Յայտարարութիւն

Saturday, January 15, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 14 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ԵՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 3 – ԿԱՐՄԻՐ ՁԻՆ


1914-ի  գարնան գիշեր մը, երբ հայրս Մերսին ճամբորդած էր եւ մենք կը քնանայինք, Կարապետ հօրեղբայրս, որ մօրս շատ սիրելին էր, գիշերուան ժամը տասի ատենները մեր տուն եկաւ եւ սկսաւ մօրս հետ փսփսուքով խօսիլ: Պատահաբար դեռ քնացած չէի բայց քնացած ըլլալ կը ձեւացնէի եւ ականջներս սրած մօրս եւ հօրեղբօրս փսփսուքին ականջ կը դնէի: «Գիտես հարսնուկ, եղբայրս եւ Ստեփան ամմօն Էլ Հավան բռնած են եւ այժմ Զենոբ եղբօրս ախոռը բանտարկած են եւ պիտի տանին սպաննելու»: Այս յայտնութեան վրայ մայրս թունդ ելած ըսաւ. «Աման օղլում, չըլլայ ուրիշին ըսես, մեր տունը կը քանդուի» եւ սկսան աւելի ցած ձայնով խօսիլ: Սարսափը զիս պատեց, ինչպէ՞ս թէ Էլ Հավան սպաննեն (այդ առասպելական աւազակը մեր մանուկ երեւակայութեան), մանաւանդ աւազակին այդքան մօտիկ ըլլալը, հօրեղբօրս ախոռին մէջ, հոգ չէ թէ կապկպուած...: Մանուկի տրամաբանութիւնս չէր կրնար ըմբռնել եղելութիւնը իսկ Զենոբ եւ Ստեփան ամմօները – այս երկուքը հռչակ ունէին մեր գիւղին մէջ որպէս ամենակտրիճներ – իմ աչքիս իսկական հերոսներ կը դառնային:

Յաջորդ առաւօտ մայրս Յովսէփ եղբայրս ու զիս պարտէզ ղրկեց թիթենիի տերեւ քաղելու՝ շերամներուն համար (1): Գաղտնիքը շատ հետաքրքրական է եւ սարսափը զիս պատած է: Ամէն կողմս Էլ Հավան կը նշմարեմ: Չկարենալով այլեւս դիմանալ, կ'ուզեմ գաղտնիքս կիսել եղբօրս հետ, հակառակ անոր որ նախանցեալ գիշեր կռուած էինք իրարու հետ եւ ճիշտ ատոր համար էր որ դեռ չէի քնացած եւ այդ սոսկալի գաղտնիքին տիրացած: «Յովսէփ գիտե՞ս որ Էլ Հավան բռներ են Զենոբ եւ Ստեփան ամմօները եւ տարեր մեռցուցեր են...»: Եղբայրս ըսաւ թէ «սուս, չըլլայ որ արտասանես անգամ մըն ալ, ես ալ լսեցի, ես ալ արթուն էի: Չլսեցի՞ր մաման ինչ ըսաւ ամմոյին, թէ մեր տունը կը քանդուի եթէ տարաձայնուի...»: Ամիսներ ետք ձերբակալեցին հօրեղբայրս եւ մի քանի անմեղներ, սակայն բաւարար ապացոյց չգտնելով՝ ազատ արձակեցին:

ՇԱՐ. 14

__________________________________________

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

(1(1)    Շերամաբուծութիւնը, որուն համար անհրաժեշտ է մշակել թիթենիի ծառաստաններ, ընդհանրացած էր Քեսապի կարգ մը գիւղերուն մէջ մինչեւ 1940-ական թուականները: Գեղջկական պարզ գործիքներով շերամի խոզակներէն կը պատրաստուէր մետաքսի շողշողուն եւ դեղին գոյնով թելը: Խոշոր կաթսայի մը եռացած ջուրին մէջ կը նետուէին խոզակները եւ որոշ ժամանակէ մը ետք խոզակներու մակերեսէն կը քակուէին մետաքսի թելերը, որոնք կ'առաջնորդուէին ձեռքով դարձող փայտէ խոշոր անիւի մը վրայ, մինչեւ որ խոզակը բոլորովին մաշէր եւ մէջի շերամի որդը միայն մնար, այսպիսով քակելով շերամին կառուցած գեղեցիկ թագստոցը: Յայտնաբերուած շերամին որդը փնտռուած կեր էր կարթով ձկնորսութեան համար: 1947-ին, Հայաստան ներգաղթէն ետք, շերամաբուծութիւնը Քեսապի մէջ դանդաղեցաւ եւ բոլորովին դադրեցաւ երբ խնձորի եւ այլ հասութաբեր պտուղներու մշակութիւնը ծայր առաւ:

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝