Յայտարարութիւն

Friday, February 11, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 41 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 10 – «ԴԷՊԻ ՏՈՒՆ»


 

Որբանոց եղած շրջանիս, գրեթէ ամէն Կիրակի կ'այցելէինք հօրեղբօրս, որ մեզի գրպանի ծախս (խաշլըխ) կու տար: Այս դրամով մեր տղայական պիտոյքները կը գնէինք: Երբեմն պարղութ (Օսմանեան ցած արժէքով դրամանիշ) մը կու տայի Նշանին, որ երեւոյթով շատ խելօք տղայ էր, որպէսզի երթայ մեզի նուռ, լէպլէպու կամ շաքարեղէն գնէ: Շատ անգամ մի քանի տեսակ բան կը բերէր այդ մէկ պարղութով, իսկ երբեմն ալ բերած գոյքերէն զատ՝ դրամն ալ ետ կը բերէր: Երբ կը հարցնէի թէ մէկ պարղութով ինչպէ՞ս կարելի էր այսքան ապրանք գնել, կը պատասխանէր թէ խանութպանները իրմէ դրամ չեն առներ եւայլն...: Այս պարագան մի քանի անգամ նշմարելէս ետք, օր մը հետապնդեցի զինք, տեսնելու համար թէ ինչպէս գնում կ'ընէ մէկ պարղութով: Մօտեցաւ հելվա ծախող խանութի մը, պարղութը ձեռքին մէջ եւ խանութպանին շատ զբաղած մէկ վայրկեանին, երբ իր հելվան կշռած էր, սեղանին վրայ դրած եւ ուրիշ յաճախորդով զբաղած՝ տեսայ որ Նշանը կամացուկ մը հելվան առաւ եւ խանութպանին զբաղուած վիճակէն օգտուելով՝ կծիկը տուաւ: Քիչ անդին կանգ առաւ պտղավաճառի մը խանութին առջեւ եւ սկսաւ նուռ զատել: Զատեց 4-5 հատ եւ դարձեալ խանութպանին զբաղուած վայրկեանին՝ նուռերը առաւ եւ անյայտացաւ... Ուրեմն հասկցայ որ գողութեան կը վարժուի այս ձեւով: Երբ դպրոց հասաւ եւ իր սուտերով փորձեց զիս համոզել, թէ խանութպանները իրմէ դրամ չեն առներ, լաւ մը տփեցի, պատուիրելով որ եթէ անգամ մըն ալ նշմարեմ՝ զինք խանութպանին պիտի յանձնեմ: Ատկէ ետք դադրեցուց իր այդ ունակութիւնը:

Ահարոն որբանոցին մէջ կը պատսպարուէին մօտ 2000 որբեր, որոնցմէ 500-600-ը աղջիկներ էին: Որբանոցը ունէր երեք շէնքեր, երկուքը տղոց եւ մէկը՝ աղջկանց համար: Այդքան բազմութիւն, մանաւանդ պատերազմէն անմիջապէս ետք, դժուար էր կերակրել եւ հագցնել: Օրինակ, առաւօտեան մեզի կը տրուէր անձ գլուխ մէկ հաց եւ պղինձէ ամանի մը մէջ 6 հոգիի համար թէյ, որ պէտք էր խմէինք դգալով: Ուրեմն եթէ հացին հետ դգալով թէյ խմել փորձէինք, միւս 5 ընկերները աճապարանօք կը սկսէին թէյը խմել, այնպէս որ ամբողջ ամանէն երկու-երեք դգալէն աւելի թէյ ձեռք չէր անցնէր, ուստի, բոլորս ալ նախ դգալով թէյը կը խմէինք, առանց հացի, եւ թէյը լրանալէն ետք՝ հացը կ'ուտէինք առանց թացանի: Պէտք է ըսել որ կէսօրուան եւ իրիկուան ճաշերը, եթէ ոչ այնքան համեղ, սակայն կը կշտացնէին մեզ: Հացը առատ էր, բայց մաքրութիւնը տկար:

Եղբայրս որբանոցի մանկապարտէզը դրին, զիս ալ Հայկազեան վարժարանի  նախակրթարանի հինգերորդ դասարան: Մեր որբանոց գալէն մի քանի ամիսներ ետք, օր մը հօրեղբայրս եկաւ եւ մեզի մի քանի Մէճիտ գրպնի ծախս տուաւ ու Քեսապ մեկնեցաւ: Առ ի գիտութիւն, Մէկ Օսմանեան ոսկին հաւասար է 5 Մէճիտի կամ Մէճիտիէի, որ համազօր է 20 ղրուշի իսկ մէկ ղրուշը հաւասար է 40 փարայի: Հօրեղբօրս մեկնելէն 4-5 ամիս ետք, որբանոցին մէջ գոյութիւն ունեցող բորոտութենէն վարակուեցանք եղբայրս ու ես, հետեւաբար, շաբաթը անգամ մը մեզ արաբական բաղնիք կը տանէին եւ լաւ մը մաքրելէ ետք ծծմբախառն դեղով մը կը հականեխէին:

Այսպէս, բաւական լաւանալէ ետք, մտածեցի եղբայրս առնելով փախչիլ որբանոցէն եւ ձեւով մը Քեսապ հասնիլ: Սակայն այդ ընելու համար բաւարար դրամ չունէինք, ամբողջ ունեցածնիս 2-3 Մէճիտ էր եւ այդ ժամանակները, Քեմալական շարժումին հետեւանքով Քեսապի ճանապարհները գոց էին: Հօրեղբօրս Հալէպ գտնուած միջոցին իրմէ առած էի հօրս հօրեղբօրորդւոյն Տիգրանին Ամերիկայի հասցէն եւ ծանօթացած էի իր Նիր Իսթ Րիլիֆի պաշտօնակիցներուն եւ կազմակերպութեան կարգ մը շօֆէօրներուն, վարորդներուն հետ, որոնք երբեմն մինչեւ Իսկէնտէրուն կը ճամբորդէին: Ուրեմն, նամակ մը գրեցի Ամերիկա մեր ազգական Տիգրան Մանճիկեանին եւ բացատրեցի իրեն մեր ինքնութիւնը, քանի որ մեզ չէր ճանչնար այլ միայն հայրս: Գրեցի որ այժմ որբանոցն ենք եւ կ'ուզենք Քեսապ երթալ եւ մամային միանալ, սակայն դրամ չունինք: Խնդրեցի որ դրամ ղրկէ մեզի ճանապարհածախսին համար: Մի քանի ամիս ետք, 1920-ի Յունուարին ստացայ իր պատասխանը, մէջը չէք մը՝ 5 օսմանեան ոսկի եւ մի քանի Մէճիտ: Ուրեմն առանց ժամանակ կորսնցնելու գացի Նիր Իսթ Րիլիֆի գրասենեակները, ուր հանդիպեցայ իրենց վարորդներէն մէկուն, որ գիտէի թէ հօրեղբօրս բարեկամ էր,եւ խնդրեցի որ մեզ մինչեւ Իսկէնտէրուն հասցնելու միջոց մը ապահովէ, որմէ անդին մենք ձեւ մը կը գտնէինք Քեսապ հասնելու: Հակառակ անոր որ մարդը փորձեց մեզ համոզել որ որբանոց մնանք, սակայն նկատելով որ մտադրած ենք ամէն գնով փախչիլ՝ յանձն առաւ, երկու օր ետք, երբ իր կարգն էր՝ մինչեւ Գըրըգ-Խան (Իսկէնտէրունի մօտ) երթալ եւ մեզ իր հետ տանիլ: Մեզի պատուիրեց որ այդ օր առաւօտեան ժամը 5-ին իրենց գրասենեակին առջեւը իրեն սպասենք:

ՇԱՐ 41

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝