Յայտարարութիւն

Sunday, January 30, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 29 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 7 – «ԳԱՂԹԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ»


Ականատես եղած եմ օր մը երբ մայրս հանդիպեցաւ Եսայի պապուկին, փողոցը, մեր տան մօտիկ: Մայրս ծերունիին ձեռքը առաւ եւ համբուրեց, սակայն, կ'երեւի թէ մայրս միայն ճակտին էր տարած ձեռքը՝ յանկարծ մօրս ձեռքը խլեց եւ ձայնով համբուրեց ըսելով. «ձեռքը այսպէս կը համբուրեն», թողելով մայրս ամօթահար:

Եսայի պապուկը սովորութիւն ունէր օրական փոքրիկ գաւաթով օղի խմել, հետեւաբար, երբ որեւէ Մանճիկեան տուն այցելէր, տնեցիները ինքնաբերաբար փոքր գաւաթով օղի կը հրամցնէին: Եթէ օղին հաւնէր՝ կ'ըսէր «ձեր օղին լաւ է բայց ձեր չափը փոքր է», հասկցնելով որ երկրորդ գաւաթ մը կ'ուզէր: Երբ մայրեր ուզէին իրենց երեխաները սաստել կամ զսպել՝ անոնց կ'ըսէին. «եթէ չարութիւն ընես՝ Եսայի պապուկին կը գանգատիմ»: Այնքան հմայք ունէր որ այդ ազդարարութեամբ կը հանդարտէինք: Իրականութեան մէջ շատ համեստ, ազնիւ եւ երեխաները սիրող ծերունի մըն էր:

Թուրք կամ Հայ գիւղապետեր, իրենց մարդոցմով, ղոլամներով, երբեմն այցելութիւններ եւ փոխ-այցելութիւններ կու տային իբրեւ նշան բարի դրացնութեան: Օր մը, Պըտըրսիէ գիւղի թուրք գիւղապետ Ահմատ աղան իր ղոլամներով կ'այցելէ Եսայի պապուկին: Այդ ժամանակները ան նշանաւոր որսորդ էր եւ ունէր որսորդական լաւագոյն զէնքը եւ մանաւանդ՝ նշանաւոր որսորդական շուներ: Կը պատահի որ շուներու փոքր ձագերէն մէկը Ահմատ աղան կը տեսնէ եւ կը խնդրէ որ այդ ձագը իրեն նուէր տայ: Եսայի պապուկը սիրով կու տայ ձագը որ աղան իր հետ տանի: Ամիսներ ետք Եսայի պապուկը փոխ-այցելութեան կ'երթայ Պըտըրսիէ, Ահմատ աղային մօտ, իր մարդոցմով: Կերակուրի նստած ատեն, Ահմատ աղային նուէր տուած շան ձագը, որ բաւական մեծցած էր, ներս կը մտնէ եւ Ահմատ աղան «Օշտ Մանճիկ» կը պոռայ եւ շունը ատոր վրայ դուրս կ'ելլէ: Եսայի պապուկը անմիջապէս կը հասկնայ որ շունը իրմէ առած ըլլալուն, անունը, դիտումնաւոր կամ ոչ, «Մանճիկ» դրած էին, այսինքն իր մականունին կրճատումը: Կը կարմրի մեծ հայրս բայց բնաւ դիտողութիւն չըներ եւ կը սպասէ առիթին կճելու համար Ահամատ աղան:

Ամիսներ ետք Ահմատ աղան իր ղոլամներով կրկին կու գայ մեծ հօրս այցելութեան, ջորիի մը վրայ նստած: Եսայի պապուկը իր երէց որդիին հետ կը դիմաւորէ հիւրը բակին մէջ եւ Ահմատ աղային հարկ եղած թրքական բարի եկարի խօսքերը ըսելէ ետք՝ բարձրաձայն եւ թրքերէնով իր տղուն կը պատուիրէ. « Տղաս, Յովսէփ, առ սա Ահմատ աղան եւ ախոռը կապէ, եւ լաւ տեսակ գարիէն տուր»: Ահմատ աղան կը կարմրի եւ կը բորբոքի, ըսելով. «ինչպէ՞ս կը համարձակիս իմ ջորիս իմ անունովս կոչել»: Մեծ հայրս կը պատասխանէ. «այն համարձակութեամբ, որ դուն իմ քեզի նուիրած շունս իմ անունով Մանճիկ կոչած ես»: Ահմատ աղան անմիջապէս կ'անդրադառնայ սխալին, ներողութիւն կը խնդրէ, ըսելով որ դիտումնաւոր չէ ըրած, եւ առանց ներս մտնելու եւ կերակուր ուտելու կամ հիւրասիրուելու, իր մարդոց հետ միասին երկու ժամուան ճանապարհով իրենց գիւղը կը վերադառնայ եւ կապարով մը շունը սպաննելէ ետք դիակը հետը առած նոյն օրը կրկին կու գայ Եսայի պապուկին մօտ եւ կ'ըսէ.« ահաւասիկ, մեր միջեւ գժտութիւնը այսպիսով թող վերջանայ. հիմա միայն կ'ընդունիմ հիւրասիրութիւնդ»: Ուրեմն այնքան հմայք ունէր Եսայի մեծ հայրս, իր եղբայրներուն ամենէն երէցը, որմէ կ'ակնածէին նոյնիսկ այն ժամանակուան իշխանաւորները:

ՇԱՐ. 29

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝