընտանիքը խրախճանքի մէջ է: պապենական հին տան բակը շարուած են մի քանի հսկայ կաթսաներ, որոնց մէջ կ'եփի աւանդական հարսանեկան հերիսան: Կը մորթուին մի քանի թէքէ ներ (արու այծեր): Խորովածին հոտը աշխարհ առած է, երիտասարդութիւնը կերուխումի մէջ է, տան տանիքին վրայ հսկայ խարոյկի մը շուրջ Քեսապի պարը սկսած է, մասնակցութեամբ երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու. կը պարեն աշխուժ, ղաւալի եւ տաւուլ զուռնայի (1) ընկերակցութեամբ, այն անուշ հայկական շուրջպարը, երբեմն շորորալէն, երբեմն ոտքերնին արագ թափահարելով, տանիքը փլցնելու աստիճան...: Ամէն մարդ ուրախութեան եւ երգին ու պարին մասնակից է:

ՇԱՐ. 10

_____________________________________________________________________

Ծանօթագրութիւններ

======================

(1)   Ղաւալ՝ սրինգ. Տաւուլ՝ թմբուկ. Զուռնա՝ Արեւելեան սրինգի տեսակ

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝