Յայտարարութիւն

Friday, February 4, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 34 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՈՒԹԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 8 – «ՄԱՅՐՍ ԿԸ ՊԱՏՄԷ»


Տանտէրը՝ Ապու Մուսա Էլ-Մատին եւ իր զաւակը՝ Մուսան, հարուստ պետեւի կալուածատէրեր էին եւ շատ պարկեշտ մարդիկ: Հակառակ անոր որ կինը մեռած էր եւ ես 34 տարեկան սիրուն երիտասարդուհի էի, չեմ տեսած օր մը, որ ինք կամ զաւակը աչք բարձրացնեն եւ երեսս նային: Իմ վրաս մասնաւոր գութ ունէր այդ մարդը, կ'ուզէր օգնել, բայց չէր ուզեր ցոյց տալ որ ձրի բան կու տայ: Ուրեմն, երբեմն կը կանչէր զիս եւ կ'ըսէր. « Ըմ Եուսէֆ (Յովսէփի մայր), եկէք դուն եւ Յովսէփը այս պարկին բերանը բռնեցէք որպէսզի ցորեն լեցնեմ ջաղացք տանելու համար»: Եւ այսպէս մեր գործը կ'ըլլար պարկին բերանը բռնել որ տանտէրը պարկերը ցորենով լեցնէր իրենց հողաշէն ամբարներէն, եւ տղան՝ Մուսան, մի քանի էշերու վրայ բեռցած՝ ջաղացք տանէր: Քիչ ետք, քրոջը Խազնային միջոցաւ «սա'ա» մը (չափ մը որ մօտաւորապէս 25 քիլօ կը կշռէ) ցորեն կը ղրկէր մեզի, ըսելով թէ այս ձեր յոգնութեան վարձքն է: Նոյն տանտէրը, արտերը հնձելու եղանակին, վրաններ կը փոխադրէր իր դաշտերը, որոնք գիւղէն 2 ժամ հեռաւորութեան վրայ էին: Խնդրեցինք իրմէ որ մեզի արտօնէ հասկաքաղ ընել իր հնձուորներուն ետեւէն: Ոչ միայն սիրով ընդունեց այլ նոյնիսկ ինծի եւ եղբօրդ արտօնեց որ հնձուորներուն հետ միասին ոչ միայն հասկաքաղ ընենք, այլ ուղղակի կանգուն ցորենէն ձեռքով քաղել, որքան որ կրնանք, իբրեւ հասկաքաղ: Յովսէփ եղբայրդ անուշ ու զիլ ձայն ունենալուն, հնձուորները երբեմն իրմէ կը խնդրէին որ իրենց երգէր եւ ան հնձուորներուն հետ միասին, մէկ կողմէն հասկաքաղ կ'ընէր եւ միւս կողմէն կ'երգէր հօրմէդ սորված հայերէն երգերը: Առ ի վարձատրութիւն իր երգերուն, մեր տանտիրոջ ներկայութեան եւ արտօնութեամբ, խոշոր բուռերով ցորեն կը ստանար:

Այս հասկաքաղը երեկոյեան տուն կը բերէի, քարի վրայ քսելով ցորենը յարդէն կը զատէի եւ այսպիսով, կամաց-կամաց ձմեռնային պարէն կը պատրաստէի մեզի համար: Առաջին տարին,եղբայրդ եւ ես մօտ 10 օր առաւօտ կանուխ երթալ գալէն ետք, մեր բարի տանտէրը, որ 50 տարեկան իսլամ պետեւի մըն էր, առաջարկեց որ մենք ալ ուղղակի դաշտ փոխադրուինք եւ հոն մնանք, մինչեւ որ հունձքը վերջանայ: Երբ տխուր վիճակս նշմարեց, ըսաւ. «ինչո՞ւ կը վախնաս աղջիկս, հոս, իմ վրանիս կից ձեզի վրան մը կու տամ եւ կրնաք վստահիլ որ ձեզի վնաս չի հասնիր: Պէտք է լաւ ըմբռնես, Ըմմ Եուսէֆ, պետեւիները օգնող կ'ըլլան, սակայն բնաւ պատուի չեն դպնար»: Ընդունեցի առաջարկը եւ խնդրեցի որ երկու իշուկ գտնէ պզտիկներն ու գոյքերը փոխադրելու համար: Ծերունին ըսաւ. «ինչ ամօ՜թ, ես հոս կեցած տեղս դուն ուրիշին գրա՞ստը ուզես, հայտէ տղաս Մուսա, վաղը երկու իշուկով գնա եւ Ըմմ Եուսէֆին զաւակներն ու գոյքերը հոս փոխադրէ»: Մուսան այդպէս ալ ըրաւ: Ուրեմն, այդ հունձքի շրջանին փոխադրուեցանք դաշտ, ուր իր վրանին կողքին փոքրիկ, մազէ հիւսուած փսիաթէ վրան մը կանգնեցուց մեզի համար, ըսելով թէ այսպիսով ձեր գոյքերը ապահով կը մնան եւ պետեւիները չեն համարձակիր զանոնք գողնալ: Այսպէս, շաբաթներով հասկաքաղ ըրինք եւ մօտաւորապէս երկու լեցուն պարկ ցորեն հաւաքեցինք:

ՇԱՐ 34

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝