Յայտարարութիւն

Wednesday, January 19, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 18 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՉՈՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 4 – ԴԷՊԻ ԱՆԱՊԱՏ


Մի քանի օր ետք, Յուլիս 1915-ի վերջաւորութեան, մունետիկը կանչեց թէ ծովի թաղի ժողովուրդը պիտի պատրաստուի գաղթելու եւ թէ պետութիւնը պիտի յատկացնէ պէտք եղած գրաստները՝ զիրենք, գոյքերով միասին, փոխադրելու երկրին ներսերը, կարճ ժամանակի համար, ծովային շրջաններէն հեռու: Իրապէս, մի քանի օր վերջ, քոլոզաւոր ջորեպաններ, իրենց ջորիներով միասին, երեւցան գիւղին մէջ եւ սկսան բեռցնել առաջին կարաւանը բաղկացած մօտ 400 անձերէ, ծովի թաղէն, որոնք տխուր ու տրտում, մնաք բարով շշնջելով մեկնեցան:

Յաջորդող օրերուն, Ղազարեան, Մանճիկեան, Գալէմտէրեան եւ Գազազեան թաղերու բնակիչները, աւելի քան 500 անձ, գաղթեցին: Պետութիւնը մեր ընտանիքին յատկացուց, մեր ունեցած գրաստներէն զատ, մի քանի ջորիներ: Մայրս եւ հայրս իրենց կարելին ըրին տունէն տանելու ինչ որ կարելի էր մեր հանգստութեան եւ անմիջական պէտքերուն համար եւ մնացեալ պղնձեղէնը եւ ամանեղէնները գիշերով թաղեցին տան բակին մէջ: Հայրենի օճախին դուռը համբուրելով զատուեցանք տունէն, մեծերը՝ ողբալով իսկ փոքրերս՝ ոստոստելով: Քալելով գացինք մինչեւ Քեսապ, հակառակ մեր ծնողներու պնդումին նստելու գրաստներուն վրայ: Միայն Քեսապի շրջանը անցնելէ ետք, երբ այլեւս յոգնած ու պարտասած էինք, ինքնաբերաբար խնդրեցինք որ մեզ ալ հեծցնեն գրաստներու վրայ:

Մեր կարաւանը, մի քանի ժանտարմներու հսկողութեան տակ, երկար շարքերով անցաւ լեռներէ եւ ձորերէ: Առաջին գիւղը որ հանդիպեցանք մեր դրացի Օրտու գիւղն էր, որուն բնակիչները չարախնդութեամբ եւ իբրեւ թէ կարեկցելով՝ կը պոռային անունները անոնց, զորս կը ճանչնային, ըսելով «օղուրլար օլսուն» այսինքն՝ երթաք բարի, «ինշալլահ շուտ կը վերադառնաք», եւայլն: Այս նոյն գիւղի բնակիչներն էին, որոնք մեր մեկնելէն անմիջապէս ետք, այլ թուրք գիւղերու բնակիչներուն հետ միասին կողոպտեցին մեր տուներն ու ինչքերը, ինչ որ յայտնի պիտի ըլլայ իմ պատմութեանս շարունակութեան մէջ:

Օրտուէն բաւական հեռաւոր գիւղի մը մօտ, ուր աղբիւր մը կար, անունը չեմ յիշեր, մեր առաջին գաղթականի գիշերը անցուցինք: Ժողովուրդը յոգնած ու պարտասած, իր բեռները վար առաւ, անմիջապէս կրակ վառեց, օճախներ շտկեց եւ իւրաքանչիւր ընտանիք պատրաստեց ինչ որ կարելի էր ընթրիքի համար: Ընթրիքէն անմիջապէս ետք, մենք՝ երեխաներս, որ այնքան խանդավառ դուրս ելած էինք տունէն, արդէն իսկ յոգնած, գետինը փռուած մեր անկողինները մտանք եւ մշիկ մշիկ քնացանք:

Այստեղ մէկէն նշմարեցինք որ Կարապետ հօրեղբայրս, որ ՀՅԴի անդամ էր, կորսուեցաւ, բոլորս սուգի մէջ թողելով: Հօրեղբայրս չէ ուզած գաղթել, հետեւաբար փախած եւ ետ Քեսապ է դարձած: Այս մասին կը պատմեմ աւելի անդին:

Յաջորդ առաւօտ կանուխ, լոյսը հազիւ բացուած, մեզ արթնցուցին: Ժանտարմներուն սպառնալիքին տակ կրկին սկսան բեռները բեռցնել գրաստներուն վրայ եւ կարաւանը շարունակեց իր ճանապարհը մինչեւ Ճըսըր Շուղուր քաղաքը, ուր Որոնդէս գետի ափին գաղթականները կրկին գիշերեցին:

ՇԱՐ. 18

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝