Յայտարարութիւն

Thursday, February 10, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 40 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 10 – «ԴԷՊԻ ՏՈՒՆ»

 


1919-ի Օգոստոս ամսուն որոշուեցաւ որ մեր ընտանիքը երկաթուղիով մեկնի Հալէպ, մօտ 350 հոգինոց կիլիկեցիներէ բաղկացած կարաւանի մը հետ, որպէսզի անկէ ամէն մարդ ցրուի իր ծննդավայրը: Նման կարաւաններ կ'ունենային մէկ անցագիր, մասնաւոր պատրաստուած, որուն մէջ յիշուած կ'ըլլար կարաւանապետին անունը – կարծեմ սիսեցի մարդ մըն էր – եւ կարաւանի թարգմանին անունը, որ ես էի, որովհետեւ միակն էի որ քիչ մը անգլերէն կը խօսէի, հակառակ 13 տարիքիս: Գրուած կ'ըլլար նաեւ գաղթականներուն ընդհանուր թիւը, որուն այսքանը այր, այսքանը կին եւ մնացեալը՝ մանուկներ: Այս անցագիրը կը ծառայէր պարէնի բաշխման, որովհետեւ իւրաքանչիւր մի քանի կայարանին, օրը մէկ անգամ, գաղթականներուն մէկ օրուան պարէն կը տրուէր զինուորական իշխանութեան կողմէ. Այդ պարէնները կը յանձնուէին կարաւանապետին եւ թարգմանին, որոնք պարտաւոր էին պարէնը բաշխելու գաղթականներուն:

Ուրեմն, իւրաքանչիւր կայարան որ կը հասնէինք, տեղւոյն զինուորականներէն մէկը կը սկսէր պոռալ թէ ո՞ւր էին կարաւանապետն ու թարգմանը: Երբ զիս՝ փոքր պատանի մը կը նշմարէին, խնդուք կը փրթէր եւ շատ անգամ, կատակի համար, հուժկու զինուոր մը զիս իր ուսին դրած կը տանէր իր մեծաւորին եւ կը ներկայացնէր ըսելով. « թարգման ըսուածը այս է...»: Հակառակ ասոր, մեզի կը յանձնէին պէտք եղած պարէնները, որ գաղթականներէն մի քանին կը փոխադրէին վակոններուն մօտ եւ հոն, ըստ ցանկի, իւրաքանչիւրը կը ստանար իր բաժինը: Չմոռնամ ըսելու որ բեռնատար վակոններով կը ճամբորդէինք: Այս ճամբորդութեան ընթացքին մեր պարէնը կ'ըլլար ընդհանրապէս հաց, պակսիմատ, տուփով միս եւ պանիր:

Այսպէս ուրեմն, մէկ շաբաթէն Փոր Սայիտի կայարանէն հասանք Հայֆա: Այնտեղ մեզ տեղաւորեցին քէմբի մը մէջ, ուր մնացինք մօտաւորապէս մէկ ամիս եւ անկէ ետք շոգեկառքով մեզ տարին Հալէպ:

Երբ Հալէպ հասանք, կայարանին մէջ յանկարծ հանդիպեցանք Կարապետ հօրեղբօրս, որ մեր գաղթական ելած ժամանակ միայն մինչեւ Ճըսըր Շղուր մեզի ընկերակցած էր, անկէ փախուստ տուած ու ետ Քեսապ վերադարձած եւ գաղթականութեան ամբողջ տեւողութեան Ճըսըր Շղուրի շրջանը մնացած էր: Մեր ուրախութիւնը անսահման էր այս պատահական հանդիպումին համար: Հօրեղբայրս իմանալով որ գաղթականական կարաւան մը կու գար Փոր Սայիտէն՝ եկեր է կայարան իր ընտանիքի անդամներուն մասին տեղեկութիւն առնելու եւ յանկարծ մեզ տեսեր...: Ի՜նչ երջանկութիւն իր եւ մեզ համար:

Այս ողջ մնացած հօրեղբայրս կրտսերագոյնն էր եւ որուն հանդէպ յատուկ սէր ունէին հայրս եւ մայրս: Երբ մեզ Հալէպի գաղթականներու կայարանը տարին՝ հօրեղբայրս մեզի հետ եկաւ, օգնեց եւ պատմեց մեզի թէ ինք Ճըսըր Շղուրէն մեզմէ բաժնուելէն ետք, ուրիշ ընկերներու հետ կը վերադառնայ Քեսապի շրջանը, ուր կը պահուըտին մեր գիւղի անտառներուն մէջ: Աստիճանաբար Քեսապն ու շրջակայ գիւղերը կը պարպուէին, կը կողոպտուէին բոլոր մնացեալ գոյքերը եւ կարգ մը տուներ ալ կը հրդեհուէին դրացի թուրք գիւղացիներուն կողմէ եւ այս բոլորին ականատես կ'ըլլան հօրեղբայրս ու ընկերները: Նկատի առնելով որ այդ ամայութեան մէջ կարելի չէր աւելի երկար մնալ՝ հօրեղբայրս կը վերադառնայ Ճըսըր Շղուր, հոն Արաբ հողատիրոջ մը քով ծառայութեան կը մտնէ եւ հոն ալ կը մնայ պատերազմի տարիներուն, առանց որեւէ լուր ունենալու իր ծնողքին ու ազգականներուն մասին: Երբ Սուրիան կը գրաւուի համաձայնականներուն կողմէ, հօրեղբայրս կ'անցնի Հալէպ, եւ հոն, անգլերէն լաւ գիտնալուն պատճառով ծառայութեան կը մտնէ ամերիկեան Near East Relief կազմակերպութեան մօտ: Յայտնեմ որ հօրեղբայրս Այնթապի Ամերիկեան Գոլէճի ուսանող էր երբ պատերազմը ծագեցաւ:

Մեր Հալէպ մնացած մի քանի օրերուն ընթացքին, մայրս զիս եւ Նշան եղբայրս համոզեց որ մնանք Հալէպ՝ Վերապատուելի Շիրաճեանի Ահարոն որբանոցը եւ ինք քոյրերուս հետ միասին Քեսապ մեկնի: Հօրեղբայրս մեզ տեղեկացուց թէեւ եղբայրս Յովսէփը գիւղն էր, Գարատուրան, սակայն մեր տունը փլած էր հետեւաբար առժամաբար հարկադրուած պիտի ըլլայինք ուրիշ տուն մը բնակիլ: Ատոր համար հօրեղբայրս քաջալերեց որբանոց մնալ մինչեւ որ, մի քանի տարուան մէջ, մեր տնտեսական վիճակը բարելաւուէր: Ուստի, հօրեղբօրս առաջարկը տեղին գտնելով, Նշանն ու զիս յանձնեցին որբանոց իսկ մայրս ու քոյրեսրս, Անտիոքի վրայով ուղարկեցին Քեսապ:

ՇԱՐ 40

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝