Յայտարարութիւն

Wednesday, January 12, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 11 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ (Նահապետական Օճախը)



Աշնանային Կիրակի առաւօտ մը, հսկայ սփռոցներու շուրջ հաւաքուած է գրեթէ ամբողջ գիւղը շրջակայ գիւղերէն փութացած ազգականներու եւ ծանօթներու հետ միասին: Ղիմայով (մանր ջարդուած եւ եփուած միս) պատուած հարսանեկան աւանդական հերիսան ճաշակելէ ետք, երիտասարդները պարելով ու երգելով կ'ուղղուին դէպի Պաղճաղազ գուղը, ուրկէ հարսը պիտի բերեն:Մենք, փոքրերս, արտօնութիւն չունինք այդքան հեռու տեղ երթալու, սակայն կարելի՞ էր տունը մնալ...: Ուրեմն, կէսօրէ ետք, գաղտագողի, մի քանի տարեկիցներով, դիմաւորելու կ'երթանք հարսնեւորները: Կէսօրէ ետք, ժամը երկուքի ատենները, հարսնեւորները կ'երեւին Չալմայի կողմէն: Հարսը նստած է ճերմակ ձիու մը վրայ, երեսը ծածկուած քօղով: Ձիուն սանձը բռնած է հայրս: Ան կը ժպտի, որ նշան է որ մենք արտօնուած ենք հարսնեւորներու խումբին միանալու: Աներեւակայելի է մեր ուրախութիւնը. չէ՞ որ մենք ալ բաւական մեծցած ենք եւ բաւարար մեծ՝ հարսնեւորներու խումբին մաս կազմելու...: Երիտասարդներէն ոմանք կը շորորան եւ ճամբուն վրայ կը պարեն, ոմանք գինով՝ կ'օրօրուին: Եւ այսպէս, երբ ուրախ հարսնեւորներս գիւղին կը մօտենանք, կարծէք լման գիւղը կը միանայ թափօրին՝ դէպի եկեղեցի:

Եկեղեցւոյ դրան առջեւ, Տէր Պետրոս քահանայ Բաբուճեանը կը դիմաւորէ հարսնեւորները: Հարսը ճերմակ ձիուն վրայէն նազանքով վար կ'իջեցնեն եւ կը կանգնեցնեն փեսային կողքին, եկեղեցւոյ դրան շեմին: Կը սկսի երգեցողութիւնը, սակայն, նախքան պսակի արարողութիւնը, կը նկատեմ փսփսուք Տէր հօր եւ հօրս միջեւ: Ապա՝ բարկացոտ արտայայտութիւններ եւ հօրս բարկացոտ խօսքերը. « եթէ չընդունիր, հանեցէք հարսանեկան հագուստը եւ թող իր հօր տունը վերադառնայ»: Շշուկը կ'աւելնայ: Բանէն դուրս կու գայ, որ հարսը աւետարանական ընտանիքէ է եւ հայրս ու Տէր հայրը կը պնդեն որ հարսը նախ առաքելական մկրտուի ապա պսակուի իսկ հարսն ու պարագաները՝ կը մերժեն: Այդ պատճառով, հայրս, որ միեւնոյն ատեն խաչեղբայրն է, բարկացած կ'ուզէ հարսանիքը չեղեալ յայտարարել...: Մի քանի վայրկեանի վէճ-վիճաբանութենէ ետք, հարսը կ'ընդունի պայմանը եւ մկրտուելէ ետք կը կատարուի նաեւ պսակի խորհուրդը:

ՇԱՐ. 11

ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

ԵՐԷԿ ՔՈՅՐՍ ՍԵԴԱՆ ՓՈՔՐ ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԸՐԱՒ ԸՍԵԼՈՎ ԹԷ «ՅՈՒՇԵՐ» ԷՆ ՖՊ-Ի ՄԷՋ ԴՐԱԾ ԲԱԺԻՆՆԵՐՍ ՇԱՏ ԿԱՐՃ ԵՆ: ԵՒ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԵՆ՝ ԿԸ ՍՊԱՍՈՒԻ ՈՐ ԲԱԺԻՆՆԵՐՈՒ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՔԻՉ ՄԸ ԱՒԵԼԻ ՀԱՐՈՒՍՏ ԸԼԼԱՆ:

ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՔՈՅՐ ՄԸ ՄԵՐԺԵԼ: ԲՆԱՒ:
ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՄ ՇԱՐ. 12ԷՆ ԵՏՔ ԵՒ ՇԱՐ 13ԷՆ ՍԿՍԵԱԼ ԱՒԵԼԻ ԵՐԿԱՐ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԳՐԵԼ: ԵԹԷ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ՀԱՄԱՄԻՏ ԵՆ ՍԵԴԱՅԻՆ՝ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑԷՔ ԻՐԵՆ:

 «»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝