Յայտարարութիւն

Sunday, February 20, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 50 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 12 – «ՊԱՆԴՈՒԽՏ»


Այսպէս, մի քանի շաբաթ խորհելէ ետք, տնօրէնիս գրասենեակը մտայ անհամարձակօրէն եւ մտածումներս իրեն պարզեցի եւ խնդրեցի որ օգնէ ինծի անձնաթուղթ մը, փասփոր մը հանելու, որպէսզի երթամ Երուսաղէմ ուսանելու համար: Ըսի թէ հոն բնակող ամուսնացած մօրաքոյր մը ունիմ, հայոց վանքին մօտ եւ թէ հոն կրնայի մնալ մինչեւ որ կարենայի դպրոց մտնել: Տնօրէնս ըսաւ որ սիրով կ'օգնէ ինծի, քանի այդքան մեծ է ուսման փափաքս եւ նոյնիսկ գովեց զգացումներս ու քաջալերեց: Ուրեմն, երկտող մը գրեց Պրն Տիգրան Սարաֆեանին, որ այն ատեն Պէյրութի Ազգային Միութեան անդամներէն մին էր եւ Նանսէնեան գրասենեակին հետ կապ ունէր, խնդրելով որ իր հաշւոյն ինծի համար Նանսէնեան փասփոր մը պատրաստէ Երուսաղէմ մեկնլու համար: Մէկ շաբաթ ետք անցագիրս պատրաստ էր եւ տնօրէնս, իր հաշւոյն, ինծի տոմս մը ապահովեց իտալական Լոյտ Թրիէսթինօ շոգենաւային ընկերութենէն, եւ օրհնութիւնը տալով՝ նաւ տեղաւորեց:

Նաւը երեկոյեան ճամբայ ելաւ եւ յաջորդ առաւօտեան ժամը 7-ին Հայֆա հասաւ: Անկողինս շալկած եւ ձեռքս հագուստեղեններուս փոքրիկ պայուսակ մը՝ սկսայ քարափին վրայէն դէպի քաղաք քալել, երբեմն հարցնելով հայու մը մասին: Աւելի ուշ մարդ մը դէմս ելաւ , որ հայ էր, կայարանի պաշտօնեայ, Փափազեան անունով, որմէ խնդրեցի որ ինծի համեստ պանդոկ մը ցոյց տայ: Երբ հասկցաւ ինքնութիւնս, ըսաւ որ իրեն հետեւիմ եւ տունէ մը ներս մտցուց: Տունը պանդոկի երեւոյթ չունէր: Հարցուցի «ա՞յս է պանդոկը»: Պրն Փափազեանը ըսաւ .«ոչ այս իմ տունս է, ու իմ ընտանիքս, դուն այս գիշեր մեր հիւրը կ'ըլլաս եւ ես վաղը քեզ կը ճամբեմ Երուսաղէմ»: Հարցուց թէ Երուսաղէմի մէջ ուր պիտի մնայի, ըսի թէ նախ մօրաքրոջս քով պիտի երթամ եւ անկէ ետք պիտի ջանամ դպրոց մը գտնել կամ Շնելլէրի գերմանական որբանոցը եւ կամ ալ Ժառանգաւորաց վարժարանը՝ եթէ զիս ընդունին: Պրն Փափազեանը ըսաւ որ իր երեք որդիները՝ Թորգոմը, Միսաքը եւ Արամը Ժառանգաւորացի վճարովի գիշերօթիկ սաներ են, հետեւաբար իմ մեկնելովս առիթ մը կը ստեղծուի իրեն, իմ միջոցաւս զաւակներուն նամակ եւ դրամ ղրկելու: Այդ գիշեր Պրն Փափազեանին տունը հիւրասիրուելէս եւ քնանալէն ետք, յաջորդ առաւօտ զիս տարաւ եւ իբրեւ կայարանապետ՝ ինծի ձրի տոմս մըն ալ տալով ճամբեց Երուսաղէմ, յանձնելով նամակ մը եւ 50 եգիպտական ոսկի իր զաւակներուն յանձնելու համար:

Երբ Երուսաղէմի կայարանը հասայ, որեւէ դժուարութիւն չունեցայ, քանի Երուսաղէմը ինծի ծանօթ քաղաք էր: Գոյքերս շալկած ուղղուեցայ հայոց վանքը եւ գացի մօրաքրոջս տունը, ուր զիս տեսնելով ապշեցան թէ ուրկէ ուր իրենց մօտ հասած էի...: Մօրաքոյրս, որ շատ փոքր տարիքին ամուսնացած էր, ինձմէ հազիւ 3 տարիով մեծ էր, այսինքն այն ատեն մօտ 17 տարեկան էր եւ արդէն երկու երեխայի տէր:

ՇԱՐ 50

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝