Յայտարարութիւն

Wednesday, February 2, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 32 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 7 – «ԳԱՂԹԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ»


Անմիջապէս որ այդ գումարը գոյացաւ, խնդրեցի մօրմէս, որ մօտակայ Ռամլէ քաղաքը երթանք, որ մեր վրանաքաղաքէն մօտ չորս ժամ հեռաւորութեան վրայ էր, եւ իրեն ու քոյրերուս համար անպայման մէկական հագուստցու գնենք, հակառակ մօրս պնդումներուն, թէ տակաւին կանուխ է եւ թէ այդ գումարը կարելի է աւելի կարեւոր բանի յատկացնել (միշտ վախը ունէր որ կրնայինք նախկին օրերուն նման թշուառ մնալ, ինչպէս առածը կ'ըսէ՝ «օձէն խայթուողը պարանին շուքէն իսկ կը վախնայ»): Ես ընդդիմացայ եւ պնդեցի նոյն օրը անպայման երթալ Րամլէ, մանաւանդ որ մէկ օր առաջ հրաման առած էի տասնապետէն՝ այդ նպատակով, որուն համար ան շատ գոհ մնացած էր: Ուրեմն, նոյն օրը առաւօտուն գացինք Րամլէ քաղաքը, Եաֆայի մօտ, եւ գնեցինք հագուստցուներ մօրս եւ երկու քոյրերուս համար, բաճկոն մը եղբօրս, ասեղ, դերձան եւ զանազան մանր մունր առարկաներ, դգալ, դանակ, որոնք անմիջական պէտք էին տան մէջ:

Երջանկութիւնս չափ ու սահման չունէր: Չէի հաւատար որ մայրս ու քոյրերս պիտի ազատուէին իրենց տասնեակ անգամ կարկտնուած ցնցոտիներէն... մանաւանդ, երդումիս տէր ելած պիտի ըլլայի եւ պիտի համարձակէի մօրս պատմել տալ իր անցնող տարիներու թշուառ կեանքին մասին...:

Յաջորդ օրը, երբ ես կրկին գործի էի զինուորական քէմբին մէջ, մայրս արդէն կարած էր իր եւ քոյրերուս հագուստները, ի հարկէ իր գիտցած ձեւով, քանի որ մայրս դերձակուհի չէր: Վերադարձիս, երեքն ալ իրենց նոր հագուստները հագած զիս դիմաւորեցին, անակնկալ ընելու նպատակով: Մայրս, զիս  գրկեց եւ զիս իր ապաւէնը նկատելով, համբուրեց, աչքերը արցունքով լեցուն: Իսկ քոյրերս, վզիս փաթթուեցան եւ շռայլեցին գգուանքներ իրենց մեծ եղբօր: Ես ալ, արցունքը աչքերուս, յուզուած, պահանջեցի իրենց հին ցնցոտիները եւ անմիջապէս լուցկի մը տալով այրեցի զանոնք, հակառակ մօրս ընդդիմութեան: Այսպիսով, միշտ թախիծ պատճառող այդ երեւոյթէն միանգամընդմիշտ ազատեցայ:

ՎԵՐՋ 7-ՐԴ ԲԱԺԻՆԻՆ

ՇԱՐ 32

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝