Յայտարարութիւն

Friday, January 7, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 7 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ


Պէտք է ըսել որ մեծ մայրս, Ղազարեաններու աջիկ, հուժկու եւ յաղթանդամ կին մըն էր եւ տան իրական կառավարիչը: Հակառակ անոր որ հարսները մեծ մօրս ներկայութեան ալ չէին խօսեր, սակայն, որոշ ժամանակէ մը ետք , ինքը կը պարտադրէր որ անոնք ուղղակի իր հետ խօսին եւ ո՛չ թէ նշանացի՝ ինչ որ այն ժամանակ նահապետական սովորութիւնն էր: Երբեմն մեծ մայրս ալ լեռ կ'երթար ամուսնոյն օգնելու, մանաւանդ երբ այծերը ծնունդ կու տային իրենց ուլիկներուն: Հոն կաթին կը հսկէր, կարագ, պանիր ու իւղ կը պատրաստէր: Շատ անգամներ ես ալ մեծ մօրս հետ կ'երթայի ուպան, այծի մազէ հիւսուած քիլիմներով (15) կազմուած հսկայ վրան մը, ուր խառն ի խուռն զետեղուած կ'ըլլային այծի մազը, կաթսաներով կաթը, մածունը, սերը, կարագը: Լաւագոյն կարագը, լաւաշով, թոռներուն էր վերապահուած: Մեր մանկութեան ամենէն ցանկալի պահերն էին, երբ ազատօրէն լեռներուն վրայ, ուպային մէջ կամ լեռներուն վրայ կը գտնէինք մեր կատարեալ ազատութիւնը, զերծ մօրս կշտամբանքներէն: Մեծ մօրս քաջալերանքով եւ թոյլտուութեամբ երբեմն նոյնիսկ կը մտնէինք նորածին ուլիկներու փարախին մէջ եւ կը խաղայինք ուլիկներուն հետ, սեփականացնելով այս կամ այն ուլիկը: Բնական է որ ուպայի մեր այս այցելութիւնները կ'ըլլային դպրոցական արձակուրդներու կամ տօնական օրերու ընթացքին:

Երբ արդէն ութ տարեկան էի, ունէինք մեր կռուարար խումբը, մեր թաղի տղաներէն կազմուած, կռուելու համար այլ թաղեցի տղոց դէմ, երբեմն մենք զանոնք կը ծեծէինք ու կը քարկոծէինք եւ երբեմն ալ մենք անոնցմէ ծեծ կ'ուտէինք:

 

Հայրս, հակառակ անոր որ գիւղի նախակրթարանը աւարտած էր, նաեւ Լաթաքիոյ մէջ արաբերէնով ուսում առած, նախընտրած էր եղբայրներուն հետ մշակութիւն ընել եւ մեր հողերը զարգացնել: Հայրս խիստ էր, մանաւանդ իմ չարութիւններուս հանդէպ, եւ ես յաճախ տփոց կերած եմ հօրմէս անոնց պատճառով:

 

Իմ չարաճիճիութիւններս մեծ թափ կ'առնէին պտուղներու նոր հասուննալու շրջանին: Պէտք է ըսել որ դպրոցին մէջ յառաջադէմ էի, սակայն պտուղներու նոր հասունցած շրջանին, մի քանի ընկերներու հետ համախորհուրդ, դպրոցական մեր պայուսակները թուփի մը մէջ կը պահէինք եւ ամբողջ օրը պարտէզներուն մէջ կը թափառէինք, կէս հասունցած պտուղ ծամելով: Իսկ երեկոյեան, մեր դպրոցական ընկերներէն մէկուն կը հարցնէինք դասատեղերը, լաւ մը կը սերտէինք եւ երբ հայրս հարցնէր դասին տեղը եւ կարդալ տար, կը նկատէր որ լաւ սորված եմ դասերս: Անգամ մը, մէկ շաբաթ նոյն ձեւով բացակայեցանք դպրոցէն եւ ուսուցիչը, կասկածելով որ հիւանդ եմ, հօրս կը հարցնէ թէ արդեօ՞ք հիւանդ էի: Հայրս կը պատասխանէ թէ տղաս դպրոցն էր – չէ՞ որ ամէն օր դասս կարդալ կու տար եւ կը տեսնէր թէ զայն լաւ սերտած էի : Ուսուցիչը այն ատեն կը յայտնէ թէ մէկ շաբաթէ ի վեր դպրոց չէի եղած: Երեկոյեան հայրս անտարբերօրէն հարցուց թէ ուր էի այսօր, եւ ես, ինքնավստահ որ դասս լաւ գիտէի, պատասխանեցի թէ դպրոցն էի: Այս կրկնակի ստախօսութեան համար պատիժս կրելէ ետք, գաղտնիքը յայտնեցի եւ այլեւս չկրցայ այդ տարուան մնացեալ պտուղներէն օգտուիլ...:

 

ՎԵՐՋ ԱՌԱՋԻՆ ԲԱԺԻՆԻՆ  - ՇԱՐ. 7

ԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱԺՆԻՆ ՄԷՋ ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՆԱՀԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՃԱԽԻՆ ՄԱՍԻՆ

Ծանօթագրութիւններ

======================

(15) Քիլիմ գոյնզգոյն լաթերու շերտերով հիւսուած կապերտ: Ընդհանրապէս հովիւներու ուպան կը կառուցուէր այծի մազէ հիւսուած գորգերով, որոնք կը կոչուէին պլլուոս:

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝