Յայտարարութիւն

Thursday, January 27, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 26 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 6 – «ՈՐԲԱՆՈՑ»


Գիշեր մը ռմբակոծութիւնը այնքան սաստկացաւ որ հրահանգ ստացանք որբանոցին գետնայարկի սենեակները ապաստանիլ: Գառնիկը, մեր գիւղացի երկու տղաք հետը առած, ըսաւ.«ետեւէս եկէք, պահուըտելու լաւ տեղ մը գիտեմ»: Այդ ժամանակ Գառնիկը մառանապետ էր, մառանէն ուսուցիչներուն ուտելիքները կը բերէր: Չեմ գիտեր ինչ ձեւով, մօտ երկու քիլօնոց  հսկայ հաց մը թռցուցած էր եւ անութին տակը խնամքով պահած: Այդ ռմբակոծութեան ատեն մեզ գաղտագողի մառանը մտցուց եւ դուռը մեր վրան գոցեց: Ալ տեսնելիք բան էր մեր ուրախութիւնը: Հսկայ մառանին մէջ տակառներով գինի, պարկերով չոր թուզ եւ չամիչ, ձիթապտուղ եւ մանաւանդ հսկայ հաց մը, որ մեզի կրնար օրերով բաւել: Գառնիկը առատաձեռնօրէն մեզի հրամցուց հացէն եւ ըսաւ որ մառանին մէջ ինչ որ կը նախընտրէինք ուտել՝ ազատ էինք մեր ուզածին պէս վարուելու: Ուրեմն, հրաւէրի կրկնումին առանց սպասելու, անօթի գայլերու նման սկսանք լափել ուտելիքի բոլոր տեսակներէն: Քիչ մը անդին, տեսանք Գառնիկը ինչ որ խողովակ մը ունի, զոր տակառի մը մէջ երկնցուց ու սկսաւ ծծել: Մեր հարցումին ի պատասխան, ըսաւ թէ գինի էր եւ ուրեմն մենք ալ ազատ էինք ծծելու: Հաճելի քաղցր համ մը ունէր, այնպէս որ, օշարակ կարծելով մի քանի անգամ ծծեցի գինիէն, նոյնպէս եւ միւսները: Հազիւ մէկ ժամ անցած՝ արդէն կատարեալ գինովցած էինք բոլորս եւ խոր քունի մէջ թաղուած:

Յաջորդ առաւօտ, երբ ռմբակոծութիւնը կը դադրի, ուսուցիչները կը հաւաքեն աշակերտութիւնը եւ կը նշմարեն մեր բացակայութիւնը: Ամէն տեղ փնտռելէ ետք մառանին պատուհանէն կը նշմարեն մեր քնացած ըլլալը: Կը սկսին դուռը սաստկութեամբ ծեծել: Կէս գինով՝ դուռը կը բանայ Գառնիկը: Միւս երեքս դրան զարնուիլն իսկ չէինք զգացած: Մէյ մըն ալ նշմարեցինք որ արդէն որբանոցի հիւանդանոցի անկողիններուն մէջ կը գտնուինք: Խելքերնիս գլուխնիս գալէն ետք, տեսուչը իւրաքանչիւրիս հինգական գաւազան զարկաւ որպէս պատիժ:

Այդ օրը խաղաղ անցաւ, գիշերն ալ ձիւն եկաւ: Առաւօտ կանուխէն վլվլուկ մը ինկաւ դպրոցին մէջ, թէ՝ Անգլիացիները Երուսաղէմը գրաւած են: Մի քանի Հայ տղաք դպրոցէն փախելով, քաղաքէն դուրս, սակայն դպրոցին մօտիկները, դիմաւորելու գացին անգլիական բանակը: Եւ իրապէս, ստուգելէ ետք թէ անգլիացիներն են, Գառնիկը անմիջապէս ելաւ դպրոցի զանգակատան վրայ եւ գերմանական ու թրքական դրօշակները վար առաւ եւ անոնց տեղ բարձրացուց անգլիական դրօշակ մը, առանց կարեւորութիւն տալու ուսուցիչներուն եւ տեսուչին թշնամական նայուածքներուն: Հայ արիւնը կ'արթննար գրեթէ ուծացած այս տղուն մէջ եւ այդ արարքով կարծէք հայութեան վրէժը կը լուծէր: Այդ անգլիական դրօշակը ուրկէ՞ գտեր էր՝ մնաց առեղծուած:

Ժամը 10-ի ատենները տեսնուեցան անգլիական բանակի յառաջապահները, որոնց մէկ մասը Շնելլէր որբանոցի շրջակայ պրտէզներուն մէջ տեղաւորուեցաւ: Երկու օր ետք, բոլոր թուրք եւ գերմանացի ուսուցիչները հաւաքեցին եւ տարին, եւ դպրոցը իրենք յանձն առին: Առաջին առթիւ էր որ անգլիացիներուն մտնելէն եւ դպրոցը յանձն առնելէն ետք մեր փորերը կշտացան: Այլեւս առատ հաց, պակսիմատ, տուփի միս եւ մսեղէն կերակուր կը ստանայինք: Մէկ շաբաթ անցնելէն ետք սկսան մեզի անգլերէն դաս տալ, զոր կրցանք արագ ըմբռնել, նկատի ունենալով որ գերմաներէնի մօտիկ լեզու էր: Այսպիսով մեր սննդական պայմաններն ալ լաւացան:

ՇԱՐ. 26

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝