Յայտարարութիւն

Thursday, January 6, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 6 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ


Կ'ուզեմ քիչ մը պատմել մանկութեանս արկածներէն:

Ինչպէս ըսի, մեծ հայրս իր ամբոլղջ ժամանակը լեռները՝ այծերուն եւ հովիւներուն հետ կ'անցնէր, սակայն տաղաւար տօներուն անպայման տուն կու գար, ի մասնաւորի Ծննդեան եւ Զատիկի տօնական օրերուն: Որքան անհամբեր կը սպասէինք մեծ հայրիկին, որ այնքան բարի էր, մանաւանդ գիտէինք թէ թոռներուն համար ինչ-ինչ անակնկալներ կը բերէր լեռներէն եւ որսորդութենէն: Ժամեր առաջ կը սպասէինք մեծ հայրիկին ճանապարհին եւ երբ հեռուէն զինք նկատէինք՝ կը վազէինք իր մօտ: Կը գրկէր իւրաքանչիւրս, կը համբուրէր, կը գգուէր ապա քարի մը վրայ նստած՝ դէմը կը շարէր մեզ, դպրոցականներու նման եւ կը սկսէր հարց ու փորձի:՝ «Հա՛ տղաս, ի՞նչ կ'ուզես որ տամ քեզի պայուսակէս», որ քովը դրուած կ'ըլլար: Այլեւս իրարանցումը կը սկսէր, մէկս նապաստակ կ'ուզէր, միւսը՝ կաքաւ եւայլն: Եւ կարծես բոլորիս նախասիրութիւնները գիտնալով՝ այդ անմոռաց եւ հմայիչ տոպրակէն կը հանէր եւ կու տար մեզի կաքաւներ, նապաստակներ եւ թռչուններ, զորս որսացած էր, երբեմն ալ կենդանի եւ առողջ վիճակի մէջ: Եւ այսպէս, մեծ հայրիկը շրջապատած, աւետիսը կը հասցնէինք տուն, մեր նուէրներով բեռնաւորուած:

 

Իսկ երբ մեծ հայրիկը տուն հասնէր, մայրս ու միւս հարսները-հօրեղբայրներուս կիները, որոնք մեծ հայրիկի բացակայութեան մեր հոգէառները կ'ըլլային, մեզ շարունակ կշտամբելով,- կը պապանձէին մեծ հայրիկին ու մեծ մայրիկին ներկայութեան, անխօս կը մօտենային ծերունիին, ձեռքը կը համբուրէին մէկիկ-մէկիկ, լաչակնին վար առած մինչեւ բերանները: Անմիջապէս որ մեծ հայրիկը նստէր, շրջապատուած թոռներով, հարսերէն մէկը կը մօտենար անխօս եւ կը սկսէր մեծ հօր ճիզմէն (11) հանել ոտքէն. միւս հարսը անմիջապէս կը մօտենար լականով (12) մը, փարչ (13)մը տաք ջուրով եւ անձեռոցը ձեռքին, եւ կը թափէր ջուրը լականին մէջ, որ մեծ հայրիկը ոտքերը լուար:

Այս արարողութիւնը կատարուելէն ետք, երբ զաւակները դաշտէն վերադառնային, կարգով մեծ հայրիկին կը մօտենային ձեռքը համբուրելու եւ քէֆը, հալը (14) հարցնելու: Ապա, բոլորն ալ լուացուելէ եւ մաքրուելէ ետք դաշտային փոշիներէն, գետնին վրայ կը փռուէր նշանաւոր սփռոցը, լի Աստուծոյ բարիքներով եւ ուտելիքներով: Նախքան ընթրիք  սկսիլը՝ մեծ որդին կ'աղօթէր ապա իւրաքանչիւր հարս իր զաւակները շուրջը նստեցուցած, կը սկսէր ընթրիքը: Կիները միշտ անխօս, իսկ տղաքը կը պատասխանէին միմիայն երբ իրենց հայրը հարցում հարցնէր: Իսկ մենք՝ մանուկներս, կարծես վարժ այդ օրէնքներուն, անխօս ընթրիք ընելէ եւ քիչ մըն ալ բակը խաղալէ ետք, անկողին կը մտնէինք եւ քիչ մը իրար հետ գզուըտելէ ետք կը թաղուէինք անուշ երազի մէջ, երջանիկ այդ օրուան մեծ հայրիկին նուէրներով: Տօնական օրերը տունը անցնելէ ետք մեծ հայրս դարձեալ կը մեկնէր՝ թոռներուն զանազան ապսպրանքներովը բեռնաւորուած, երջանիկ եւ գոհունակ:

ՇԱՐ. 6

_____________________________________________________________________

Ծանօթագրութիւններ

======================

(11) Ճիզմէ – երկարավիզ կօշիկ:

(12) Լական – պղինձէ կլայեկուած տափակ կաթսայ:

(13) Փարչ – կաւէ փոքր կուժ, սափոր:

(14) Քէֆ – որպիսութիւն, տրամադրութիւն – Հալ - վիճակ

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝