Յայտարարութիւն

Wednesday, February 16, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 46 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՄԷԿԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 11 – «ԳԱՐԱՏՈՒՐԱՆ»


Պէտք է ըսել որ այդ ժամանակուան Քեսապի «կառավարութիւնը» ուղղակի քեսապցի ֆետայական խումբն էր. ունէին նաեւ Ազգային Միութեան Մարմին մը եւ այս երկու մարմինները կը ղեկավարուէին Տոքթոր Աւետիս Ինճէճիկեանի – Քեսապի ազնիւ եւ նախախնամական բժիշկը եւ ամէնուն սիրելին- եւ ֆետայիներու պետ աննման Տայիին, Ովսիա Սաղտճեանի կողմէ: Այս վերջինը, իր հմայքով եւ իր 25-30 ֆետայի ընկերներով, մեծ դեր կատարեց այդ ժամանակաշրջանին Քեսապի մէջ, ուր նաեւ հիմնած էր որբանոց մը, որուն բոլոր պէտքերը կը հոգացուէին թուրք գիւղերէն կողոպտուած ապրանքներով եւ ուտեստեղէններով...: Այն ժամանակ Քեսապի շրջանը անուանապէս կ'իյնար Ֆրանսական հոգատարութեան տակ, իբրեւ Սուրիոյ մէկ մասը, սակայն ոչ մէկ Ֆրանսացի զինուորական կամ պաշտօնեայ գոյութիւն ունէր 1920-ին Քեսապի մէջ, եւ ուրեմն տեսակ մը անկախութիւն ունէին:

Պատահեցաւ որ 1920-ի Մարտին Տային եւ իր ընկերները Քեսապի մէջ ձերբակալեցին 5-6 գերմանացիներ, որոնք դէպի Թուրքիա փախուստ կու տային: Սակայն ամբողջ Քեսապի մէջ զիրենք հասկցող մը չկար. ոչ ոք գերմաներէն գիտէր: Լսելով որ ես նոր վերադարձած եմ եւ գերմանական որբանոցի աշակերտ եղած եմ գաղթականութեան ընթացքին՝ զիս Քեսապ տարին որ թարգմանութիւն ընեմ: Սակայն երբ ֆետայիներու կայանը մտայ եւ Տայիին հանդիպեցայ, ուղղակի սարսափեցայ: Տային հագած էր Քիւլոթ տաբատ, երկար ճիզմէ մը, այծի մազէ հիւսուած ապայ մը, ապային վրայէն մի քանի խաչաձեւ շարուածքով բամփշտակալներ, կողքին Փարապելլում ատրճանակ եւ երկար դաշոյն մը, ֆրանսական կարճ Մարթին հրացան մը ուսին եւ խոշոր փափախը գլխուն: Առաջին անգամ այսպէս ծանօթացայ Տայիին: Իր շուրջի ընկերներն ալ, 4-5 հոգի, գրեթէ նոյն հագուածքով: Քանի որ չէի գիտեր թէ ինչ նպատակով կանչուած էի՝ սկսայ վախնալ: Կ'երեւի Տային այդ նշմարեց եւ յանկարծ մանկական թոթով շեշտով մը սկսաւ հետս խօսիլ իբրեւ հին ծանօթ մը, ըսելով. «Տղաս, մի վախնար, ես քու հայրիկիդ բարեկամն էի: Քեզ կանչեցի որ տեսնեմ քեզ: Մեծցեր ես»: Եւայլն: Կարելի չէր երեւակայել այդպիսի ահարկու կերպարանքէն այդքան անուշ ու մեղմ խօսքեր լսել. ուրեմն՝ սիրտ առի: Հալս քէֆս, մօրս հալն ու քէֆը հարցնելէն ետք հարցուց թէ իրա՞ւ է որ գերմաներէն գիտեմ: Ըսի այո, որբանոցէն սորված եմ: Տային ըսաւ թէ.« գիտե՞ս որ հոս մի քանի անպիտան ալմաններ բռնած ենք, իրենցմէ կ'ուզենք հասկնալ թէ ով են, ո՞ւր կ'երթան եւայլն. կրնա՞ս մեզի համար թարգմանութիւն ընել»: Ըսի կարելիս կ'ընեմ հասկցածներս թարգմանելու: Եւ ուրեմն ներս բերին գերմանական գզգզուած հագուստներով 4-5 երիտասարդներ: Բոլորն ալ սիրուն եւ արեւէն խանձուած այտերով եւ հպարտ կեցուածքով:

Իւրաքանչիւրին տրուած հարցումներն ու պատասխանները թարգմանեցի, որքան որ կրցայ հասկնալ: Այսինքն իրենց անունները, մականունները, տարիքը, որ մէկ բանակին պատկանիլը, ուրկէ գալն ու ուր երթալը, եւայլն, որմէ պարզուեցաւ որ զինադադարէն ետք, երկար ժամանակ պահուըտելով, եւ տեղէ տեղ փախչելով՝ կ'ուզէին Քեսապի լեռներուն վրայէն Թուրքիա անցնիլ: Շատ աղաչեցին որ զիրենք ֆրանսացիներուն ձեռքը չյանձնեն: Այս պաշտօնս կատարելէ ետք, Տային ինծի նուէր մը տալով տուն ղրկեց: Յետագային իմացայ որ այդ գերման գերիները, ըստ Քեսապի պատասխանատու մարմնին եւ ֆրանսացիներու հետ գոյութիւն ունեցած համաձայնութեան, յանձնուած են Լաթաքիոյ ֆրանսական իշխանութեան:

ՇԱՐ 46

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝