Յայտարարութիւն

Friday, January 14, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 13 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ԵՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 3 – ԿԱՐՄԻՐ ՁԻՆ


Հօրեղբայրներս, մանաւանդ Զենոբն ու Յովհաննէսը, շատ կը սիրէին ձի պահել: Այն ժամանակ ունէինք շատ սիրուն ձի մը, կարմրորակ եւ ճակտին վրայ փախլաւայի (Միջին արեւելեան անուշեղէն բարակ բացուած խմորով եւ ընկոյզով) կտորի նման ճերմակ մազի փունջ մը: Այս ձին գուրգուրանքի առարկան էր բոլորիս, ի մասնաւորի փոքր հօրեղբօրս Աւետիսին, որ այդ ձիով յաճախ դպրոց ալ կ'երթար, մշակին հետ միասին: Կ'ըսուէր թէ այդ անզուգական կենդանին լաւագոյն ձին էր ամբողջ Քեսապի շրջանին եւ ուրեմն բոլորին սիրելին: Այնքան ազնիւ ու խոնարհ կենդանի էր որ մենք՝ փոքրերս, երբ պատի մը վրայ ելլելով մերկ ուսին նետուէինք, խելօք մը մեր քմահաճոյքներուն տեղի կու տար եւ առնց մեզ կռնակէն վար ձգելու, հեզութեամբ կը քալէր, կարծես մեր ընկերը ըլլար: Սակայն, երբ հօրեղբայրներէս մէկը հեծնէր, կը գիտակցէր որ երիտասարդ մըն էր, կրակ կը կտրէր եւ կը ցատկռտէր եւ կարծէք ամէն ջանք կը թափէր զինք վրայէն նետելու: Իր միւս երիտասարդ մտերիմներն էին Զենոբ եւ Յովհաննէս հօրեղբայրներս եւ ամենափոքր հօրեղբայրս Աւետիսը, որոնց տարօրինակ կերպով կապուած էր: Երբ պէտք չունէին ձիուն, կը տանէին մօտակայ բլուրները եւ թող կու տային առանձինն արածիլ: Երեկոյեան, գրեթէ ճիշտ նոյն ժամուն, արեւը մար մտնելու պահուն, ինքնաբերաբար տուն կը վերադառնար եւ կը սկսէր վրնջալ, իր ներկայութիւնը զգալ տալու համար:

1913-ին, օր մը, երբ ձին նոյն ձեւով լեռը ձգուած էր արածելու, իր ժամանակին տուն չեկաւ: Հօրեղբայրներս գացին ամէն կողմ ձին փնտռելու, սակայն ան չկար ու չկար... Գիւղացիներէն մէկը, ուրիշ գիւղէ մը, կը յայտնէ թէ տեսած էր Էլ Հավան, այդ ժամանակի մեր շրջանի թուրք աւազակներէն մին: Ուրեմն հօրեղբայրներս կը կասկածին որ ձին գողցողը եղած էր Էլ Հավան: Երկար բարակ պրպտումներէ ետք, կը ստուգեն որ իրապէս Էլ Հավան էր գողը եւ զայն ծախած էր Թուրք Պէկի մը՝ Հալէպ: Հակառակ հօրս ու մեծ հօրս թախանձանքին, Աւետիս հօրեղբայրս կը մեկնի Հալէպ: Կը գտնէ ձին եւ կը ներկայանայ թուրք պէկին, խնդրելով որ ձին, որ իրենցմէ գողցուած է, վերադարձնէ իրեն եւ կամ իր անձնական ձին գնելու տրամադիր կ'ըլլայ: Սակայն թուրք պէկը կոշտօրէն «կեաւուր» մակդիրը փակցնելով կը հարուածէ հօրեղբայրս: Հօրեղբայրս գլխիկոր կը վերադառնայ եւ մեծ եղբօր Զենոբին կը յայտնէ իր Հալէպ երթալուն արդիւնքը: Այս յուսախաբութենէն զայրացած, կ'որոշեն որեւէ ժամանակ վրէժ լուծել Էլ Հավայէն եւ այս դէպքը ժամանակի ընթացքին մոռացութեան կը մատնուի:

ՇԱՐ. 13

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝