Յայտարարութիւն

Monday, January 10, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 9 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ (Նահապետական Օճախը)


Հայրս եւ հօրեղբայրներս կարգ մը թելադրութիւններ եւ փոփոխութիւններ առաջարկեցին, որոնք երբ բոլորին հաւանութեան արժանացան , մեծ հայրս հանեց իր ֆէսը (գլխարկ) եւ մէջը դրաւ այդ 7 թուղթերը, այսինքն 6 բաժին որդիներուն եւ մէկ բաժին ալ իրեն եւ մեծ մօրս, եւ զիս կանչելով ըսաւ. «Մանչուկս, մէկ հատ թուղթ քաշէ եւ տուր մեծ հօրեղբօրդ՝ Զենոբին», եւ այսպէս շարունակաբար իւրաքանչիւր որդի առաւ իր բաժինը, որ գրուած էր թուղթին վրայ:

Այս արարողութիւնը կատարելէ ետք, մեծ հայրս, որպէս տան նահապետ, օրհնեց որդիները եւ ըսաւ որ իւրաքանչիւրը իր բաժինէն, լաւ կամ վատ, գոհ մնալու է եւ ջանալու այսուհետեւ իր ստացուածքները իր ջանքերով զարգացնել եւ աւելցնել, պատուիրելով որ որ երբեք, որեւէ ժամանակ, ստացուածքի համար եղբայրներուն միջեւ անհամաձայնութիւն չուզեր տեսնել, այդպիսով բարձր պահելով ընտանիքին վարկն ու պատիւը:

Գալով անասուններուն՝ այծ, կով, եզ, էշ, ձի եւայլն, մեծ հայրս ըսաւ. «Անոնք կը մնան իմ խնամքիս տակ եւ հասարակաց բոլոր զաւակներուս, այնքան ժամանակ որ կ'ապրիմ, պայմանաւ որ իւրաքանչիւրդ ստանաք ինձմէ ձեր տարեկան բոլոր պէտքերը ինչպէս իւղ, կարագ, մածուն, պանիր, կաթ, որքան որ պէտք է իւրաքանչիւրիդ: Իսկ այժմ, կը յանձնարարեմ որ երկու մեծ եղբայրները շուտափոյթ յանձն առնեն նոր տուներու կառուցումը, դարձեալ հասարակաց ծախսով, երեք ամուսնացած որդիներուն համար՝ մէկական հատ, եւ մէկ հատ ալ չորրորդ զաւակիս համար որ մօտ օրէն ամուսնացնելու նպատակ ունիմ: Իսկ միւս երկու զաւակներս, որոնք տակաւին անչափահաս են, կը մնան այս հին նահապետական տան մէջ, մարապային հետ միասին:

Ուրեմն այսպէս, ամենապարզ ու նահապետական ձեւով, առանց անհամաձայնութեանց եւ տրտունջքի, մեծ հայրս բաժնեց իր ստացուածքները եւ ըստ փափաքին, հայրս ու մեծ հօրեղբայրս՝ Զենոբը, անմիջապէս ձեռնարկեցին չորս նոր տուներու կառուցման: Երկու փոքր հօրեղբայրներս կատարեցին այդ տարուան հողամշակութիւնը մնչեւ որ տուները կառուցուեցան: Ըստ մեծ հօրս յատկացումին, իւրաքանչիւր ամուսնացած զաւկին գոյքերն ու պարէնները նոր տուներ փոխադրելէ ետք, օրհնութեամբ ու համբուրելով ղրկեց իր զաւակները իրենց նորակառոյց տուները, կիներուն եւ զաւակներուն հետ միասին: Մինչեւ օրս, 1958 թուական, երբ այս տողերը կը գրեմ, կարծէք մեծ հօրս պատուէրը բոլորիս սրտերուն մէջ տեղաւորուած է. մեր ընտանիքին մէջ կալուածի համար բնաւ ըսի-ըսաւ չէ պատահած:

ՇԱՐ. 9

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝