Փոր Սայիտի քէմբին մէջ տեղաւորուելէ ետք, անմիջապէս մտածեցի դպրոցի եւ աշխատանքի մասին: Դիմում կատարեցի գոյութիւն ունեցող Սիսուան վարժարանի տնօրէնութեան եւ ընդունուեցայ նախակրթարանի երրորդ դասարանը իսկ փոքր եղբայրս՝ մանկապարտէզ: Դասընթացքները մինչեւ կէօր էին. կէսօրէ ետքերը ազատ ըլլալուս՝ դիմեցի տեղւոյն անգլիական պահակագունդի սպային, իրենց մօտ որպէս խոհարարի օգնական ծառայելու համար: Նկատելով որ մի քանի բառ անգլերէն գիտէի, ինչ որ այն ժամանակ գաղթականներէն հազուագիւտներ գիտէին, հաճելի թուեցայ սպային եւ զիս ամսական 4 եգիպտական ոսկիով ծառայութեան ընդունեց: Գործս կէսօրին սեղանատուն ծառայել եւ կէսօրէ ետքն ալ զինուորներուն զանազան յանձնարարութիւնները կատարել էր, ինչպէս՝ սիկարէթ գնել, զովացուցիչ բերել, կօշիկներ մաքրել, ներկել եւայլն: Այս ծառայութեանցս համար ալ, ամսականէս դուրս, մի քանի ոսկի կը շահէի: Այսպէս շարունակեցի մինչեւ 1919-ի գարուն, շահելով բաւարար, որ կարողացայ մօրս եւ քոյրերուս հագուստները վերանորոգել, կօշիկներ գնեցի եւ բացարցակապէս որեւէ բանի կարօտ չմնացին: Մայրս ալ սկսաւ քէմբի խոհանոցը աշխատիլ փոքր ամսականով մը:
1918-ի վերջաւորութեան մեծ եղբայրս Յովսէփը եկաւ Երուսաղէմէն: Մօրս ու մեր ուրախութիւնը անսահման էր: Խեղճ եղբայրս, չէրքէզներուն քով տարիներ ծառայելէ ետք իբրեւ հովիւ, անգլիացիներու նահանջելէն ետք զինք վախցուցած էին սպառնալով զինք հորի մը մէջ նետել, սակայն, փառք Աստուծոյ, իրենց սպառնալիքը չէին գործադրած: Ուրեմն, եղբայրս փախուստ տուած էր եւ քալելով հասած Երուսաղէմ, անկէ ալ կարաւանի մը հետ, անգլիական իշխանութեան ծախսով, միացաւ մեզի Փոր Սայիտի քէմբը:
Դպրոցէս եւ գործէս դուրս արձանագրուեցայ Սիսուան վարժարանի սկաուտական կազմին մէջ: Կարծեմ սկաուտներուն ամենէն փոքրն էի: Սկաուտներուն ղեկավարը Mr Raynold-ն էր, անգլիացի մը, որ հետագային Երուսաղէմի Սէյնթ Ճորճ Գոլէճին տնօրէնը եղաւ երկար տարիներ, ուր նաեւ իր հաշւոյն ուսանեցան 5-6 սուէտիացի (Մուսա Լեռցի) տղաներ:
Սուէզ քանալը (ջրանցք) մօտիկ ըլլալուն, ազատ ժամերս կ'անցընէի ընկերներով լողալով, այնպէս որ ճարպիկ լողորդ դարձայ եւ քննութիւն տալով՝ լողալու ազատարարութեան եւ սուզուելու մարզերէն ներս սկաուտական գնահատագրեր ստացայ: Արձակուրդի օրերուն գրեթէ ամբողջ օրը քանալի ջուրերուն մէջ կ'անցնէինք, երբեմն ալ քանալին միւս ափը, ուր քաղցր ջուրի փոքր քանալ մը գոյութիւն ունէր, ձկնորսութեան կ'երթայինք, եւ կամ անտառապահներուն լարած ուռկաններուն ձուկերը կը գողնայինք...: Հաճելի էր տեսնել մեզ, 4-5 տարեկից ընկերներ, գիշերանոցներ եւ մէկական հաց եւ լուցկի դրած գլխարկի մը մէջ եւ մեր գլուխներուն վրայ տեղաւորած, գլխարկին կապը կզակներուն տակ անցուցած, լողալով քանալը անցնիլը հասնելու համար հեռակայ ափը:
ՇԱՐ 38
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
0 comments:
Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝