Յայտարարութիւն

Monday, January 31, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 30 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 7 – «ԳԱՂԹԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ»


Ահա այս Եսայի պապուկին ողջ ըլլալը իմանալով, ուզեցի անպայման տեսնել զինք: Մայրս ոսպէ ապուր մը եփեց եւ ըսաւ որ տանինք պաուկին եւ խնդրենք իրմէ որ մեզի համար աղօթէ: Փոքր եղբայրս Նշանը եւ ես, ապուրը առած գացինք պապուկին վրանը, ուր առանձինն պառկած էր: Այդ ժամանակ պէտք էր 90 տարեկան եղած ըլլար. միայն տեսողութիւնն ու լսողութիւնը քիչ մը տկարացած էին: Մեր բարեւին պատասխանելէ ետք հարցուց թէ որո՞ւ զաւակներն էինք: Երբ իմացաւ, բարի ծերունին յիշեց հօրս մահուան մանրամասնութիւնները, օրհնեց մեզ եւ խնդրեց որ ապուրը քովը ձգենք եւ երթանք: Մեր այդ այցելութենէն երկու օր ետք մեռաւ մեր մեծ հայրերէն վերջինը, Եսային, թշուառ վիճակի մէջ, հեռու իր սիրած ծննդավայրէն: Ամէն մարդ սկսաւ ըսել, թէ Եսայի պապուկը կրնար տակաւին 10 տարի ալ ապրիլ եթէ իրեն պէտք եղած քանակութեամբ օղի տրուէր...

Ի դէպ, Եսայի պապուկը շատ աստուածավախ ծերունի մըն էր, թունդ Առաքելական եւ վերջին ծայր բծախնդիր երբ բանը կը վերաբերէր պապենական մեր աւանդութեանց ու սովորութեանց: Եկեղեցւոյ մէջ ունէր իր անկիւնը, որ բնաւ մտքէս դուրս չի գար: Հոն ծունկի կու գար ժամերգութեան սկիզբէն եւ շարունակաբար խաչակնքելով կ'աղօթէր մինչեւ Պատարագի աւարտը: Չես գիտեր թէ որո՞ւ համար այդքան երկար կ'աղօթէր: Ըստ մօրս, ամէն մէկ խաչ հանելուն, մէկ տղուն, թոռան, թոռան թոռնիկին համար աղօթք մը կ'ընէր: Պատարագը լրանալէն ետք իր տակի մինտէրը (բազմոց) կոկիկ կը ծալէր եւ կը դնէր քովի պահարանին մէջ եւ Աւետարանը չհամբուրած դուրս չէր գար եկեղեցիէն: Բակին մէջ կը խօսակցէր բոլոր գիւղացիներուն հետ, հալ-քէֆ կը հարցնէր, մէկը կը խրատէր, ուրիշ մը՝ կը սաստէր եւ անկէ ետք միայն տուն կ'երթար:

Վատի Սարարի մէջ մեզի յատկացուեցաւ վրան մը, ուր տեղաւորեցինք մեր գոյքերը, հինցած փսիաթ մը, մէկ վերմակ բոլորիս համար, պղինձէ թէնճէրէ (կաթսայ) մը, խոշորկեկ պղինձէ պնակ մը, մի քանի փայտէ դգալներ եւ հնոտի հագուստները մօրս, եղբօրս եւ քոյրերուս: Իսկ ես ունէի իմ որբանոցի կիրակնօրեայ հագուստս, ամէնօրեայ հագուստս, կօշիկ, որ տակաւին կոկիկ վիճակի մէջ էր: Ի տես մօրս, եղբօրս եւ քոյրերուս ցնցոտիներուն ու բոպիկութեան սիրտս կը ճմլուէր եւ կ'ուզէի անմիջապէս աշխատիլ չարաչար, որպէսզի կարենայի այդ ցնցոտիները փոխարինել նոր հագուստներով: Չէի համարձակեր մօրս պատմել տալ իրենց տառապանքներուն մասին երբ ես որբանոց էի, զայն թողնելու այլ առիթներու: Երդուեցայ, որ մինչեւ իրենց հարկ եղած հագուստները չճարեմ, գէթ մէկական հագուստ, մօրս վէրքերը չքրքրել:

Վրանաքաղաքը հաստատուելէն երեք օր ետք, փոքր եղբայրս հետս առած, գացի Վատի Սարարի կայարանը, որ հետիոտն վրանաքաղաքէն մէկ ժամ հեռու էր: Այնտեղ կը գտնուէր հնդկական զինուորական քէմբ մը իսկ անկէ կէս ժամ անդին՝ անգլիական բանակատեղի մը: Հակառակ մեր փոքր հասակին (եղբայրս 11, ես 13) եւ հնդիկ զինուորներուն ահազդու կերպարանքներուն, չվարանեցայ մօտենալ պահակին եւ գիտցած կոտրտած մի քանի անգլերէն բառերով, զորս սորված էի Շնելլէր որբանոցին մէջ մէկուկէս ամսուան ընթացքին, հասկցուցի պահակին որ կ'ուզէի քէմբ մտնել եւ որեւէ ծառայութիւն ընել եղբօրս հետ միասին: Կ'երեւի թէ պահակը ինքն ալ իր զաւակները յիշեց, ուշի ուշով քննեց իմ կոկիկ եւ եղբօրս խեղճ կերպարանքները, եւ գթալով՝ մատնանշեց քէմբին մէկ անկիւնը, ուր կը գտնուէին քէմբին խոհանոցն ու քանթինը եւ պոռալով, հնդկերէնով, կ'ենթադրեմ որ յանձնարարեց մեզի ուտելիք տալ: Խոհարարը անմիջապէս ուտելիք տուաւ: Քիչ մը ուտելէ ետք աղաչեցի որ ծառայութիւն մը ընենք փոխան դրամի, որպէսզի կարենամ մօրս, եղբօրս եւ քոյրերուս հագուստ գնել: Նոյն օրը մեզ խոհանոցին մէջ մանր մունր ծառայութիւններու լծեց, այս բեր այն տար ըսելով: Իսկ զինուորները ինծի հրամայեցին քովի քանթինէն իրենց ծխախոտ կամ կազոզ  գնել եւ մնացեալ մանրուքները ինծի ձգեցին որպէս վարձք:

ՇԱՐ. 30

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝