Յայտարարութիւն

Monday, February 28, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 57 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՉՈՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 14 – «ԿԵԱՆՔԻ ԱՍՊԱՐԷԶ»


Այս նեղ կացութիւնս շարունակուեցաւ ճիշտ մէկ տարի: Յաջորդ տարին, այսինքն 1925-ի Յունուարին, սկսայ ստանալ 5 եգիպտական ոսկի եւ այսպիսով ապրելաձեւս զգալիօրէն բարելաւուեցաւ, նոյնիսկ կրցայ ամսական կէս ոսկի վճարումով , 6 ամիսներու ընթացքին մասնաւոր դասեր առնել տեղւոյն անգլիացի պատուելիէն՝ անգլերէն թղթակցութեան (correspondence) եւ հաշուակալութեան, որոնք պաշտօնիս համար շատ օգտակար եղան: Վարպետս, Պրն Քասսարը, շարունակ հետս ֆրանսերէն կը խօսէր, իսկ ես, թէեւ կը հասկնայի, սորված էի, սակայն խօսակցութեան բնաւ վարժութիւն չունենալուս՝ արաբերէնով կը պատասխանէի: Օր մը ըսաւ. «տղաս, դուն ֆրանսերէն չե՞ս գիտեր»: Պատասխանեցի. «գիտեմ սակայն քիչ, ձեր ըսածները կը հասկնամ սակայն խօսակցութեան վարժութիւն չունիմ բայց կը խոստանամ մէկ տարիէն ձեզի հետ սահուն ֆրանսերէն խօսիլ»: Ըսաւ որ ֆրանսերէնը այդքան դիւրութեամբ չէի կրնար սորվիլ, անհնարին էր մէկ տարուան մէջ լաւ ֆրանսերէն սորվիլը. սակայն, եթէ կարենայի իր բոլոր հարցումներուն ֆրանսերէնով պատասխանել, եկող կաղանդին ամսականս պիտի կրկնապատկէր: Ուրեմն գրաւի եկանք- թէեւ վստահ եմ զիս քաջալերելու համար էր ըրած այս խոստումը:

Այդ օրուընէ սկսեալ միմիայն ֆրանսերէն վէպեր սկսայ կարդալ, բոլորն ալ բարձրաձայն. նախ՝ դիւրաւ հասկնալի վէպեր, ապա խոշոր հատորներ, ամէն գիշեր ժամը 8.30-էն մինչեւ կէս գիշեր: Գրասենեակին մէջ, թէ՛ պաշտօնեաներուն եւ թէ՛ յաճախորդներուն հետ սկսայ ֆրանսերէն խօսիլ. եթէ նոյնիսկ իրենք հետս արաբերէն խօսէին՝ իմ ֆրանսերէն պատասխաններովս ձեւով մը կը ստիպէի իրենց ֆրանսերէն խօսիլ: Հեռաձայնի վրայ անգամ ծանօթ յաճախորդներու սկսայ ֆրանսերէով պատասխանել: Բնական է, որ առաջին մի քանի ամիսները սխալ ու անճոռնի կը խօսէի եւ պաշտօնակիցներուս խնդուքին ու ծաղրանքին առարկայ կը դառնայի, սակայն բնաւ հոգս չէր, ես յամառօրէն կը շարունակէի ֆրանսերէն խօսիլ: Այդ մէկ տարուան ընթացքին կարդացի աւելի քան 35 վէպ, որոնց մէջ հսկայ հատորներ ինչպէս Թշուառները, Փարիզի Գաղտնիքները, Երեք Հրացանակիրները, Մոնթէ Քրիսթոյի Կոմսը, որոնք ե՛ւ հետաքրքրական էին ե՛ւ դիւրաւ հասկնալի, այնպէս որ մինչեւ տարեվերջ սկսայ մաքուր ֆրանսերէն խօսիլ: Նկատելով որ ֆրանսերէնը քերականօրէն չէի սորվեր՝ գրելու ժամանակ ահագին տառասխալներ կ'ընէի, սակայն վարպետիս հետ գրաւը խօսիլն էր, ո՛չ գրելը:

Ուրեմն, 1925-ի Դեկտեմբեր 31-ի երեկոյեան, կաղանդի գիշեր, մտայ Պրն Քասսարի գրասենեակը եւ ֆրանսերէնով ըսի թէ պատրաստ էի քննութեան ենթարկուելու: Ինք գրեթէ մոռցած էր մեր գրաւը, սակայն բաւական կոկիկ ֆրանսերէն խօսիլս իմանալով՝ հաճոյք զգաց եւ սկսաւ նաւային գործերու առնչուած զանազան հարցեր տալ ֆրանսերէնով, որոնց բոլորին բաւական մաքուր ֆրանսերէնով պատասխանեցի, դանդաղօրէն եւ բառերուս վրայ մտածելով: Այնքան գոհ մնաց որ տուած խոստումը յարգեց եւ այդ օրէն սկսեալ ամսականս կրկնապատկեց եւ այսպիսով տնտեսական մղձաւանջէս բոլորովին ազատեցայ: Այն նեղ օրերուն, եթէ Քեսապ եղբօրս կամ հօրեղբօրս գրէի՝ վստահ եմ որ ինծի պիտի օգնէին, սակայն նորելուկ երիտասարդ ըլլալուս՝ արժանապատուութեան հարց էր ինծի համար օգնութեան ձեռք կարկառելը...: Այսպէս, 1926-էն սկսեալ, որքան յառաջացայ գործիս մէջ այդքան աւելի վարձատրուեցայ:

ՇԱՐ 57

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Sunday, February 27, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 56 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՉՈՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 14 – «ԿԵԱՆՔԻ ԱՍՊԱՐԷԶ»


Մտադրեցի գրասենեակի մը մէջ պաշտօն մը ճարել եւ այլեւս ինքնաշխատութեամբ զարգանալ: Ուրեմն, գրեթէ ամիս մը Երուսաղէմի մօրաքրոջս տան մէջ մնացի եւ գործ մը չկրցայ գտնել: Այդ ամիսներուն Արամ Սարկաւագը վարդապետ օծուեցաւ, Մամբրէ վարդապետ եւ ղրկուեցաւ Եաֆա, որպէս Եաֆայի տեսուչի օգնական եւ ժամարար: Դպրոց եղած շրջանին զիս շատ սիրելուն, իրեն երկտող մը գրեցի եւ խնդրեցի իրմէ որ ինծի գործ մը ճարէ: Պատասխանեց որ քովը երթամ՝ Եաֆա: Այդպէս ալ ըրի: Գիտցած անգլերէնս, թէեւ դպրոցին մէջ լաւագոյներէն էի, բաւարար չէր պաշտօնեայ ընդունուելու համար: Սակայն, Հայր Սուրբը զիս տեղաւորեց իր ծանօթներուն շրջանակէն Պրն Անթուան Քասսարին քով, Prince Line՝ խտիւական նաւային ընկերութիւններուն ներկայացուցիչը: Հոն 3 ամիս վարժութեան համար պիտի ծառայէի ձրիաբար: Անկէ ետք, եթէ յառաջդիմէի, խոստացաւ ինծի ամսական տալ:

Այդ երեք ամիսներուն ընթացքին, ազնիւ Մամբրէ վարդապետ Գալֆայեանը զիս կերակրեց եւ կարգադրեց որ Յունաց վանքին մէջ ալ սենեակ մը ունենամ, առանց վարձքի, քանի որ լաւ յունարէն գիտէր եւ յունաց վանքի տեսուչին բարեկամ էր: Յունաց վանքին դուռն ալ, ըստ սովորութեան, գիշերը ժամը 8.30-ին կը գոցուէր. հետեւաբար, ժամը 8.30-էն մինչեւ կէս գիշեր կը սերտէի եւ ինքնաշխատութեամբ կը փորձէի անգլերէնս զօրացնել: Պրն Քասսարի գրասենեակին մէջ ինծի յանձնեցին Ֆայլինկ-ի պաշտօնը, ուր ամէն առիթ տրուած էր ինծի բոլոր նամակները թղթատելու, կարդալու եւ իրենց տոսիէներուն՝ թղթապանակներուն մէջ տեղաւորելու: Այս աշխատանքը շատ օգտակար եղաւ ինծի. աստիճանաբար ալ սկսայ գրամեքենայի վրայ վարժութիւններ ընել, այնպէս որ, այդ երեք ամսուան պայմանաժամի ընթացքին բաւարար յառաջդիմութիւն ցոյց տուի եւ չորրորդ ամիսը ինծի երեք եգիպտական ոսկի վճարումով պաշտօնեայ ընդունեցին:

Այդ տարիներուն, պատերազմէն անմիջապէս ետք, կեանքը շատ սուղ էր եւ երեք եգիպտական ոսկին չնչին ամսական էր, սակայն գոնէ անօթի չէի մնար: Ունեցածս մէկ հագուստ էր, խաքի կտորէ, գոց օձիքով, Ժառանգաւորացէն հետս բերած, եւ մէկ փոխնորդ ճերմակեղէն եւ գուլպայ: Ուրեմն, Մամբրէ վարդապետը զիս ամիս մը եւս կերակրեց, որպէսզի կարենամ առաջին ամսականէս փոխնորդ հագուստ գնել:

Յարատեւօրէն եւ առանց բացառութեան, ամէն գիշեր ժամը 8.30-էն մինչեւ կէս գիշեր շարունակեցի ինքնաշխատութեամբ զարգանալ. գրասենեակին մէջ ալ չարաչար կ'աշխատէի եւ կ'ընէի ամէն ինչ որ ինծի կը յանձնուէր տնօրէնին եւ պաշտօնէութեան կողմէ: Շատ ազնիւ տնօրէն մը ունէինք Ճորճ Հալապի անունով, որ որեւէ ըրած գործիս, եթէ նոյնիսկ սխալ ըլլար, գէշ է չէր ըսեր, այլ՝ « Շատ լաւ է տղաս միայն եթէ այս բառը կամ նախադասութիւնը այսպէս գրես՝ աւելի լաւ կ'ըլլայ» եւ կամ՝ «կարծեմ թէ այս բառը այսպէս կը գրուի» ըսելով գրածներս կը սրբագրէր եւ կրկին գրել կու տար մինչեւ որ հաւնէր:

Այսպիսի ազնիւ քաջալերանքով մէկ տարուան մէջ բաւական յառաջդիմեցի: Առաջին տարին շատ անձուկ վիճակ ունեցայ: Պաշտօնավարութեանս հինգերորդ ամսուն Մամբրէ վարդապետը Ֆրանսա գնաց որպէս Մարսիլիոյ հոգեւոր հովիւ: Մնացի առանց նեցուկի եւ պիտի բաւարարուէի երեք եգիպատականի ամսականովս: Այդ տարուան մէջ պատահած են ամիսներ որ նախաճաշ չեմ ըրած, պարզապէս որպէսզի նախաճաշի դրամը խնայելով ինծի կարենամ գիրք մը, տետրակ մը կամ շապիկ մը գնել: Իսկ ճաշս ու ընթրիքս կ'ըլլային շատ համեստ, ընդհանրապէս հաց ու պանիր եւ ձիթապտուղ եւ շաբաթը անգամ մը կամ երկու կը համարձակէի ճաշարան երթալ տաքուկ ճաշ մը ուտելու համար:

ՇԱՐ 56

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Saturday, February 26, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 55 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆԵՐԵՔԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 13 – «ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ»


Պատահեցաւ ժամանակ մը , որ մօտ երկու ամիս նամակ չստանամ: Մտահոգ՝ տեսուչին շարունակ կը հարցնէի թէ հօրեղբօրմէս նամակ եկա՞ծ էր եւ միշտ «ո՛չ» պատասխանը կը ստանայի: Մէջս կասկած արթնցաւ եւ դիմեցի Արամ Սարկաւագին – հետագայ Մամբրէ Արք. Գալֆայեան: Ան ըսաւ որ իրմէ լսած չըլլամ, ասկէ շաբաթ մը առաջ նամակ մը տեսած էր տեսուչին գրասեղանին վրայ եւ որ այժմ անոր ձախ դարակին մէջն էր: Ան կը կասկածէր որ տեսուչը չէր ուզեր նամակը ինծի տալ: Ուրեմն անմիջապէս տեսուչին քով գացի եւ երբ ըսաւ թէ նամակ չունիմ, ըսի թէ սխալ է այդ եւ թէ նամակս իր ձախ դարակին մէջ կը գտնուի: Նախ զարմանք կեղծեց, բացաւ դարակը, եւ իբրեւ թէ կարդաց նամակը եւ ապա ըսաւ թէ լաւ չէ որ այս նամակը կարդաս: Պնդեցի որ քանի ինծի ուղղուած է նամակը լաւ կամ վատ ինծի կը պատկանի եւ թէ հարկ է որ ինծի յանձնուի: Ջղայնացած՝ ինծի նետեց նամակը, զոր առնելով դուրս ելայ:

Այդ նամակին մէջ հօրեղբայրս կը գրէր «լսեցի որ վարդապետ ձեռնադրուիլ կ'ուզես. Չըլլայ որ ըլլաս, այլ միայն ուսումիդ նայէ եւ երբ դպրոցը աւարտես ձգէ եւ ելիր»: Չեմ գիտեր թէ հօրեղբայրս ուրկէ լսեր էր այդպիսի լուր մը, որ ճիշտ չէր, քանի որ ես երկար ժամանակ ունէի դպրոցս աւարտլու եւ այդ մասին երբեք մտածած չէի: Տակաւին ականջիս մէջ կը հնչէին Պատրիարք Դուրեանին խրատները խնդրագիր ներկայացուցած ատեն, երբ ըսաւ. «Տղաս, քեզի համար դեռ կանուխ է կղերական ըլլալու մասին մտածել, քանի որ միայն հասուն տարիքիդ կարելի է նման որոշում մը առնել»:

Ուրեմն, տեսուչը չէր ուզեր այդ նամակը ինծի յանձնել, վախնալով որ հօրեղբօրս գրածէն կրնար միտքս պղտորիլ...: Այդ թուականէն սկսեալ տեսուչը սկսաւ պաղ վերաբերում ցոյց տալ ինծի հանդէպ, եւ ոչ միայն ինք այլ ուսուցչական կազմէն ալ ոմանք, որոնք տեսուչին ազդեցութեան տակ էին, մանաւանդ՝ հսկիչը: Սկսան ամենաչնչին յանցանքին կամ չարութեան համար խստիւ պատժել զիս, այնպէս որ պատանի տարիքիս ընդվզեցայ եւ սկսայ աւելի չարութիւն ընել եւ ի վերջոյ տեսուչին գրեցի որ կ'ուզեմ դպրոցէն ելլել եւ հրաժարականս ներկայացուցի գրաւոր: Տեսուչը քովը կանչեց եւ ըսաւ . «մենք քեզ երկու տարի ձրիաբար կերակրած եւ ուսում տուած ենք, ուրեմն, ըստ Ժառանգաւորացի օրէնքին, պարտաւոր ես ատոր փոխարէն նուազագոյնը մէկ տարի ձրիաբար ծառայել վանքին եւ անկէ ետք միայն կրնաս դպրոցը ձգել»: Պատասխանեցի որ պիտի ելլեմ առանց ձեր ըսած ծառայութիւնը ընելու: Տեսուչը սպառնաց ոստիկանութեան միջոցաւ օրէնքը պարտադրել, եւայլն:

Դպրոցէն ելլելու մէկ միջոց ունէի, այնքան չարութիւն ընել որ իրենք զիս վռնտէին: Ուրեմն սկսայ դասարան չերթալ, ճաշերս առանձին ընել, ընդդիմացող ուսուցիչներուն հետ կռիւ ընել: Երբ այս բոլորը չօգնեցին՝ սկսայ ցերեկները առանց հրամանի վանքի շրջափակէն դուրս ելլել եւ պտոյտի երթալ: Կը ջանայի վերադառնալ ճիշտ ժամը 3-ին, երբ տղաքը երեկոյեան ժամերգութեան կ'երթային, որպէսզի տեսուչը, որ երբեմն կ'ընկերանար տղոց, զիս տեսնէր որ դուրսէն կու գայի: Եւ պատահեցաւ որ օր մը, այդ ժամուն, դուրսէն եկած պահուս, ինծի հանդիպի: Խիստ ոճով հարցուց թէ ուրկէ կու գայի: Ըսի՝ դուրսէն: «Ուրեմն կորի՛ր եկած տեղդ եւ անգամ մըն ալ չտեսնեմ քեզ»:  Ես ալ ըսի՝ «շատ շնորհակալ եմ, այն որ ազնուութեամբ պահանջեցի ամիսներ առաջ, եւ դուք մերժեցիք՝ այժմ կը ստանամ» եւ գլուխս առած ուղղուեցայ մօրաքրոջս տունը:

ՇԱՐ 55

ՎԵՐՋ 13ՐԴ ԲԱԺԻՆԻՆ

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»