Յայտարարութիւն

Tuesday, February 15, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 45 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՄԷԿԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 11 – «ԳԱՐԱՏՈՒՐԱՆ»


Առաւօտուն, հօրաքոյրս իր գործը ձգեց եւ մեզ մեր գիւղը՝ Գարատուրան տարաւ, մօրս քով: (Ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնեմ որ այդ օրերուն ոչ հեռաձայն, ոչ իմէյլ, ոչ ելեկտրականութիւն, ոչ ալ ինքնաշարժ կար հաղորդակցութեան համար.ՆՊ) – Աներեւակայելի եղաւ նաեւ մօրս, Յովսէփ եղբօրս, եւ քոյրերուս զարմանքն ու ուրախութիւնը: Ուրեմն, 1915-ի Եղեռնէն ետք առաջին անգամն էր որ ոտք կը դնէի ծննդավայրս: Ամէն ինչ սիրուն եւ գեղեցիկ կը թուէր ինծի: Բոլոր վայրերն ու տեսարանները շարժապատկերի պէս աչքիս առջեւ կ'երեւային: Վերյիշեցի մանկութեանս օրերը եւ մեր փլատակ պապենական տան առջեւ միտքս եկան այն երջանիկ ու խաղաղ օրերը, երբ մեծ հայրս ու մեծ մայրս ողջ էին: Յիշեցի այն բոլոր կորուստները, զորս ունեցանք Արաբիոյ մէջ: Մեր գիւղը ամայացած էր եւ անոնց բացակայութեան՝ տխրութեան հագուստ հագած...

Մեր տունը փլած էր. Մերինները առժամաբար կը բնակէին Գազազեաններուն տան մէջ: Իսկ մենք ամիսներ ձորը կ'երթայինք լուացուելու եւ ծծումբի դեղին փոշիով շպարելու մեր մարմինները, մինչեւ որ կրցանք բուժուիլ բորոտութենէն, որմէ վարակուած էինք մեր որբանոց գտնուած օրերուն: Կարապետ հօրեղբայրս գիւղի դպրոցի ուսուցիչն էր 1920-ին, ուրեմն մենք ալ անմիջապէս սկսանք դպրոց երթալ:

Մեր Քեսապ հասնելէն հազիւ մէկ ամիս ետք, Քեսապի ֆետայի երիտասարդութիւնը, Քեսապի Տայի՝ Ովսիա Սաղտճեանի ղեկավարութեամբ, այրեցին ու թալանեցին կարգ մը դրացի թրքական գիւղեր, որոնց բնակիչները թէ՛ 1909-ի Ատանայի Կոտորածին եւ թէ՛ 1915-ի մեր գաղթած տարին Քեսապի գիւղերը կողոպտած էին...: Նշանը եւ ես մասնակից եղանք Օրտու գիւղը հրդեհելուն: Առաւօտ մը լսեցինք, որ Օրտու գիւղը պաշարուած էր մերիններուն կողմէ եւ Քեսապի ժողովուրդը կը խուժէր դէպի հոն, կռուողներուն ետեւէն: Նշանը եւ ես այս իմանալով, առանց մօրս լուր տալու, գացինք Քեսապ, որ մեր գիւղէն քալելով մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ էր, եւ անկէ ալ մեկնեցանք դէպի Օրտու, ուր հասանք կէսօրուան մօտ: Նկատեցինք որ գիւղին շրջակայքը տակաւին հրացանաձգութիւն կայ, սակայն տեսնելով ժողովուրդին երթեւեկը՝ մենք ալ գիւղ մտանք:

Գիւղը բացարցակապէս ամայի էր եւ քեսապցիներէ զատ ուրիշ մարդ չկար, իսկ կռուողները գիւղին շուրջը կը դեգերէին, որպէսզի կարենային կանխել թրքական որեւէ յարձակում ի պաշտպանութիւն ժողովուրդին: Տեսանք որ կարգ մը տուներ արդէն կ'այրէին, ուրեմն, Նշանն ու ես, ձեռքերնիս մէյ մէկ կիսով այրած փայտ առնելով, սկսանք մտնել տուներ, ուր կը դիզէինք ինչ որ հագուստեղէն կամ փայտեղէն գտնէինք եւ կրակի կու տայինք: Այսպէս, երկուքս չորս տուն այրեցինք: Կողոպուտի մասին բնաւ չէինք մտածեր, այլ միայն՝ վրէժի մասին, կարծելով որ այդպիսով գոնէ մեր պատանեկան վրէժը լուծած կ'ըլլայինք այդ դրացի անամօթ թուրքերէն, որոնք քանիցս մեր պապերուն տուները կողոպտած ու քանդած էին...: Արդէն որեւէ բան կողոպտէինք իսկ, մեր ուժը չէր ներէր այդքան հեռու տեղ շալկելով տանիլ: Սակայն ուզեցինք մէյ մէկ յիշատակ տանիլ թրքական այդ գիւղէն: Ես տան մը մէջ նոր անկողին մը եւ վերմակ մը գտայ եւ առի իսկ Նշանն ալ գեղեցիկ մանգաղ մը, որ երկար ատեն այդ օրերուն որպէս յիշատակ պահեցինք: Իսկ ժողովուրդը, թէ շալկելով եւ թէ գրաստներով, ինչ որ կրցաւ՝ տարաւ: Սակայն, Քեսապի սահմանին վրայ, Քեսապի այդ ժամանակուան առժամեայ «Հայ Կառավարութիւնը» իւրաքանչիւրէն 10 առ հարիւր առաւ իբրեւ կռուողներու բաժին:

ՇԱՐ 45

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝