Մինչ այդ, եղբօրս տան մէջ վարակուեցայ թիւֆիւսի համաճարակէն եւ անկողին ինկայ. մի քանի օր ետք սկսայ զառանցել, առանց ապաւէնի, առանձին. զիս խնամողները եղան զաւակներս՝ Նշանն ու Սառա քոյրդ, մին 10-11 տարեկան, միւսը՝ 8-9: Անանկ վիճակի մէջ էի որ որեւէ ձեւով խելքս գլուխս չէր, եւ չէի կրնար հասկնալ շուրջս անցած-դարձածը: Փոքրիկները քովս գտնուած մի քանի ղրուշով ինծի համար կաթ կ'առնէին եւ կը խնամէին իսկ իրենք, որ գրեթէ անօթի էին ու ոեւէ ուրիշ նեցուկ չունենալով՝ եղբայրդ ու քոյրդ պարտադրաբար փողոց ինկան մուրալու...: Այդ ամենէն դժուար կացութիւնն էր զաւակներուս կեանքին մէջ, սակայն այլ միջոց չունէին:
Բարեբախտաբար այդ համաճարակին զոհ չգացի եւ սկսայ կամաց-կամաց կազդուրուիլ, սակայն այնքան տկար էի, որ ցաւ ի սիրտ, կը թոյլատրէի, նոյնիսկ կը քաջալերէի փոքրերը որ երթան եւ կտոր մը հաց ճարեն, մուրան, թէ՛ ինծի եւ թէ՛ իրենց համար: Պզտիկները լալով կը պատմէին ինծի, թէ՝ «Մամա, երբեմն կը վռնտեն մեզ եւ երբեմն կու տան կտորիկ մը հաց»: Անշուշտ իւրաքանչիւր կտոր տարբեր կ'ըլլար միւսէն...: Օր մը, խեղճերը հազիւ մէկ ժամ բացակայած էին՝ վերադարձան միւս օրերէն աւելի շատ հացով եւ մի քանի մեթելիկով. Այս անգամ հացերուն կտորները միօրինակ էին: Ստիպումիս վրայ բացատրեցին որ բարի մարդուն մէկը տուած էր իրենց խոշոր հաց մը եւ մի քանի ղրուշ, այնպէս որ չէին ուզած աւելի երկար մնալ եւ մայրիկը խաբելու համար այդ հացը հաւասար մասերու բաժնած էին ցոյց տալու համար թէ զանազան տեղերէ հաւաքած էին: Երբ այդ իմացայ շատ յուզուեցայ, իրաւացի գտայ փոքրերուն զգացումները եւ երկար լացի...:
Բարեբախտաբար եղբայրս վերադարձաւ Ամմանէն եւ, հակառակ այն իրողութեան որ որեւէ գործ չունէր, ինչպէս որ գիտէի, յուսահատած գիշերները կ'երթար բանջարանոցները եւ ինչ որ կը գտնէր՝ կը գողնար , միայն կարենար քոյրն ու անոր որբերը կերակրել: Այսպէս շարունակուեցաւ ամիսներով եւ օր մը, բռնուելու վտանգին ենթակայ ըլլալով, եղբայրս փախաւ եւ գնաց Երուսաղէմ: Մինչ այդ ես բաւական կազդուրուած էի եւ սկսայ դրացի Արաբներուն քիչ-քիչ ծառայութիւններ ընելով կտոր մը հաց ճարել փոքրերուն համար:
Այսպէս, գէշ աղէկ անցուցինք մինչեւ 1917-ի ձմեռը, երբ անգլիական բանակը մտաւ Սալթ առանց դիմադրութեան, սակայն շաբաթ մը ետք տեսանք որ կրկին կը նահանջեն եւ Հայ գաղթականները սկսան նահանջողներուն հետ հապճեպով փախչիլ Երուսաղէմ:
ՇԱՐ 36
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
0 comments:
Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝