Յայտարարութիւն

Thursday, February 3, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 33 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՈՒԹԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 8 – «ՄԱՅՐՍ ԿԸ ՊԱՏՄԷ»

 


Ինչպէս յիշած էի, մօտաւորապէս 4 ամիս այդ Վատի Սարարի վրանաքաղաքին մէջ մնալէ ետք՝ մեզ շոգեկառքով փոխադրեցին Եգիպտոս, Փոր Սաիտի վրանաքաղաքը, ուր արդէն հաստատուած էր Մուսա Տաղի հերոսամարտէն ազատագրուած Սուէտիոյ հայութիւնը: Փոր Սաիտի կայանին հոգ կը տանէին անգլիացիները եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ): Նախքան վրաններու մէջ տեղաւորուիլը, մեզ հականեխեցին, ներառեալ մեր բոլոր գոյքերը եւ ապա մեզմէ իւրաքանչիւրին մէկական հագուստ եւ ճերմակեղէն տուին, ինչպէս նաեւ խոտէ անկողիններ, փաթանիաներ (ծածկոցներ): Այս բոլոր գոյքերը առած մեզ փոխադրեցին վրան մը, ուր առաջին անգամ ըլլալով, երկա՜ր տարիներու զրկանքէ ետք, մայրս, եղբայրս, քոյրերս եւ ես իրական անկողիններու մէջ քնացանք, խաղաղ եւ երջանիկ:

Առաջին առաւօտը, երբ արթնցանք Փոր Սաիտի վրանաքաղաքին մէջ, երբ մայրս նշմարեց զաւակներուն որոշ չափով կոկիկ եւ մաքուր հագուածքը՝ սկսաւ լալ յիշելով մեծ որդին եւ ըսաւ. « Տէր Աստուած, մեծ որդիս Յովսէփն ալ մեզի միացուր եւ անկէ ետք թող Քու կամքդ ըլլայ»: Մեծ եղբօրմէս զանազան լուրեր կը ստանայինք նոր ժամանող քեսապցի գաղթականներէ: Ոմանք կ'ըսէին որ տակաւին Ամման կը գտնուէր Չէրքէզներու մօտ, իսկ ուրիշներ՝ թէ Չէրքեզներու կողմէ սպաննուած է անգլիացիներու նահանջին ժամանակ, եւայլն: Սակայն ոչ մէկ ստոյգ եւ վերջնական տեղեկութիւն ունեցանք մինչեւ Սեպտեմբեր 1918, երբ յանկարծ, եղբօրս գիրով Երուսաղէմէն նամակ մը ստացանք, թէ ողջ ու առողջ է եւ թէ մօտ ատենէն մեզի պիտի միանայ: Մայրս ծունկի եկաւ եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ: Բոլորս երջանիկ էինք ի լուր այս աւետիսին:

Եղբօրմէս նամակ ստանալէն մի քանի օր վերջ, գիշեր մը մօրս մօտեցայ եւ խնդրեցի որ իրենց մասին պատմէ իմ որբանոց երթալէս ետք: Մայրս դժկամեցաւ: Կը թուի թէ շատ ծանր կը կշռէր այդ տառապալից կեանքը իր վրայ եւ չէր ուզեր վերյիշել, սակայն պնդումներուս վրայ այսպէս պատմեց.

Անշուշտ կը յիշես, տղաս, հօրդ մահուան պարագաները եւ մեր տնտեսական թշուառ վիճակը այդ օրերուն, մանաւանդ այն անիծեալ համաճարակը, որ տեւական մեր ընտանիքի անդամները կը խլէր: Գիտես նաեւ որ հօրդ մեռնելէն շաբաթ մը ետք աղջիկ զաւակ մը ունեցայ, շատ սիրուն: Հազիւ քառասունքէս ելած էի, ձեզ ապրեցնելու համար, ստիպուած էի ամէն օր անտառները երթալ փայտ կտրելու եւ շալկելով տանիլ Սալթ զանոնք վաճառելու համար: Այդ փայտին դէմ կը ստանայի քիչ մը ցորեն, ալիւր եւ հազուադէպ՝ մի քանի մէթէլլիկ: Սալթէն վերադարձիս, ըստ շահածիս, ձեզի ապուր մը կ'եփէի, իսկ բացակայութեանս, եղբայրդ Յովսէփը կը նայէր երեխաներուն: Երբ Մաթէոս պապուկը եկաւ քեզ որբանոց տանելու առաջարկով, հակառակ հօրեղբայրներուդ ընդդիմութեան՝ ընդունեցի, ինչպէս որ ընդունեցիր դուն: Կը մտածէի թէ ինչ կ'ըլլար եւ ինչ չէր ըլլար, եթէ թշուառութեան մէջ համաճարակէն բոլորս մեռնէինք, գոնէ դուն ազատած կ'ըլլայիր: Այս մտասեւեռումով միայն եւ սրտիս վրայ քար դնելով՝ ընդունեցի սրտահատորէս բաժնուիլ եւ քեզ որբանոց ղրկեցի: Մօր մը համար այնքան դժուար է իր սրտահատորէն բաժնուիլը, սակայն իմ կարծիքով այդ լաւագոյն լուծումն էր:

ՇԱՐ 33

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝