Յայտարարութիւն

Monday, February 7, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 37 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՈՒԹԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 8 – «ՄԱՅՐՍ ԿԸ ՊԱՏՄԷ»


Ես ալ, թէեւ տկար, եղբօրդ եւ քոյրերուդ պէս, թէեւ շատ մտահոգ մեծ եղբօրդ մասին, ստիպուեցայ պզտիկները առնել ու փախչիլ: Սակայն ի՞նչ կարելի էր տանիլ, քանի որ որեւէ գրաստ գոյութիւն չունէր եւ եթէ ըլլար իսկ՝ ոչ գնելու ոչ իսկ վարձելու ի վիճակի էի: Ուրեմն, Սառային գլխուն անցուցի պղինձէ թէնճէրէն, իսկ ես շալակս առի մի քանի ամանեղէն, փսեաթ մը եւ մէկ վերմակ, ուսիս ալ քոյրդ Զապէլը. իսկ Նշանն ալ, որ անհանգիստ էր այդ ժամանակ, փէշէս կախուած սկսանք քալել դէպի Երիքով:

Երբ հասանք Ղոր՝ Յորդանանի հովիտը, գերմանական օդապարիկները սկսան ռմբակոծել ճամբաները. Հետեւաբար, մի քանի անգամ մենք զմեզ թուփերու մէջ նետեցինք կամ գետինը պառկեցանք պաշտպանուելու համար: Երբ մօտեցանք Յորդանան գետին, անգլիական զինուորական բեռնատար ինքնաշարժի մը վարիչը, գթալով զաւակներուս եւ իմ խղճալի վիճակին, մեզ այդ ինքնաշարժով հասցուց մինչեւ Երիքով: Իսկ Երիքովէն մինչեւ Երուսաղէմ, երկու օր բացօթեայ գիշերելով, հազիւ կրցանք հասնիլ եւ ապաստանիլ Սուրբ Յակոբայ Վանքին մօտ, Դաւիթի բերդի զինուորական զօրանոցը, ուր մեզ գտար այն օրը, երբ առաջին անգամ որբանոցէն եկար մեզ տեսնելու:

Ահաւասիկ, զաւակս, այս եղաւ մեր տառապալից կեանքը գաղթականութեան ընթացքին եւ քու բացակայութեանդ: Միայն թէ, տղաս, ձեզմէ խնդրանք մը ունիմ. եթէ երբեւիցէ ողջ մնաք, պիտի ուզէի որ օր մը, որքան ալ ուշ ըլլայ, երթաք Մահաս կոչուած գիւղը, ուր ձեր հայրը վախճանեցաւ, աղօթք մը ընելէ ետք ձեր հօր գերեզմանին վրայ, անպայման այցելեցէք այն բարի տանտիրոջ եւ զաւակներուն ու թոռներուն եւ իմ կողմէս շնորհակալութիւն յայտնեցէք այդ անուս սակայն ազնիւ եւ պարկեշտ պետեւիին, որովհետեւ այդ մարդուն բարիքը բնաւ չեմ կրնար մոռնալ երբեք: Եթէ հօրդ մահէն ետք եւ մեր ամենանեղ շրջանին իր օգնութիւնը չունենայի ՝ ես վստահ եմ որ դուք շատոնց մեռած կ'ըլլայիք: Այս կ'ըսեմ բոլորի՛դ, ով որ ձեզմէ կարենայ երթալ պէտք է երթայ եւ այդ ընտանիքին մեր բոլորին երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնէ: Եւ եթէ ի վիճակի ըլլաք՝ չմոռնաք հարկ եղած նուէրները տանիլ այդ ազնիւ եւ վեհանձն պետեւիին»:

Այսպիսով մայրս վերջացուց իր տխուր նկարագրականը արցունքոտ աչքերով: Բնական է, մայրս պատմեց այն մասը, որուն ես տեղեակ չէի, մնացեալը արդէն ես կը նկարագրեմ: Պէտք է ըսել որ մայրս մինչեւ հիմա, 75 տարիքին, երբ մուրացիկ մը տեսնէ, մտաբերելով իր զաւակներուն մուրացկանութեան օրերը, անպայման բան մը կու տայ՝ դրամ, ուտեստեղէն կամ հագուստեղէն:

Այստեղ կարեւոր է յիշատակել որ երբ Նշանն ու ես Պաղեստին կը բնակէինք, գտանք Ապու Մուսան եւ այցելեցինք անոր եւ կատարեցինք մեր մօր պատգամը:

ՎԵՐՋ  8րդ ԲԱԺԻՆԻՆ

ՇԱՐ 37

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝