Յայտարարութիւն

Friday, January 28, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 27 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 7 – «ԳԱՂԹԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ»

 

Այս դէպքերէն հազիւ երկու ամիս անց, անգլիական բանակը գրաւեց նաեւ Այսր-Յորդանանը. սակայն շաբաթ մը մնալէ ետք նահանջեց: Հայ գաղթականներ առիթէն օգտուեցան եւ սկսան իրենք ալ անգլիական բանակին հետ փախուստ տալ դէպի Երուսաղէմ: Անոնց մէջ էին նաեւ մայրս, փոքր եղբայրս Նշանը, քոյրերս՝ Սառան եւ Զապէլը, որոնք այդ ժամանակ Սալթ կը գտնուէին մօրեղբօրս տունը: Ժողովուրդը ինչ որ կրնար շալակը առնել, առաւ եւ փախաւ դէպի Երուսաղէմ, ուր հասաւ 1918-ի Փետրուար ամսուան ընթացքին: Ես որբանոցին մէջ բոլորովին կտրուած էի մերիններէն եւ ոչ մէկ լուր ունէի իրենց մասին երկար ժամանակ: Ուրեմն երբ լսեցի որ Հայ գաղթականներ եկած են  Ս. Յակոբայ Վանքին մօտ, թրքական զինուորական գշլային «զօրանոցին) մէջ, գաղտագողի փախուստ տուի դպրոցէն եւ գացի այդ գշլան մերինները փնտռելու: Ինծի ըսուեցաւ թէ մի քանի օրէն կը հասնին, ուրեմն հասցէս տուի եւ խնդրեցի որ եթէ պատահի որ մայրս գայ՝ զիս գայ եւ տեսնէ դպրոցս: Մի քանի օր ետք հօրեղբօրս տղաներէն մին եկաւ եւ լուր տուաւ որ մայրս հասած էր: Ուստի, դպրոցէն պաշտօնապէս արտօնութիւն առնելով ուղղակի յիշեալ զօրանոցը գացի մայրս փնտռելու համար: Ինծի ցոյց տրուեցաւ մօրս եւ մերիններուն գտնուած տեղը, մութ սենեակ մը, ուր վազեցի անհամբեր:

Աներեւակայելի եղաւ մօրս ու իմ ուրախութիւնը: Սակայն աչքերուս առջեւ պարզուած թշուառութեան տեսարանը երբ կը փորձեմ աչքիս առաջ բերել՝ մարմնէս սարսուռ կ'անցնի: Մայրս գտայ ցնցոտիներու մէջ, շրջազգեստը նուազագոյնը 60 կարկտանով, բոպիկ, նիհար եւ անճանաչելի: Աւելի վատ էին եղբօրս եւ քոյրերուս հագուստներն ու կերպարանքը: Նշան եղբայրս, հազիւ 11 տարեկան, բոպիկ ոտքով, գզգզուած զըպունով մը, նիհար եւ հիւանդկախ. իսկ քոյրերս՝ քիչ մը աւելի առողջ սակայն դարձեալ ցնցոտիներու մէջ եւ բոլորը հին փսիաթի մը վրայ նստած եւ միակ վերմակը, որ կրցած էին իրենց հետ բերել, ոտքերնուն վրայ դրած էին որպէսզի չսառէին: Բուռն լացինք բոլորս, թէ՛ մեր ուրախութենէն, թէ՛ տրտմութենէն: Մայրս չէր յագենար զիս գգուելէն ու համբուրելէն, ոչ ալ ես՝ զիրենք: Խնդրեցի եղբօրմէս որ մի քանի օրը անգամ մը գայ եւ զիս այցելէ: Ամէն այցի, գաղտագողի, ընկերներէս հաւաքուած չոր թուզ, ձիթապտուղ կամ չամիչ կու տայի իրեն, որ կազդուրուէին: Անգլիական բանակի հրամանատարութիւնն ալ իւրաքանչիւր գաղթականի կու տար օրական 750 կրամ հաց եւ մէկ տուփ անուշ կաթ: Այս էր իրենց միակ սնունդը եւ այսպէս էին բոլոր գաղթականները: Հակառակ թշուառութեան, ժողովուրդը երջանիկ էր որ ազատուած էր թրքական լուծէն եւ սկսած էր յուսադրուիլ թէ ասկէ ետք պիտի ապրէր...:

ՇԱՐ. 27

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝