Յայտարարութիւն

Monday, February 21, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 51 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 12 – «ՊԱՆԴՈՒԽՏ»


Երուսաղէմ հասայ 1920-ի Դեկտեմբերի առաջին շաբաթը: Մի քանի օր հանգստանալէ ետք գացի իմանալու Շնելլէր որբանոցին մասին: Տեղեկացայ որ ուսման մակարդակը, առաջուանին բաղդատմամբ, շատ ցած է. ուրեմն դիմեցի անգլիական Սէյնթ Ճորճ դպրոցի տնօրէն Պրն Րէյնոլտսին, որպէսզի զիս ձրիաբար գիշերօթիկ աշակերտ ընդունի իր դպրոցէն ներս: Այս նոյն Պրն Րէյնոլտսն է որ Փոր Սայիտի հայկական վրանաքաղաքի մեր սկաուտապետն էր եւ որ իր հաշւոյն 5-6 սուէտիացի տղաք ընդունած էր Սէյնթ Ճորճի մէջ: Անմիջապէս զիս ճանչցաւ իբրեւ իր ամենափոքրիկ boy scout-ը սակայն, ցաւ ի սիրտ, յայտնեց որ իր պիւտճէն չի ներեր որ յաւելեալ սան մը եւս ընդունի: Ըսաւ որ եթէ բարերար մը գտնէի, որ յանձն առնէր կէս թոշակս վճարելու՝ պատրաստ էր այդ կէս թոշակով գիշերօթիկ աշակերտ զիս ընդունիլ: Ինծի տուաւ մի քանի Հայ մեծահարուստներու անուններ, որոնց այս ուղղութեամբ կարելի էր դիմել:

Ուսման այնքան ծարաւ ունէի որ այլեւս չվարանեցայ եւ հարց ու փորձով գտայ հայ մեծահարուստի մը հասցէն՝ Փոլ Լազարոս (Պօղոս Ղազարեան), եւ ուղղակի անոր տունը գացի: Այս մեծահարուստը կը բնակէր Երուսաղէմի Պաքաա թաղամասին մէջ, Երուսաղէմի կայարանին մօտերը, փառաւոր վիլլայի մը մէջ: Իր հարստութիւնը դիզած էր Հնդկաստանի մէջ, մահարաճայի մը ծառայութեան ընթացքին եւ կ'ըսուէր թէ առասպելական հարստութեան մը տիրացած էր այդ մահարաճայէն եւ ունէր թանկարժէք հնութիւններու հաւաքածոյ մը: Կինը անգլիացի էր եւ ունէր մէկ աղջիկ զաւակ: Այդ տան դուռը բախեցի, ունկնդրութիւն խնդրեցի եւ զիս ներս ընդունեցին: Պատկառելի սակայն կծծի ծերունիի մը առջեւ կը գտնուէի, որուն իմ կեանքի պատմութիւնը համառօտակի պատմեցի եւ խնդրեցի որ Պր Րէյնոլտսին պահանջած կէս դպրոցական թոշակը վճարէ, եւ ես յանձն կ'առնեմ որ երբ դպրոցը աւարտեմ եւ սկսիմ աշխատիլ, անպայմանօրէն առաջին վաստակէս կը հատուցեմ բոլոր ծախսածները, տոկոսով միասին: Կարեկցութիւն ցոյց տուաւ, բայց՝ ըսաւ որ ինք ի վիճակի չէ նման գումար վճարելու... եւ թէ լաւ է որ հայոց վանք դիմեմ, եւայլն: Ուրեմն այդ մեծահարուստէն յուսախաբ՝ մօրաքրոջս տունը վերադարձայ:

Ժամանակը կ'անցնէր եւ ես կ'աճապարէի որեւէ կերպով դպրոց մը յաճախել: Ցերեկեայ դպրոց երթալով մօրաքրոջս եւ իր ամուսնոյն տնտեսական բեռ պիտի ըլլայի. հակառակ իրենց պնդումներուն՝ մերժեցի իրենց հաշւոյն ցերեկեայ վարժարան երթալ, որովհետեւ գիտէի թէ իրենց վիճակը նման բեռ մը չէր կրնար վերցնել: Ուրեմն դիմեցի հայոց վանք: Փափազեան եղբայրները, որոնց յանձնած էի իրենց հօր ուղարկած նամակն ու դրամները Ժառանգաւորաց Վարժարանէն ներս, ինծի խորհուրդ տուին որ ուղղակի խնդրագրով մը դիմեմ Պատրիարք Սրբազան, Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան առաքելատիպ Պատրիարքին: Ուրեմն նստայ շարադրելու խնդրագիրս: Հայկական անկանոն ուսում ստացած ըլլալուս՝ Գարատուրան, Փոր Սայիտ, Հալէպի Հայկազեան Վարժարան, բաւական սորված էի հայերէն լեզուն, սակայն Պատրիարքի մը ներկայացնելու արժանի խնդրագիր մը պիտի կարենայի՞ շարադրել...:

ՇԱՐ 51

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝