Յայտարարութիւն

Saturday, January 29, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 28 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 7 – «ԳԱՂԹԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ»


Այդ զօրանոցին մէջ մնացին աւելի քան մէկ ամիս, երբ ես ալ մի քանի անգամ իրենց այցելելու հնարաւորութիւնը ունեցայ: Իմ ունեցած որբանոցի սիրուն հագուստներս ամէնուն նախանձը կը գրգռէր: Շշուկ տարածուեցաւ թէ գաղթականները պիտի փոխադրեն Փոր Սայիտի Քէմբը: Ուրեմն, մեր համագիւղացի մի քանի տղոց հետ միասին որոշեցինք փախիլ որբանոցէն եւ միանալ մեր ծնողներուն: Մեծ եղբայրս Յովսէփը, որ Ամմանի մօտերը Չէրքէզներու քով հովիւ էր, հոն մնացած էր, իրմէ լուր չունէինք եւ մայրս կ'ողբար անոր բացակայութիւնը:

Երբ ստուգեցինք մեկնումի թուականը, գիշեր մը, մեր կիրակնօրեայ գեղեցիկ լաթերը տակէն եւ ամէնօրեայ հագուստները վրայէն հագուելով, Գառնիկին օգնութեամբ փախանք որբանոցէն ու միացանք մեր ծնողներուն: Յաջորդ առաւօտ դպրոցէն եկան մեզ փնտռելու, սակայն այդ բազմութեան մէջ դիւրին էր պահուըտիլը, այնպէս որ՝ ձեռք չինկանք: Մայրս մեր թշուառութիւնը նկատի առնելով շատ խրատեց, որ մնամ որբանոց եւ չերթամ իրենց հետ, սակայն բոլոր խրատները անօգուտ անցան: Ուրեմն, 1918-ի Զատկուան տօնէն մէկ շաբաթ առաջ մեր կարաւանը սկսաւ դէպի Երուսաղէմի կայարանը ուղղուիլ: Երբ ժողովուրդը կ'անցնէր Սուրբ Յակոբայ վանքին քովէն, կ'երեւի թէ Բարեգործական Միութեան կողմէ հագուստեղէն կը բաժնուէր ժողովուրդին: Այնքան աղաչեցի ցրուիչ վարդապետին որ մօրս կտոր մը լաթ տայ մերկութիւնը ծածկելու՝ անօգուտ – անպայման որ աւելի թշուառներու էր վերապահած զանոնք: Մտովի հազար անէծք թափելով ցրուիչ վարդապետի հասցէին, ներքնապէս երդում ըրի որ աշխատիմ այս տարիքիս եւ մօրս, եղբօրս եւ քոյրերուս մերկութիւնը գոցեմ:

Ժողովուրդը փոխադրեցին բեռնատար վակոններու մէջ եւ Երուսաղէմէն 5-6 կայարան անդին՝ տեղաւորեցին Վատի Սարար կոչուած կայարանի մօտիկ վրանաքաղաք մը, որ ուղղակի անգլիական բանակի վերահսկողութեան տակ էր: Ժողովուրդը այնտեղ մնաց աւելի քան չորս ամիս: Այդտեղ էր որ հանդիպեցանք մեր գերդաստանի մնացեալ անդամներուն: Պարզուեցաւ որ գաղթականութեան ընթացքին Անդր-Յորդանանի մէջ մեր գերդաստանէն մօտ 70 անձ մահացած էին, ներառեալ մեծ հօրս եղբայրները, բացի ամենամեծէն՝ Եսայի պապուկէն, որուն մասին կ'ուզէի մի քանի խօսք ըսել, քանի որ հետաքրքրական անցեալ ունեցած էր եւ Մանճիկեաններու ցեղապետ առաջնորդը կը նկատուէր:

Եսայի պապուկը երիտասարդ հասակին եղած է Գարատուրան գիւղի առաջնորդ աղան, նաեւ Մուխթարը, գիւղապետը, եւ սաստիկ հակառակորդ բողոքականութեան: Իսկ դրացի թուրք գիւղացիներու աղաները իրմէ կ'ակնածէին եւ յարգանքով կը վերաբերէին իր հետ: Ըստ իմ յիշողութեան, Եսայի մեծ հայրը ցերեկները ընդհանրապէս իրենց բակը գտնուող, բարձր դիրքով եւ ճամբուն նայող տանձենիին տակ նստած կ'ըլլար: Օր մը պատուելիներէն մէկը երբ ջորիով ծովու թաղերէն կու գայ եղեր, Եսայի պապուկը, օր ցերեկով ձեռքին վառած մյուխր մը (մայրի ծառի փայտ, որ դիւրավառ է մոմի պէս) պատուելիին կու տայ եւ կ'ըսէ. «հրամեցէք»: Պատուելին կը հարցնէ. «այս ի՞նչ է Եսայի աղա»: Եսայի պապուկը կ'ըսէ. «գնա՛ եւ բողոքական ժողովուրդդ փնտռէ այս լոյսով եւ օր ցերեկով», ըսել կ'ուզէր որ անոնց մէջ անզգամներ եւ անուղղաներ գոյութիւն ունէին:

Ուրիշ առիթով մը, մեր Մանճիկեան աղջիկներէն մէկը կը նշանուի բողոքական տղու մը հետ: Երբ տղան եւ իր պարագաները աղջկան տունը կ'այցելեն, ընդհանրապէս իլահի՝ հոգեւոր երգեր կ'երգեն եղեր: Գիշեր մը, երբ նման երգեր կ'երգէին, Եսայի պապուկը, առիթէն օգտուելով, իր փոքր տղուն ձեռքը քերթուած իշու կաշի մը կու տայ, պատուիրելով որ տանի այն տունը ուր իլահի կ'երգուէր, եւ ըսէ. «քանի կ'ողբաք, հայրս կ'առաջարկէ որ այս իշու կաշիին վրայ ալ պէտք է ողբաք...»: Եսայի պապուկը նաեւ գիւղի հարսերուն սարսափն էր. Վայ այն հարսին եւ աղջնակինոր զինք տեսնէր եւ ձեռքը չհամբուրէր...:

ՇԱՐ. 28

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝