Յայտարարութիւն

Tuesday, January 25, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 24 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 6 – «ՈՐԲԱՆՈՑ»


Մեզմէ 5 հոգին, որոնց տարիքը 12-էն վեր էր, տարին մեծերու կողմը, իսկ զիս եւ ուրիշ տղայ մը, որ հազիւ 11 տարեկան էինք, յանձնեցին որբանոցի «Իտա Մայրապետ»ին՝ մանուկներու բաժինը: Անմիջապէս մեզ բաղնիք տարին, մեր մազերը խուզեցին եւ մեր վրայի յաւիտենական վարժուած զըպունին տեղ հագցուցին կարճ տաբատներ, որոնք ժիլէի նաս մըն ալ ունէին վերէն ու ետեւէն կը կոճկուէին 2-3 կոճակներով իսկ մեր ոտքերուն հագցուցին բարձր կօշիկներ, որոնք շատ խորթ կը թուէին մեզի: Բոլոր մանուկները ի հարկէ արաբներ էին իսկ մենք արաբերէն չէինք գիտեր, բացի մի քանի հայհոյանքներէ՝ Խազնայէն ժառանգութիւն մնացած: Մէկ ժամ ետք ուզեցի բնական պէտք ընել, սակայն այդ անպիտան կոճակներուն քակելու ձեւը չէի գիտեր եւ քիչ մնաց որ տակս ընէի... ուրեմն սկսայ լալ: Երբ Թանթ Իտան հարցուց ինծի թէ ինչու կու լայի, ձեւով մը հասկցուցի թէ բնական պէտք ունիմ եւ չեմ կրնար, ուրեմն ինծի սորվեցուց կերպը:

Մի քանի օր այսպէս տրտում տխուր, մէկ կողմ քաշուած ապրեցայ, որովհետեւ արաբերէն չէի գիտեր որ կարենայի միւս տղոց հետ խաղալ: Պէտք է ըսել որ Շնելլէր որբանոցի մանկապարտէզի բաժինը շատ գեղեցիկ եւ մաքուր տեղ մըն էր իսկ բակն ալ լեցուն խաղալիքներով: Բակին մէջ դարձող հոլ-խաղալիք մը կար, ուր կարելի էր 5-6 տղայով նստիլ, սակայն ամօթխածութենէս չէի համարձակիր մօտենալ:

Մի քանի օր ետք, երբ անձկութեամբ կը դիտէի ընկերներուս խաղալը այդ դարձող հսկայ հոլին հետ, տղաներէն մէկը, Երուսաղէմի մօտիկ Լիֆթա գիւղէն, ինծի մօտեցաւ եւ ըսաւ . «դաալ նիլաապ» որ թարգմանի՝ «եկուր խաղանք». բայց որովհետեւ ես արաբերէնով միայն հայհոյանքներ գիտէի, այնպէս հասկցայ որ ինծի կը հայհոյէ եւ «իլաան» կ'ըսէ, որ անէծք մըն է: Սրտիս նեղութենէն, որ կուտակուած էր օրերէ ի վեր, տղուն բռնեցի եւ զորս դու պատուիրեցիր՝ շնորհքով մը տփեցի. հազիւ քանի մը տղաներով կրցան զինք ձեռքէս ազատել: Բնական է ես ալ սկսայ բարձրաձայն լալ եւ «մայրիկ» կանչել: Վրայ հասաւ հսկիչ մայրապետ Թանթ Իտան, բայց կարելի չեղաւ իրեն բացատրել թէ ինչու ծեծեցի տղան: Ես շարունակ հայերէն կ'ըսէի թէ ինչ իրաւունքով ինծի կը հայհոյէ եւ «իլաան» կ'ըսէ եւ կը շարունակէի լալ: Ճարահատ, մեծ տղայոց մասնաբաժնէն Գառնիկ Տագէսեան անունով տղայ մը բերին որ քիչ մը հայերէն կը խօսէր, հասկնալու համար թէ ինչու այս տղան՝ Տիպը ծեծեցի: Հասկցուցի որ հայհոյեց ինծի եւ «իլաան» ըսաւ: Տղուն կրկնել տուին ըսածը՝ «դաալ նիլաապ»ը եւ ես հաստատեցի թէ այդ էր ըսածը: Ուրեմն Գառնիկը ինծի բացատրեց թէ տղան ուզած է բարութիւն ընել ինծի եւ հետս խաղալ, եւայլն...: Ադկէ ետք ներողութիւն խնդրելով՝ այդ տղուն լաւագոյն բարեկամը դարձայ: Հակառակ անոր որ անարդարօրէն ծեծ կերած էր, բարի տղան շարունակեց հետս խաղալ եւ կամաց կամաց զիս արաբերէն խօսելու վարժեցնել: Այսպիսով, մի քանի ամիս ետք արդէն բաւարար արաբերէն եւ գերմաներէն սկսայ խօսիլ:

ՇԱՐ. 24

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝