Յայտարարութիւն

Saturday, February 5, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 35 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՈՒԹԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 8 – «ՄԱՅՐՍ ԿԸ ՊԱՏՄԷ»


Այդ ժամանակները սնունդի պակասէն հաւկուր(աչքի հիւանդութիւն մը) եղած էի, գիշերը բացարցակապէս չէի տեսներ, հետեւաբար արեւը մարը չմտած ընտանիքս պէտք է կերակրած ու քնացուցած ըլլայի, քանի որ անկէ վերջ չէի տեսներ: Իսկ նորածին փոքրիկ քոյրդ, որ հազիւ մէկ տարեկան էր, սնունդի պակասէն նիհարցած էր եւ օր մը յանկարծ հիւանդացաւ երբ դեռ դաշտն էինք: Նկատեցի որ փոքրիկը պիտի մեռնի, ուստի փափաքեցայ գիւղ վերադառնալ, գոնէ տան մէջ մեռնէր եւ հօրը քով թաղէի...: Յովսէփ եղբայրդ տուն ղրկեցի որ Զենոբ հօրեղբօրմէդ խնդրէ Ճորճ պապուկէն մնացած միակ իշուկը բերելու, որպէսզի կարենամ երեխային հետ տուն վերադառնալ: Զենոբ հօրեղբայրդ ըսեր էր. «ճանըմ, ինչ հարկ կայ տուն բերելու, եթէ պիտի մեռնի հոն դաշտը թաղեցէք, լրացաւ...»: Թշուառութիւնը այն աստիճան ընկճած էր ժողովուրդը, որ այն հօրեղբայրդ որ այնքան կը գուրգուրար մեր վրայ, կարծես թէ ալ քարացած էր սիրտը եւ շատ բնական կերպով, եւ վստահ եմ ոչ թէ զիս վշտացնելու միտումով, մերժեց տալ իշուկը: Երբ եղբայրդ գիւղէն վերադարձաւ եւ պատմեց եղելութիւնը, սկսայ հոնքուռ-հոնքուռ լալ եւ ողբալ:

Մէյ մըն ալ այդ լացիս մէջ տանտէրը մեղմիկ մօտեցաւ մեզի եւ լաց ու կոծիս պատճառը ուզեց իմանալ: Այնքան յուզուած էի եւ Արաբերէնս տկար ըլլալուն՝ չկրցայ բան մը ըսել: Եղբայրդ Յովսէփը, որ բաւական վարժուած էր Արաբերէն խօսիլ, եղելութիւնը մանրամասն պատմեց ծերունիին: Մարդը յուզուած բարկացաւ թէ ինչու տղան կը ղրկես, միթէ հոս էշ չկա՞յ:   Ըսի որ իրենց ազնուութիւնը չարաչար գործածել չուզելուս համար էր որ տղան ղրկած էի գիւղ, մեր մեծ հօրմէն մնացած էշը բերելու, որ տագրս մերժած էր...: Պետեւի տանտէրը անմիջապէս հրահանգեց տղուն Մուսային թէ,«հայտէ տղաս, բեռցուր Ըմմ Եուսէֆին ցորենները եւ գոյքերը եւ տուն տար»: Եւ իրապէս, նոյն երեկոյ Մուսան մեզ տուն փոխադրեց, ուր մէկ օր ետք նորածին քոյրդ մահացաւ: Զինք թաղեցինք հօրդ գերեզմանին քով: Այս դէպքէն ետք դաշտ երթալու սիրտ չունէի, մանաւանդ որ բաւական պարէն հաւաքած էի տունը:

Օր մը տանտիրոջ ծանօթ պետեւի մը եկաւ եւ խնդրեց որ Նշանը, որ 10 տարեկան էր, իրեն տամ որպէս կովերու հովիւ, նկատելով որ կարօտ էինք եւ մէկ բերան պակաս կ'ըլլար պարէնէն: Նշանը տուի ուրեմն հովիւութեան իսկ Յովսէփն ալ գնաց Ամման բախտ փնտռելու: Յետոյ իմացայ որ հոն Չէրքէզի մը քով հովիւ եղեր է, այնպէս որ մնացինք տան մէջ քոյրերդ եւ ես: Տկար վիճակովս հազիւ կրնայի անոնց նայիլ: Սակայն երբեմն անտառներէն փայտ կը տանէի Սալթ ծախելու համար: Եւ այսպէս անցաւ մինչեւ 1917-ի գարունը, երբ եղբայրս, ձեր քեռի Աւետիսը եկաւ Սալթէն՝ վախնալով որ մենք ալ կը վարակուինք Թիֆիւս համաճարակէն եւ մեզ փոխադրեց Սալթ, իրենց տունը, եւ ինք մեկնեցաւ կարծեմ Ամման, իսկ Նշանն ալ հովիւութենէն զզուելով ելաւ եկաւ տուն՝ Սալթ:

ՇԱՐ 35

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝