Յայտարարութիւն

Friday, January 21, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 20 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՉՈՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 4 – ԴԷՊԻ ԱՆԱՊԱՏ


Պէտք է ըսել որ մեծ հայրս իր բազմահարիւր այծերու հօտը, նաեւ եզներն ու կովերը մեզի հետ էր բերած, կարաւանին հետ, կը քալէին, միշտ ճամբէն քիչ մը հեռու, դաշտերուն կամ բլուրներուն վրայ արածելո: Սակայն երբ Համա հասանք, նկատեց որ այլեւս անհնարին է կենդանիները այսպէս շարունակ քալելով մեզի հետ տանիլը, ուրեմն որոշեց Համայի մէջ ծախել բոլորը եւ այդպէս ալ ըրաւ: Շատ աժան գնով ծախեց այծերու ամբողջ հօտը:

Այդ բոլոր կենդանիներուն ծախուիլը այդքան չէ ազդած մանուկ երեւակայութեանս վրայ որքան այն՝ երբ ծախեցին մեր տան կովիկը՝ Ճէյրանը: Ճէյրանը մեր թացան հայթայթողն էր, հորթը ետեւը, կարմրորակ սիրուն կով մը, ճակտին վրայ փախլաւայի ձեւով ճերմակ մազերու փունջով, եւ այնքան խելացի կենդանի մը: Այնքան վարժ էի այդ կովուն եւ կովն ալ ինծի, որ երբեմն, կթելէն առաջ, տակը կը նստէի եւ ուղղակի ծիծէն կը ծծէի կաթ եւ ինքն ալ կը սկսէր լիզել երեսներս, ինչպէս կ'ընէր իր հորթուկին: Երբեք աքացի չէ զարկած, իսկ երբ շոյէի, կարծէք կը զգար եւ աղաչական նայուածքով կը սկսէր լիզել ձեռքերս: Ուրեմն, մեր սիրելի Ճէյրանն ալ պիտի ծախէին, սակայն տնեցիները մեզի ինչպէ՞ս յայտնէին իրենց այդ որոշումը, չէ՞ որ պիտի լայինք... Ի վերջոյ, Արաբ մարդ մը սակարկութեան մտաւ հօրս հետ, համաձայնեցաւ, վճարեց ու տարաւ: Եղբայրներս ու ես սկսանք լալ: Տեսարանը սրտաճմլիկ էր. երբ Արաբը կովը քաշելով բաւական հեռացաւ, Ճէյրանը ետ դարձաւ ու մու՜, մու՝ սկսաւ բառաչել, թախծոտ աչքերով, կարծէք մնաք բարով կ'ըսէր եւ ըսել կ'ուզէր թէ ինչո՞ւ օտարին կը յանձնէք զինք ու իր հորթուկը...: Այս տեսարանին վրայ նոյնիսկ ծնողքիս աչքերէն արցունք հոսեցաւ, ազդուած խելացի կենդանիին վարմունքէն: Այսպէս ուրեմն, Համայի մէջ ծախուեցան մեր բոլոր կենդանիները, բացի գրաստներէն, որոնք մեզի պէտք էին մինչեւ Հոմս: Հոմսի մէջ անոնք ալ ծախուեցան եւ մեր ամբողջ կարաւանը ուղտերով փոխադրեցին մինչեւ Դամասկոս:

Որոշ ժամանակ Դամասկոսի պարտէզներուն մէջ մնացինք, բացօթեայ, որմէ ետք մեզ երկաթուղիով փոխադրեցին Անդրյորդանանի Ամման քաղաքը: Ժողովուրդը ամիսներով պատսպարուեցաւ բացօթեայ եւ մասամբ ալ Ամմանի աւերակ ամփիթատրոնի քարայրներուն մէջ,  մինչեւ որ սկսան մաս առ մաս մեզ տեղաւորել Յորդանանի զանազան գիւղերուն մէջ: Մեծ հայրս իր ընտանիքով, զաւակներով, թոռնրով նախ հաստատուեցաւ Ֆհէյս կոչուած Քրիստոնեայ պետեւիներու գիւղի մէկ պարտէզին կաղնիի ծառի մը տակ: Աներեւակայելի էր տեսարանը. Մօտ 20 անձերէ բաղկացած ընտանիք մը ծառի մը շուքին տակ ապաստանիլը, բացօթեայ, այդ աշնանային եղանակին...: Ուրիշ ընտանիքներ նոյն ձեւով հաստատուեցան պարտէզներու մէջ, բացօթեայ, մինչեւ որ պետութիւնը զիրենք տեղաւորեց տուներու մէջ:

ՎԵՐՋ «ԴԷՊԻ ԱՆԱՊԱՏ» ՉՈՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆԻՆ

ՇԱՐ. 20

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝