Յայտարարութիւն

Thursday, February 17, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 47 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՄԷԿԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 11 – «ԳԱՐԱՏՈՒՐԱՆ»


Այսպէս անցուցի1920-ի գարունը: Ամառը, երբ սկսաւ արտերու հունձքը, մայրս եւ Կարապետ հօրեղբայրս, կ'երեւի իրարու հետ դաշնակցած, զիս ալ տարին արտերը հունձքի եւ երեկոյեան շալակ մը ցորենի խուրձեր բեռցուցին վրաս, որպէսզի տուն բերեմ: Ես որ դաշտային աշխատանքի վարժ չէի՝ սաստիկ յոգնութիւն զգացի, մանաւանդ որ ցորենի անպիտան շալակս մի քանի քայլափոխ ընելէ ետք կ'աւրուէր եւ կը պատրաստուէի նստիլ, որպէսզի մայրս կամ հօրեղբայրս շտկեն զայն: Եւ այսպէս, մի քանի օր այնքան չարչարուեցայ, որ մտադրեցի կրկին հեռանալ Քեսապէն: Հետեւաբար մօրս ըսի որ ես այլեւս Քեսապ չեմ ուզեր մնալ եւ կ'ուզեմ Պէյրութ երթալ ՝ Մաթիսենց Յակոբին հետ- հեռաւոր հօրեղբայրներէս Սերոբին տղան էր Յակոբը, ինծի տարեկից, որ այդ ժամանակ Պէյրութ Սարաֆեաններուն քով կ'աշխատէր իբրեւ նկարիչ եւ գիւղ եկած էր արձակուրդի: Կարապետ հօրեղբօրս ուզածն ալ կարծէք այդ էր: Նկատելով որ ես գիւղական աշխատանքի անյարմար եմ, մտածած է որ զիս նեղը դնէ, որպէսզի զզուիմ ու երթամ քաղաք բախտս որոնելու:

Ամառնային եղանակին, մեր հօրենական փլատակ տունը վերաշինեցինք, ուր իմ մասնակցութիւնս բերի որպէս բանուոր: Օգոստոս ամսուն, տան շինարարութիւնը հազիւ աւարտած եւ մէկ շաբաթ հոն բնակելէս ետք, Կարապետ հօրեղբայրս ինծի երկու օսմանեան ոսկի տուաւ եւ Յակոբին ու ուրիշ մեկնողներու հետ միասին, առագաստանաւով մը, Գարատուրանի ծովափէն ճամբայ ելանք Պէյրութ երթալու համար: Առագաստանաւ ելած վայրկեանիս, մօրենական մեծ հայրս՝ Ճորճ Գայիրչեանը ինծի երթաք բարովի եկած էր, ինքն ալ կէս օսմանեան տուաւ որպէս գրպանի դրամ (խաշլըխ):

Այն ժամանակ Սուրիան եւ Լիբանանը ֆրանսական զինուորական իշխանութեան տակ էին եւ մէկ քաղաքէն միւսը փոխադրուելու համար յատուկ արտօնագիր անցագիր պէտք էր: Սակայն, Քեսապի մէջ որեւէ ֆրանսական գրասենեակ գոյութիւն չունենալուն՝ համաձայնած էին, որ տեղւոյն Ազգային Միութեան տուած անցագրերը ընդունուին: Ուրեմն Քեսապի Ազգային Միութեան անցագրով ճամբորդեցի:

Երբ առագաստանաւը մեկնեցաւ Գարատուրանի ծովեզերքէն, օդը տաք էր եւ հովը՝ քիչ: Սակայն հազիւ ծովուն բացերը հասանք, մեղմ հով մը սկսաւ, որ մի քանի ժամ ետք սաստկացաւ: Երբ արդէն Լաթաքիոյ դէմը հասած էինք, ալեկոծութիւնը սկսաւ: Իսկ երբ անցանք Ռուատ (կամ Արուատ) կղզին, որ Թարթուս քաղաքին դէմն է, եւ Թրիփոլի քաղաքին մօտեցած էինք, ալեկոծութիւնը այնքան սաստկացաւ որ նաւուն ղեկը կոտրեցաւ: Նաւապետը շատ աշխատեցաւ որ Թրիփոլի մտնէ, սակայն անհնար ըլլալով ետ վերադարձանք եւ ապաստանեցանք Ռուատ կղզին: Նկատելով որ ալեկոծութիւնը կրնայ օրեր տեւել՝ նաւապետը տեղական նաւակներով մեզ տարաւ դէմի Թարթուս քաղաքը, որպէսզի այն տեղէն ինքնաշարժերով երթանք Պէյրութ, խոստանալով մեր գոյքերը հասցնել Պէյրութ, երբ ալեկոծութիւնը դադրի: Մօտ 10 հոգի էինք: Վարձեցինք Ֆորտ 1919 մօտէլ քամիոնէթ մը ու մեկնեցանք Պէյրութ: Մի քանի օր ետք առագաստանաւը հասաւ Պէյրութ, բերելով մեր գոյքերը. անոնց մէջ իմ ունեցածներս էին թրքական Օրտու գիւղէն բերած անկողինս ու վերմակս եւ մի քանի կտոր հագուստեղէն:

ՇԱՐ 47

ՎԵՐՋ ՏԱՍՆՄԷԿԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆԻՆ

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝