Յայտարարութիւն

Sunday, January 16, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 15 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ - ԵՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 3 – ԿԱՐՄԻՐ ՁԻՆ


Ատկէ ի վեր, երկար տարիներ այս դէպքին մասին բերանս չէի բացած: Սակայն առաջին աշխարհամարտէն ետք, երբ Թուրքիան պարտուած էր եւ Ապրիլ 24-ը, Մեծ Եղեռնը պատահած էր, եւ մենք ալ որպէս գաղթական կը գտնուէինք Փոր Սաիտի վրանաքաղաքը, այս դէպքը մանրամասնութեամբ պատմել տուի Զենոբ հօրեղբօրս որ ըսաւ.
- Մեր ազնիւ ձիուն գողցուելէն ետք երդում ըրի որ այդ աւազակը ուր որ տեսնեմ պիտի բռնեմ եւ ստուգելէ ետք որ ինքն է մեր սիրելի ձին գողցողը՝ պիտի մեռցնեմ: Իրիկուն մը երբ մթնշաղին դաշտէն տուն կը վերադառնայի, արօրը ուսիս եւ եզները առջեւս ձգած, հեռուէն մէկը նշմարեցի, որ պատերուն տակ պահուըտելէն կը մօտենար: Քիչ մը վար՝ նկատեցի իմ բարեկամ Ստեփան ամմօն, Գալէմտէրեանը, եւ ըսի թէ կը կարծէի թէ Էլ Հավան հոս է, եւ խնդրեցի որ գայ եւ միասին զայն բռնենք: Ուրեմն երկուքս ալ, արօրը արտի մը եզերքը դրինք ու եզներն ալ քշեցինք, որոնք ինքնաբերաբար գիւղին ճամբան բռնած տուն գացին: Ստեփանն ու ես գաղտագողի ետ դարձանք, Քեսապի Գալայի (2) կողմը ուր նշմարած էի Էլ Հավան եւ պատի մը տակ կուչ եկած, մութին մէջ սպասեցինք: Հազիւ կէս ժամ անցած, մեզմէ ոչ շատ հեռու, նշմարեցինք մարդու մը գաղտագողի յառաջանալը: Երբ ճիշտ մեր պահուըտած վայրը հասաւ յանկարծ վրան յարձակեցանք եւ կաշկանդեցինք ձեռքերը: Եզներու լուծին պարանը քովս էր, ոտքէն կապեցինք, իսկ բերանն ալ թաշկինակով մը ամուր կապեցինք որ ձայն չկարենայ հանել, Ստեփան ամմոյին հետ միասին, յագեցնելու համար մեր վրէժը, շան պէս ոտքէն քաշելով տուն բերինք եւ կապեցինք ախոռի եզան մսուրի փայտին: Ապա Ստեփանն ու ես նստանք որոշելու թէ ուր էր ամենայարմար տեղը մարդը կորսնցնելու:
_______________________________________________________
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
(2) Քեսապի գալան՝ բերդը, Քեսապի արեւմտեան մուտքի բարձունքին վրայ հին շինութեան մը աւերակներն են: Դժբախտաբար դեռ պեղումներ չեն եղած ճշդելու համար թէ ո՞վ ե՞րբ կառուցած է այս շինութիւնը: (Տես Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապ» Հատոր Ա. Էջ 226)

ՇԱՐ. 15

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝