Յայտարարութիւն

Saturday, January 22, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 21 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 5– ՄԱՀ ԵՒ ԾՆՈՒՆԴ


Ամիս մը ետք, Հոկտեմբեր 1915-ին, հայրս, մեծ հօրեղբայր Զենոբը եւ Յովհաննէս հօրեղբօրս կինը եւ զաւակը – Յովհաննէս հօրեղբայրս այն ատեն թրքական բանակի զինուոր էր – տարին Մահաս կոչուած իսլամ պետեւիներու գիւղին մէջ տեղաւորեցին, մէկ սենեակի մէջ, որ պետութիւնը բռնի գրաւած էր տանդիրոջմէն, որ կը կոչուէր Ապու Մուսա Էլ մատի: Տանտիրոջ կինը մեռած էր. ունեցած էին մէկ որդի, Մուսա անունով: Տան տնտեսութեան հոգը մնացած էր քրոջը Խազնային վրայ, ամուրի եւ միականի:

Ուրեմն 14 անձ, մեր մնացեալ գոյքերով միասին տեղաւորուեցանք մօտաւորապէս 4 ով 5 մեթր մեծութեամբ սենեակի մը մէջ, ուր շարժելիք տեղ չմնաց: Ժողովուրդին տնտեսութիւնը եւ նիւթականը, այդ երկար ամիսներու ճամբորդութեան ընթացքին սպառած ըլլալով, տղամարդիկ սկսան անմիջապէս գործաւորութիւն ընել ճամբաներու շինութեան մէջ: Հայրս ալ միւսներուն պէս գիւղէն դուրս կ'երթար քար կտրելու: Այդ ժամանակները, զինուորականութեան մէջ Թիֆիւսի համաճարակ սկսած էր, ոջիլի առատութեան պատճառով, ինչ որ բնական բան մըն էր պետեւիներուն մօտ: Մեր գիւղի ժողովուրդն ալ վարակուեցաւ եւ մահը սկսաւ աւեր գործել, որովհետեւ ոչ բժիշկ կար ոչ ալ դեղ առաջքն առնելու համար: Այսպիսով, մի քանի ամսուան ընթացքին, մեր Մանճիկեան գերդաստանէն Թիֆիւսի պատճառով մահացան աւելի քան 50 անձ, որոնց մէջն էին, ուղղակի մեր ընտանիքէն, մեծ հայրս, մեծ մայրս, կրտսեր հօրեղբայրս Աւետիսը, Զենոբ հօրեղբօրս կինն ու մեծ աղջիկը՝ Ծաղկանուշը, եւ զինուոր հօրեղբօրս Յովհաննէսին կինն ու միակ զաւակը՝ Տիգրանը: Մահացաւ նաեւ հայրս:

Այստեղ կ'ուզեմ նկարագրել հօրս մահուան պարագաները, որ մանուկ յիշողութեանս մէջ տպաւորուած են: Պէտք է ըսել որ հայրս աստուածավախ եւ եկեղեցասէր մարդ էր եւ նոյնիսկ փափաքած էր քահանայ ձեռնադրուիլ, սակայն չէր ձեռնադրուած, որովհետեւ մայրս մերժած էր երէցկին ըլլալ: Օր մը, ճամբու շինութեան գործէն վերադարձին, հայրս յոգնած ու տխուր տրամադրութեամբ պառկեցաւ. Յայտնի էր որ ինք ալ Թիֆիւսէ վարակուած էր: Օրերով ան հիւանդ պառկեցաւ, խնամուեցաւ մօրս արցունքոտ գուրգուրանքով եւ սկսաւ երբեմն երբեմն զառանցել ու տեսիլքներ տեսնել: Իսկ ես, որ չարաճճի էի, չվարանեցայ հօրս համար մասնաւոր բերուած չոր գաագան -չոր հաց- գողնալ եւ ուտել: Մայրս սկսաւ զիս կշտամբել եւ բարկանալ ըսելով.« հայրդ կը մեռնի եւ դուն չես ամչնար իր գաագան գողնալու եւ ուտելու...»: Յանկարծ հայրս աչքերը բացաւ եւ մեղմօրէն մօրս ըսաւ. «Եղիս, ինչ հարկ կայ տղուն բարկանալու, արդէն ես չեմ կրնար ուտել, ինք թող ուտէ»: Այդ դէպքէն առաջ հայրս այդքան բարի չէր երեւցած աչքիս:

Հօրս հիւանդութեան ժամանակ արդէն մայրս յղի էր եւ ծննդաբերութիւնը՝ մօտալուտ: Օր մը հայրս յանկարծ հարցուց. «Եղսա, նոր մանուկին անունը ինչ դրիք»: Մայրս սկսաւ լալ, ըսելով թէ դեռ չէր ծնած: հայրս կը զառանցէր...

ՇԱՐ. 21

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝