Յայտարարութիւն

Wednesday, January 26, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 25 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 6 – «ՈՐԲԱՆՈՑ»


Շնելլէր որբանոցի կարգն ու կանոնը հիանալի էին: Մեր մասնաբաժնին մէջ մօտ 60 որբեր էինք, բոլորս ալ 8-11 տարեկան: Հսկայ ննջարանի մը մէջ իւրաքանչիւր որբ ունէր իր մահճակալը, մաքուր սաւաններով եւ վրան գոցուած մի քանի փաթանիայով (քնանալու համար բուրդէ ծածկոց), որոնց ամենէն վրայինը կարմիր էր, բոլորն ալ միատեսակ եւ մաքուր: Առաւօտուն, զանգակը զարնելուն պէս, ամէն մէկս վազն ի վազ կ'իջնէինք լուացարան, ուր իւրաքանչիւրս ունէինք թուագրուած լուացուելու աման եւ սրբիչ: Լուացուելէն ետք կ'երթայինք ճաշարան: Պատերազմի ժամանակ ըլլալուն, ամենէն գէշը եւ քիչը կերակուրներն էին: Առաւօտուն մեր նախաճաշը կ'ըլլար կտոր մը հաց եւ գաւաթ մը խանձուած ու աղցուած գարիի ջուր, եռացած թէյի պէս, սակայն առանց շաքարի: Հացը այնքան քիչ էր որ կարելի էր լման բաժինը երկու խածով լրացնել: Այնպիսի տարիքի մը մէջ էինք, պէտք ունէինք սնունդի մեծնալու համար: Կէսօրուան ճաշը կ'ըլլար ընդհանրապէս ձաւարէ կամ բրինձէ ապուր մը, մէջը՝ բանջարեղէններու եփած տերեւներ, կտոր մը հացով: Ընթրիքը կ'ըլլար մէկ կտոր հաց, 4-5 ձիթապտուղով եւ կամ կտոր մը հաց հետը 5-10 չոր թուզ կամ ափ մը չամիչ: Որբանոց գտնուած շրջանիս միշտ անօթի մնացած եմ, մեզի տրուածը մեզ միայն ողջ կը պահէր: Շաբաթը մէկ անգամ միայն ապուրին կամ փիլաւին մէջ կտոր մը միս կը գտնուէր իսկ մնացեալ օրերը՝ առանց միսի: Մեր ամենէն շատ սպասած օրերը Ծննդեան եւ Նոր Տարուան օրերն էին, երբ մեզի խոշորկեկ խմորեղէն, քէյք մը կը տրուէր, մէջը չամիչով նաեւ հաստ կեղեւով երկու Եաֆայի նարինջ: Տարուան մէջ այդ մի քանի օրերն էին երբ կուշտ ու կուռ կ'ուտէինք, որ փորերնիս լեցուէր:

Հակառակ սնունդի պակասին, մեր հագուստները շատ գեղեցիկ ու կոկիկ էին, ճերմակեղէնները սիրուն եւ մաքուր: Մեզի ամէն շաբաթ բաղնիք կու տային: Առողջապահութեան տեսակէտէն՝ խօսք չկար: Ուսումը կէս օր էր միայն, առաւօտեան ժամը 8-12: Կէսօրէ ետք, ժամը 2.30-ին մեզ փոքրերս կը տանէին ածուները, որպէսզի բանջարեղէնի տերեւ մը, հոգ չէ թէ հողով միասին, կարենայինք բերաննիս դնել, շուտ մը ծամել ու կուլ տալ: Իսկ մեծ տղաքը կէսօրէ ետք կը տարուէին դաշտային աշխատանքի եւ կամ ոմանք՝ արհեստի: Պէտք է ըսել որ Շնելլէր գերմանական որբանոցը ունէր ընդարձակ դաշտեր, պարտէզներ եւ բանջարանոցներ, ուրկէ իր տարեկան պարէնը կը հայթայթուէր: Հաճելի էր ամառը տեսնել մեծ աշակերտները գերանդին կամ մանգաղը իրենց ուսերուն դաշտ երթալը՝ հնձելու: Անհամբեր կը սպասէինք որ մեծնայինք եւ իրենց օրինակին հետեւէինք:

Այսպէս շարունակուեցաւ մինչեւ 1917-ի ձմեռը, երբ պատերազմի ճակատը մօտեցաւ Երուսաղէմին եւ Ժէնէրալ Ալէնպիի ռումբերը սկսան տեղալ մեր որբանոցին շրջակայքը: Այդ շրջանին ես արդէն փոխադրուած էի մեծերուն սրահը եւ իմ հովանաւոր պաշտպանս էր Գառնիկ Տագէսեանը, որ այն ատեն 17 տարեկան կտրիճ երիտասարդ մըն էր: Գառնիկը պաշտպանս էր ամէն տեսակէտով. վայ էր եկեր անոր որ զիս ձեւով մը կը վշտացնէր եւ կամ հետս կռիւ կ'ընէր, անմիջապէս Գառնիկը կը հասնէր եւ զայն կը տփէր:

ՇԱՐ 25

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝