Յայտարարութիւն

Tuesday, January 4, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 4 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ


Մեր Մանճիկեան ընտանիքը, ըստ մեծ հօրս պատմածին, Քեսապ աւանէն եկած է: Մեծ հօրս հայրը, Պէպօյը (5), Յովհաննէս Մանճիկեանը, եղած է վատառողջ մարդ մը, ուրեմն անկարող՝ հողը մշակելու: Ան գաղթած է Գարատուրան գիւղը, ուր այն ատեն հազիւ 4-5 ընտանիքներ կ'ապրէին, ինչպէս Գալէմտէրեան, Գազազեան, Ղազարեան, Թիթիզեան, Գայիրչեան: Այս թուականներուն գիւղը եղած է անտառային: Ուրեմն պապս մի քանի այծ կը գնէ եւ կը հաստատուի այդ գիւղը ու կը նուիրուի իր այծերու հօտը մեծցնելու գործին: Այդ այծերու անասնաբուծութենէն աստիճանաբար հարստանալով՝ կը գնէ ընդարձակ հողեր: Կ'ամուսնանայ եւ կ'ունենայ 7 մանչ [եւ 3 աղջիկ զաւակներ] (6): Պապուս մանչ զաւակներուն անուններն են, տարիքի կարգով, Եսայի, Պօղոս, Կարապետ, Ճորճ, Փանոս, Մաթէոս եւ Մովսէս: Մեծ հայրս Ճորճը ունեցած է 6 մանչ եւ 3 աղջիկ զաւակներ, որոնց անուններն են, տարիքի կարգով՝ Զենոբ, Մանասէ, Յովհաննէս, [Զերտի] (7), Զարուհի, [Մարի] (8), Աբրահամ, Կարապետ եւ Աւետիս: Ես ուրեմն Մանասէ Մանճիկեանին երկրորդ որդին եմ:

Ատանայի կոտորածէն ետք, երբ արդէն մօտաւորապէս 5 տարեկան էի, կը յիշեմ մեր ընտանեկան վիճակը, որ իրապէս կարելի էր կոչել Նահապետական եւ նման՝ Րաֆֆիի Խենթ-ին մէջ յիշատակուած Տանուտէր Խէչոյի ընտանիքին: Այդ թուականին ուրեմն, 1910-ին, արդէն Զենոբ հօրեղբայրս ամուսնացած էր եւ ունէր 3 զաւակներ: Հայրս ունէր երեք զաւակներ, Յովհաննէս հօրեղբայրս ունէր մէկ զաւակ, իսկ հօրաքոյրերս արդէն ամուսնացած էին: Ընտանիքի անդամներուն թիւը կը հասնէր 19-ի՝ այրեր, կիներ, զաւակներ եւ ամուրի հօրեղբայրներս. ասոնց վրայ պէտք էր աւելցնել մեր մարապան (9), մշակ ընտանիքը՝ ամուսին եւ կին. ուրեմն ընդամէնը 20 անձ, որոնք ամէնը մէկ տան մէջ կ'ապրէին, երկյարկանի, մի քանի երկար սրահներով, եւ այդ բոլորին կերակուրը կ'եփուէր մէկ կաթսայի մէջ եւ բոլորը կը կերակրուէին միեւնոյն սեղանէն:

 

ՇԱՐ. 4

___________________________________________________________________________________________

Ծանօթագրութիւններ

=====================

(5) Պէպոյը Քեսապի բարբառով՝ Մեծ Հայրը: Կը գործածուի նաեւ Պապուկ տարբերակը:

(6) Բնագիրը կ'ըսէ «...չեմ գիտեր եթէ աղջիկ զաւակներ ունեցած է թէ ոչ»: Իր թոռ՝ Յովհաննէս Մանճիկեանէն (ճանչցուած Թոռուն պէպոյը ծածկանունով) քաղուած տեղեկութիւններու համաձայն, գրի առնուած 1956-ին (անտիպ), մեծ-մեծ հայր Յովհաննէս պէպոյը ունեցած է նաեւ երեք աղջիկ զաւակներ...

(7) Բնագիրը կ'ըսէ. «...մեծ հօրաքրոջս անունը չեմ յիշեր»: Ըստ վերոյիշեալ աղբիւրին՝ Զերտի ամուսնացած է Տէմիրճեան Շամոյին հետ:

(8) Բնագիրը կ'ըսէ ամենափոքր հօրաքրոջ անունը Ովսաննա է, իսկ վերոյիշեալ աղբիւրը կը յիշատակէ Մարի անունը:

(9) Մարապա արաբերէն կամ թրքերէն բառ. մեծ հողատէրերուն քով աշխատող երկրագործ, մշակ, որ առանձին կամ ընտանեօք կը բնակի հողատիրոջ կալուածէն ներս եւ իր ապրուստը կը ստանայ հողատէրէն եւ կը վճարուի արտադրուած բերքին մասնաբաժինով:

 

 «»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝