Յայտարարութիւն

Sunday, February 13, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 43 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 10 – «ԴԷՊԻ ՏՈՒՆ»


Լաթաքիա քաղաքը մեզի բոլրովին անծանօթ ըլլալուն, սկսանք նաւահանգիստին մօտ Հայ փնտռել եւ բարեբախտաբար հայրենակիցի մը հանդիպեցանք, որմէ խնդրեցինք որ մեզի ցոյց տայ Տոքթոր Պալֆին ամերիկեան հիւանդանոցը: Փոքր հասակիս լսած էի որ այս ամերիկացի միսիոնար բժիշկը հօրս խնամակալը եղած է եւ հօրս դպրոցական ծախսերը հոգացած Լաթաքիոյ մէջ, եւ ուրեմն ատկէ քաջալերուելով փորձեցի գտնել այդ ազնիւ մարդը եւ իրմէ ժամանակաւոր ապաստան խնդրել, եղբօրս եւ ինծի համար,մինչեւ որ առիթ մը ստեղծուէր Քեսապ մեկնելու: Եթէ այդ կարելի չըլլար՝ որոշած էինք խան մը ապաստանիլ, քանի որ գրպաննիս 5 օսմանեան ոսկի կար:

Ուրեմն անհամարձակ քայլերով մօտեցանք եւ հիւանդանոցի հսկայ դրան զանգը զարկինք: Ներսը ծառայողներէն մէկը մեզ մուրացիկ կարծելով ուզեց վռնտել, սակայն երբ մարդուն բացատրեցի մեր ինքնութիւնը եւ թէ կ'ուզենք Տոքթոր Պալֆը տեսնել, դուռը բացող ծառան, որ երկար տարիներու աշխատող մը եղած ըլլալու էր այդ հիւանդանոցին մէջ, վերյիշելով հայրս՝ անոր որբերը ներս մտցուց: Մօտ կէս ժամ ետք եկաւ ծերունի միսիոնար բժիշկը, ուրուն կէս հայերէն, կէս անգլերէն լեզուներով հասկցուցինք թէ մենք որբերն ենք Մանճիկեան Մանասէին, որուն ուսման ինք օժանդակած էր: Անմիջապէս վերյիշեց եւ մեզ ներս առաւ. հրամայեց որ լաւ բաղնիք մը տան մեզի, նոր ճերմակեղէններ ճիշտ մեր չափերով, եւ ըսաւ որ մի քանի ամիս մեզ կրնայ պատսպարել հիւանդանոցին շրջանակին մէջ, եթէ անշուշտ հարկը տեսնուէր, մինչեւ որ առիթը ներկայանար Քեսապ մեկնելու: Երեկոյեան փառաւոր ընթրիքէ մը ետք, առանձին սենեակի մը մէջ, երկու փառաւոր մահճակալներու վրայ, շատ կակուղ անկողիններով ու ծածկոցներով՝ քնացանք: Գաղթականութեան ամբողջ տեւողութեան այդքան գեղեցիկ ու հանգիստ անկողինի մէջ չէինք քնացած: Գիշերը անկողինին փափկութենէն մէյ մը արթնցայ, տեսածիս չէի հաւատար, կարծէք թէ հազար ու մէկ գիշերներու երազ մըն էր, քանի որ մարդկային այդքան ազնուութիւն եւ խնամք չէին կրնար ակնկալել մեզ նման որբեր, որոնք տարիներու տառապանքին ու թշուառութեան տակ կքած էին...: Առաւօտուն արթնցանք եւ մաքուր լուացարանի մը առջեւ լուացուեցանք, մեզի առանձին նախաճաշ տուին, կէսօրին՝ ճաշ եւ այսպէս շարունակաբար երկու շաբաթներ:

Այդ ժամանակամիջոցին, ամէն օր խաները կը թափառէինք, Քեսապ երթալու միջոց մը գտնելու համար: Մեր շրջագայութեան երրորդ օրը, խանի մը մէջ գտանք 8-10 քեսապցի երիտասարդներ, որոնց մէջ պատահաբար մեր հեռաւոր ազգականներէն մէկը, որ հօրս հօրեղբոր աղջկան ամուսինն էր եւ որուն կեղծանունով կը կոչէին Քէչէ Հուրքուրար (հօրաքրոջ ամուսին): Երբ մեր ազգականին յայտնեցինք մեր նպատակը, ըսաւ որ այժմ հնարաւոր չէր: Սակայն յաջորդ օրը գաղտնի լսեցինք որ այդ քեսապցի երիտասարդները եւ ուրիշներ, 10-20 հոգի, 12 ջորիներով, Քեսապի համար պարէն բեռցած եւ զինեալ խումբով պիտի մեկնէին Քեսապ, անոնց հետ նաեւ մեր Քէչէ Հուրքուրարը: Այս որ իմացայ, անմիջապէս փութացի իր մօտ եւ խնդրեցի որ անպայման մեզ ալ իր հետ տանի, սակայն բացարցակապէս մերժեց, ըսելով որ չի կրնար այդպիսի պատասխանատուութիւն մը ստանձնել, քանի որ զինուած խումբով պիտի մեկնին եւ շատ հաւանական է որ ճամբան չէթէներու հետ կռուի բռնուին եւ մահեր պատահին եւ թէ իրենք ալ վստահ չէին որ ողջ առողջ պիտի կարենային հասնիլ, եւայլն...: Մեր բոլոր թախանձանքները, դրամական հատուցում տալու խոստումը ջորիի մը իբրեւ վարձք, եւայլն, անօգուտ եղան. Բացարցակապէս մերժեց. Նոյնը՝ միւս ընկերները: Մեզ խրատեցին որ մի քանի ամիս Տոքթոր Պալֆին քով մնանք մինչեւ որ ճամբաները աւելի ապահով դառնան:

ՇԱՐ 43

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝