Յայտարարութիւն

Sunday, January 2, 2022

ԹԵՐԹՕՆ - ՇԱՐ. ԹԻՒ 2 - ԳԷՈՐԳ - ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԸ

 




Ստորեւ կը ներկայացնենք Յակոբ Կարապետ Մանճիկեանի յառաջաբանը, որ բաւական լայն տեղեկութիւն կու տայ հեղինակին եւ անոր գործին մասին: Յաջորդ թիւով պիտի սկսինք հրապարակել Գէորգի Յուշերը (Նշան)

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ – Յակոբ Կարապետ Մաճիկեանի Կողմէ
Հայոց յուշագրական մատեաններու հաւաքածուներու շարքի ողջունելի է Գէորգ Մանճիկեանի «Յուշեր» հատորը, որ անկախ հեղինակին ու իր անմիջական գերդաստանի պատմութեան հանգամանքէն, ունի մէկէ աւելի ընդհանրական արժանիքներ, մասնաւորաբար հայոց Մեծ Եղեռնին վերաբերող հատուածներուն ճամբով, որոնք քով-քովի դրուած՝ կը հանդիսանան կարեւոր վկայութիւններ մեր պատմութեան համար:

ԻՐ «յուշեր»ը Գէորգ կը սկսի մանկութեան տարիներուն ծննդավայր գիւղի բնութենէն իր կրած տպաւորութիւններու, ականատես եղած դէպքերու եւ դրուագներու վերարտադրութեամբ:

Հատորի սկիզբի երեք գլուխները Գէորգ յատկացուցած է իր գերդաստանի եւ ընդհանրապէս իր գիւղի կենցաղին՝ նահապետական բարքերու՛ սովորութիւններու եւ զբաղումներու նկարագրականներով: Հետաքրքրական են այստեղ Մանճիկեան գերդաստանի ծագման եւ ծննդավայր Գարատուրան (կամ Գալատուրան) գիւղին մէջ պատահած դէպքերուն մասին իր պատումները:

«Յուշեր»ուն կարեւոր բաժինը 1915-ին իր գիւղին տարագրութեան բաժինն է, որ կը հանդիսանայ հայոց Մեծ Եղեռնի պատմութեան շղթային մէկ օղակը: Գրքին չորրորդ եւ հինգերորդ գլուխներուն տակ Գէորգ այսպէս կը ներկայացնէ դէպքերը.
Մեծ հօր, Ճըրճոսի (Ճորճ, Գէորգ) գերդաստանի անդամները, 20 հոգի, ծննդավայր գիւղի շուրջ 1400 հայրենակիցներուն հետ, թուրք պետութեան հրահանգով, 1915 Յուլիս 30-ին կը տեղահանուին իրենց խաղաղ բոյնէն եւ ոստիկաններու հսկողութեամբ կը տարագրուին դէպի Սուրիոյ հարաւը եւ դէպի Անդր-Յորդանան:
 
Ամառուան սաստիկ տաքին, անծանօթ վայրերէ եւ անտանելի պայմաններու տակ, շուրջ 600 քիլոմեթր քալելէ եւ իրենց ինչքերը վրայ տալէ ետք, տարագիրներու բազմութիւնը կը հասնի Ամման՝ Անդր-Յորդանան, յետոյ կը ցրուի մերձակայ գիւղերը:
Յոգնութիւնը, զրկանքներն ու անօթութիւնը, հոգեկան տանջանքն ու անձկութիւնները կը հիւծեն, ֆիզիքապէս կը սպառեն տարագիրները, կը քանդեն անոնց կամքն ու կորովը: Այս թշուառ վիճակը կը վերածուի աղէտի, երբ գաղթականները կը կարակուին ժանտախտի հիւանդութեամբ (Թիֆիւս): Մի քանի շաբթուան ընթացքին, Գէորգի մեծ հօր գերդաստանի 20 անդամներէն 9 հոգին զոհ կփերթան համաճարակին եւ հազիւ երեք ամիս առաջ, Կասիոս լերան հանդարտ հովանիին տակ, Միջերկրականի ափին՝ իրենց խրճիթներուն մէջ խաղաղօրէն ապրող գերդաստանը կը վերածուի անօգնական այրիներու եւ որբերու արգահատելի խլեակի մը...

«Յուշեր»ու մէջ չկան հայոց Մեծ Եղեռնի յատուկ ջարդերու, ողջակիզման նախճիրներու արիւնոտ տեսարաններ, չկան սոսկում, արհաւիրք պատճառող պատկերներ: Այսուհանդերձ, գիրքը ստոյգ մէկ վկայութիւնն է տարագրութեամբ, սովամահութեամբ, համաճարակներով՝ մարդկային զանգուած մը եղեռնի ենթարկելու թուրք պետութեան նենգ հնարքներուն:
Գրքին մնացեալ մասը Գէորգի կեանքին պատմութիւնն է, որբացած օրէն մինչեւ «Յուշեր»ը գրած տարին՝ 1958 թուականը: Այս բաժնին մէջ կան երկու ուշագրաւ հատուածներ, որոնց կ'ուզենք առանձնաբար անդրադառնալ:

«Մայրս կը պատմէ» - սրտապատառ եղեռնապատում մըն է գրքին այս բաժինը: Բռնի կերպով օտար, հեռաւոր աշխարհ մը տարագրուած, ամուսինը համաճարակին եւ մանկիկը անօթութեան զոհ տուած, հինգ անչափահաս որբեր մինակը ապրեցնելու մտահոգութեամբ տագնապող, անյոյս, անօգնական ու բախտի քմահաճոյքին յանձնուած դժբախտ կնոջ մը եղերերգութիւնն է այս հատուածը: Անհերքելի վկայագրութիւն մը թուրք պետութեան ցեղասպանական արարքին, որ գործադրուեցաւ 1915-ին Փոքր Ասիոյ ու արաբական անապատներու տարածքներուն վրայ:

«Ռուբէն Տէր Մինասեանի հետ» - այս բաժինը տարբեր երանգ մը տուած է գիրքին: Անուանի յեղափոխականն ու կինը իրենց յարկին տակ երեք տարի հիւրընկալելը «կեանքիս ամենէն երջանիկ տարիները եղան» կը գրէ չքաւոր, թշուառ վիճակէն պատուաւոր կեանքի աստիճանին հասած Գ. Մանճիկեանը:
Արդարեւ, հատորին մէկ տասներորդ ծաւալը գրաւած այս մասը արժէք մը կու տայ «Յուշեր»ուն:

Ռուբէնի յեղափոխական ու գրական գործերուն ծանօթ ոեւէ անհատի համար տակաւին չբացայայտուած նորութիւններ կան այստեղ,որոնք լոյս կը սփռեն հայ յեղափոխականին բարդ նկարագրին ու անոր գործերուն վրայ:

Այս առիթով յարմար կը նկատենք այստեղ արձանագրել հետեւեալը. Ախալքալաքի (Ջաւախք, Վրաստան) հայոց մէկ վարժարանը խորհրդային շրջանին, ապա մինչեւ 1998, «Թիւ 5 դպրոց» անունը կը կրէր: Շուրջ 10 տարի առանց պետական վարկի իր գոյութիւնը պահած դպրոցի շէնքը լուրջ վնասներու ենթարկուած էր: Գէորգ եւ Եղիսաբէթ Մանճիկեան ամոլի կտակէն գումար մը յատկացուեցաւ շէնքի նորոգութեան եւ բարելաւման նպատակին: Առ ի գնահատութիւն Ախալքալաքի մեծ զաւկին հանդէպ Գէորգի եւ Եղիսաբէթի ունեցած յարգանքին, վարժարանի վարչութիւնը հաստատութիւնը վերակոչեց «Ռուբէն Տէր Մինասեան դպրոց»:

Գէորգ «Յուշեր»ը գրած է 1958-ին, Պէյրութ, Լիբանան: Այս թուականէն ետք ան ապրեցաւ 27 տարի, մինչեւ 1985, բայց ոչինչ գրեց այդ մասին: Իր եղբօրորդի՝ Յակոբ Յովսէփ Մանճիկեան, որ նաեւ հրատարկիչն է այս գրքին, այդ պակասը մասամբ կ'ամբողջացնէ ներկայ հատորի «Վերջաբան»ին մէջ:

Գէորգ Մանճիկեան սրտով բարի, հոգիով ազնիւ, մաքուր կենցաղով, վեհանձն նկարագրով, ջերմ բնաւորութեամբ մարդ էր: Ունեցաւ ուրախ մանկութիւն, դժբախտ պատանեկութիւն, կորովի, չարքաշ ու եռանդուն երիտասարդութիւն. Իսկ հասուն տարիքին՝ ապրեցաւ սիրելով իր հարազատներն ու ազգակիցները, օգնելով անկարին ու կարեկիցին, ծառայելով ազգին եւ ազնիւ նպատակներու:

Այս ամէնուն վկան է իր «Յուշեր»ու հատորը, որ ասկէ ետք կը պատկանի Հայ ազգին:

ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Դեկտեմբեր 2007
Լոս Անճեկըս, Քալիֆորնիա
                                                                                                                                    ՇԱՐ. 2

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝