Յայտարարութիւն

Thursday, January 20, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 19 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՉՈՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 4 – ԴԷՊԻ ԱՆԱՊԱՏ


Երրորդ օրը ինծի համար հետաքրքրական դէպք մը պատահեցաւ, նաեւ փոքր քրոջս Զապէլին, զոր կ'ուզեմ մասնաւորապէս յիշատակել: Երբ ես կը յոգնէի, մասնաւոր ջորիի մը բեռներուն վրայ կը նստեցնէին զիս. այդ ջորիին ջորեպանը թուրք մըն էր: Սակայն, ջորին բաւական ծանր բեռ ունենալուն՝ ջորեպանը այնքան ալ չէր փափաքեր որ ես հեծնայի, հետեւաբար, երբեմն կու գար եւ ոտքերուս միսերը կը կսմթէր ամուր մը եւ ես կը խնդրէի որ իջեցնէր զիս: Հազիւ իջած, հօրեղբայրս կամ հայրս կ'ըսէին. «ինչո՞ւ իջար տղաս, կը յոգնիս»: Ուրեմն զիս կրկին կը նստեցնէին ջորիին վրայ: Ջորեպանին վախէն ես չկրցայ իրողութիւնը յայտնել հօրս ու հօրեղբօրս: Այսպէս, մի քանի անգամ իջնել-ելլելով, արդէն միսերս կսմիթէն կապուտցած էին: Երբ հօրեղբայրս ուզեց զիս կրկին հեծցնել՝ մերժեցի լալով: Երբ պնդեց, իմանալու համար պատճառը՝ ըսի տես միսերս, որ արդիւնքն էր ջորեպանին կսմիթներուն: Զենոբ հօրեղբայրս, որ գիւղի ամենաքաջ մարդն էր, երբ այս կապուտցած վիճակս տեսաւ, խելքը թռցուց եւ անմիջապէս ջորեպանին վրայ յարձակեցաւ եւ սկսաւ կոկորդը այնպէս սեղմել, որ մարդուն լեզուն թիզ մը դուրս ելաւ: Երեք չորս հոգիով, հայրս ներառալ, հազիւ կրցան մարդը ազատել, որ կիսամեռ գետին փռուեցաւ: Ժանտարմները վրայ հասան եւ երբ եղելութեան ծանօթացան, հօրեղբօրս բան չըսին, բացի հայհոյանքներէ. սակայն խստիւ բարկացան ջորեպանին, պատուիրելով որ եթէ անգամ մըն ալ կրկնէ կսմիթները, այս անգամ ժանտարմները պիտի պատժեն զինք: Այս հարցը այսպէս փակուեցաւ առանց որ հօրեղբայրս փորձանքի մը հանդիպի:

Այդ նոյն օրը, Մըտըգգալա կոչուած գիւղին մօտիկները, որ Ճըսըր Շուղուրի եւ Համայի միջեւ կը գտնուի, յանկարծ պետեւիներ երեւցան եւ սկսան մօրմէս խնդրել որ պզտիկ քոյրս Զապէլը, որ այն ժամանակ 2 տարեկան էր, եւ շատ սիրուն աղջնակ մը, տայ իրենց, նկատի ունենալով որ թուրքերը մեզ պիտի ջարդեն, եւայլն: Բնական է որ մայրս մերժեց եւ սակայն, բաւական տեղ քալելէ ետք, նոյն պետեւիները յարձակեցան մօրս վրայ եւ փոքր քոյրս խլելով ձեռքէն՝ փախան: Զենոբ հօրեղբայրս անմիջապէս ջորիի մը բեռը իջեցուց , հեծաւ եւ սկսաւ ետեւնէն վազել. Իրեն միացան նաեւ երկու ժանտարմներ: Բաւական հալածուելէ ետք, նկատելով որ ժանտարմներն ալ իրենց ետեւնէն կու գան, գողերը ձգեցին մանուկը գետին եւ կորսուեցան մօտակայ բլուրներուն ետին: Հօրեղբայրս, քոյրս գրկած, ջորիով կրկին միացաւ, յանձնելով քոյրս մօրս, որ ամբողջ այդ ժամանակ, մեզի հետ միասին, ողբ ու կոծի մէջ էր: Այդ գիշեր հանգստացանք Մըտըգգալայի լճակին մօտերը:

Եւ այսպէս շարունակաբար, օրեր եւ շաբաթներ քալեց կարաւանը, մինչեւ որ հասանք Համա քաղաքը:

ՇԱՐ. 19

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝