Յայտարարութիւն

Sunday, January 23, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 22 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 5 –«ՄԱՀ ԵՒ ԾՆՈՒՆԴ»


1916-Ի Փետրուարի արեւոտ օր մը, հայրս կարծէք ինքզինք աւելի լաւ զգալով, առաւօտեան իր կաթը խմելէն ետք, մօրս ըսաւ, որ իրեն բերէ ընտանեկան խոշոր Աւետարանը, որուն Հին Կտակարանի վերջաւորութեան գրուած էին մեր ընտանիքի անդամներուն ամուսնութեան, ծննդեան եւ մահուան թուականները, եւ ուզեց Աւետարան կարդալ մեզի: Սակայն, երբ չկարողացաւ, խնդրեց մեծ եղբօրմէս Յովսէփէն, այն ժամանակ 13 տարեկան, որ մեզի համար կարդայ դիպուածով իր բացած էջը: Այդ էջին մէջ Քրիստոս կ'ըսէր իր աշակերտներուն.«...ինչպէս որ երկինքի թռչունները չեն մտահոգուիր իրենց ապրուստին համար, դուք ալ պէտք չէ մտահոգուիք...» (Մատթ. 6:26): Երբ եղբայրս աւարտեց ընթերցումը, հայրս, նկատելով մօրս լացը, ըսաւ. « Եղսա, կը լսե՞ս թէ Աւետարանը ինչ կ'ըսէ, պէտք չէ մտահոգուիլ, Աստուած այնպէս ինչպէս երկնքի թռչունները կը հոգայ, նաեւ կը հոգայ իր ստեղծած արարածներն ու որբերը...»: Կարծէք կը զգար իր մօտալուտ մահը եւ մեր որբանալը: Այս միջադէպէն կէս ժամ հազիւ անցած, մօրս պոռչտուքները լսելով ներս խուժեցինք եւ նկատեցինք որ հայրս ժպիտը դէմքին մահացած էր: Այդ օրէն որբացանք...

Հայրս թաղեցինք առանց դագաղի Մահաս գիւղի հայկական գերեզմանատան մէջ, որ պետութեան կողմէ յատկացուած էր: Հօրեղբայրներս եւ ազգականներ դագաղի նման պատ մը պատեցին փոսին մէջ, հօրս մարմինը տեղաւորեցին եւ վրան տափակ քարերով լեցուցին, ապա՝ հողը թափեցին: Իսկ գիւղի Տէր Պետրոսն ալ, հօրս կուսակցական ընկերը, միեւնոյն ժամանակ կարդաց հոգեհանգստեան աղօթքները: Այսպէս, տխուր տրտում, մօրս փէշերէն կախուած վերադարձանք տուն:

Հօրս մահէն եօթ օր ետք մայրս ծննդաբերեց աղջիկ զաւակ մը:

Ապրուստի հնարաւորութիւն չէր մնացած, ուստի մայրս սկսաւ առաւօտ կանուխէն երթալ Մահաս գիւղէն մօտ մէկ ժամ հեռու գտնուող անտառները եւ փայտ կտրել ու շալկելով տուն բերել: Մեզի կերակուր մը պատրաստելէ ետք, այդ շալակ փայտը  ուսին վրայ կը տանէր Սալթ քաղաքը, որ, քալելով, մեր գիւղէն մօտ երկու ժամ հեռու էր եւ հոն կը ծախէր փոխան մի քանի մեթելիկի (օսմանեան դրամանիշ 5 փարա արժէքով) կամ ափ մը ալիւրի կամ ցորենի փոխարէն, եւ այսպէս շարունակաբար, Աստուծոյ տուած օրը: Օր մըն ալ, Մարտ ամսուն, առաւօտուն զիս ալ հետը տարաւ: Այնքան ցուրտ էր որ ալ չէի կրնար իր հետ քալել, հակառակ իր խոստումներուն թէ ինծի համար կաղին պիտի քաղէ եւայլն: Ուրեմն լալով ու պոռալով թուփի մը տակ նստայ իսկ ինք անտառ մտաւ փայտի ամէնօրեայ շալակը պատրաստելու համար: Յանկարծ, Չէրքէզ ձիաւոր մը զիս նշմարելով մօտեցաւ եւ սկսաւ թրքերէն -ինչ որ չէի հասկնար- բաներ մը հարցնել: Վախէս ձայնս կտրուած էր: Չէրքէզը ձիէն վար իջաւ, քիչ մը փայտ հաւաքեց, ինծի համար կրակ մը վառեց ու հեռացաւ: Իսկ մայրս, որ քիչ մը հեռուէն նշմարած էր պատահածը, մարդուն մեկնելէն ետք եկաւ եւ քիչ մը տաքցաւ եւ ինծի իրապէս կաղին խորովեց: Վախս մոռցած, ախորժակով կերայ կաղինները: Ապա մօրս հետ գիւղ վերադարձանք:

ՇԱՐ. 22

Վերջ Ե. բաժնին

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝