Յայտարարութիւն

Tuesday, February 1, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 31 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 7 – «ԳԱՂԹԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ»


Այսպիսով, առաջին օրը մօտաւորապէս 10 եգիպտական դահեկան շահեցայ իսկ երեկոյեան, չմեկնած, մեզի տուին մէկ տուփ միս, հաց մը, պաքսիմատ, եւ որ ամենէն թանկագինն էր՝ քիչ մը հինցած զինուրական բուրդէ զգեստ մը: Անմիջապէս վերադարձանք մեր վրանը, շատ ուրախ տրամադրութեամբ, ուր մայրս անձկութեամբ դիմաւորեց մեզ: Խեղճը դող ելած էր, խորհելով թէ մինչեւ իրիկուն անօթի ծարաւ մնացած էինք: Երբ պատմեցինք մեր յաջողութիւնը, մօրս ուրախութիւնը անսահման էր, մանաւանդ մեր բերած զինուորական հին զգեստին համար, զոր անմիջապէս սկսաւ քակել եւ յարմարցնել՝ եղբօրս տաբատ մը եւ ժաքէթ մը կարելու: Մինչեւ կէս գիշեր, թիթեղէ եւ ձէթով վառող փոքրիկ ճրագին դիմաց մայրս ասեղ զարկաւ եւ առաւօտուն արթննալուն պէս եղբօրս հագցուց տաքուկ-տաքուկ եւ հրճուանքով: Երեւակայեցէք՝ ձեռքով եւ հապճեպով կարուած մեծ զինուորի մը տարազը յարմարցուած 11 տարեկան տղու մը: Հաւանաբար ծիծաղելի էր բայց տաքուկ, ինչ որ թէ՛ մօրս թէ՛ ինծի գոհունակութիւն կը պատճառէր: Իսկ մայրս, որ տարիներէ ի վեր դրամի երես չէր տեսած՝ 10 եգիպտական ղրուշ ունէր, եւ ինչե՜ր կարելի էր գնել այդ աննշան գումարով...:

Ասկէ քաջալերուած, յաջորդ օրը եւ մի քանի շաբաթ շարունակ, նոյն ձեւով այդ հնդիկ զինուրներու քէմբը ծառայեցինք եղբայրս ու ես, որ այժմ որոշ չափով ինծի պէս կոկիկ էր եւ պաղէն չէր դողար: Ամէն օր մօտաւորապէս 10 ղրուշ եւ պարէն վաստկած տուն կը վերադառնայինք: Չմոռնամ ըսելու որ բոլոր գաղթականներուն օրական մէկ կերակուր կը տրուէր, ընդհանրապէս ոսպով կամ բրինձով եփուած թանձր ապուր, մէջը երբեմն միսով, առատ հաց, իսկ իրիկուններն ալ տուփով միս: Ուրեմն մեր քէմբէն բերած ուտելիքները յաւելեալ սնունդ էին մօրս եւ քոյրերուս վտիտ մարմիններուն:

Մի քանի շաբաթ ետք, հնդիկ տասնապետ մը մեզի յանձնառարեց որ երթանք մօտակայ անգլիական քէմբը, ուր կրնայինք աւելի՛ վաստկիլ. Նաեւ, մեզի տուաւ երկտող մը, ուղղուած իրեն ծանօթ տասնապետի մը: Երբ պահակը մեզ տեսաւ եւ իրեն ցոյց տուինք երկտողը, ժպտեցաւ եւ սկսաւ հետս խօսիլ անգլերէն եւ սկսաւ խնդալ իմ կոտրտած խօսուածքիս վրայ: Կ'երեւի հաճելի թուեցաւ իրեն իմ կերպարանքս եւ միայն ինծի արտօնեց որ ներս մտնեմ, իսկ եղբօրս յանձնարարեց որ անմիջապէս վերադառնայ տուն՝ մամային քով: Կ'երեւի թէ եղբօրս նիհար ու վատառողջ կերպարանքը խղճին դպաւ եւ չուզեց որ այդ տարիքին ծառայութիւն ընէ եւ ուրեմն ազնուաբար անոր թոյլ չտուաւ ներս մտնել: Տասնապետը, որուն յանձնարարուած էի, շատ ազնիւ երիտասարդ մըն էր եւ կարծեմ քանթինի պատասխանատուն էր: Ինծի անմիջապէս պաշտօն տուաւ քանթինը աւլել մաքրելու եւ զինուորներուն ապսպրանքները իրենց սենեակները տանելու, զորս դիւրին էր գտնել որովհետեւ բոլոր սենեակները թուագրուած էին: Այսպէս, առաջին օրը աշխատեցայ եւ իմ պաշտօնական 10 ղրուշ օրավարձքիս վրայ 10 ղրուշ եւս շահեցայ՝ նուէրներէ, ուրեմն՝ 20 ղրուշ: Այսպէս, տեւականօրէն երկու ամիս աշխատելէն ետք մայրս կարողացաւ խնայել կոկիկ գումար մը:

ՇԱՐ 31

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝