Յայտարարութիւն

Tuesday, February 22, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 52 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 12 – «ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ»


ՄտածեցԻ որ լաւագոյնը կ'ըլլայ համառօտ կենսագրականս գրեմ նախ, շեշտելով ուսման ծարաւս, եւ թէ ուսումս ստանալէ ետք կ'ուզեմ կղերական դառնալ, եւայլն: Հինգ անգամ փոխեցի, փոփոխեցի, սրբագրեցի եւ ապա զգուշութեամբ եւ որքան հնարաւոր է կոկիկ գիրով ընդօրինակեցի եւ մի քանի օր ետք, խնդրագիրը ձեռքս ներկայացայ Պատրիարքարան:

Բարապանը նախ չուզեց արտօնել որ ներս մտնեմ, հակառակ որ կոկիկ ու խնամքով հագուած էի. Սակայն տեսնելով յամառութիւնս, մէկ ժամէն աւելի սպասելս, յայտնեց պատրիարքին որ պատանի մը կը պնդէ, կ'ուզէ անպայման ձեզ տեսնել եւ չուզեր խնդրագիրը ուրիշի ձեռքով փոխանցել: Պատրիարքը արտօնեց որ քովը մտնեմ: Երբ ներս մտայ Եղիշէ Արք. Դուրեան Պատրիարքի աշխատանոց-գրադարանը, դէմս տեսայ մեղմ նայուածքով, առաքելատիպ եւ հսկայ կազմուածքով պատկառելի հոգեւորական մը, եւ շփոթահար կանգնեցայ դրան մօտ: Այդ հսկայ մարմնէն մեղմ եւ անուշ ձայն մը ըսաւ. «եկուր տղաս, ի՞նչ կ'ուզես ինձմէ»: Շփոթած, կարծէք լեզուս կարկամեցաւ եւ չկրցայ որեւէ բառ արտասանել. Մօտեցայ եւ աջը համբուրեցի եւ յետոյ երկարեցի ձեռքիս մէջ սեղմած խնդրագիր-պահարանը, որուն վրայ խոշոր տառերով ԽՆԴՐԱԳԻՐ գրած էի: Ազնուորէն հրամայեց որ նստիմ դէմը գտնուող աթոռին վրայ եւ սկսաւ խնդրագիրս ուշի ուշով եւ մինչեւ վերջին բառը կարդալ: Բաւական երկար էր խնդրագիրս, քանի որ կենսագրականս կը պարունակէր: Երբ ընթերցելը աւարտեց, կամաց մը գլուխը վեր առաւ եւ ժպտալով հարցուց. « այս խնդրագիրը դո՞ւն գրեցիր». Այո՛, պատասխանեցի: «Ոեւէ մէկը քեզի օգնե՞ց կամ սրբագրե՞ց այս խնդրագիրը»: «Ո՛չ ըսի, միայն թէ 4-5 անգամ սրբագրեցի եւ մաքուրի ընդօրինակեցի, այս վեցերորդ ընդօրինակութիւնս է»: Ըսաւ թէ «խնամքով պատրաստուած է... կ'երեւի քեզմէ մարդ դուրս կու գայ... սակայն չեմ հաւնիր վերջին պարբերութիւնները, ուր կ'ըսես թէ դպրոցը աւարտելէ ետք կ'ուզես վարդապետ ըլլալ եւայլն: Քու այդ 15 տարեկան հասակիդ չես կրնար այդպէս բան որոշել. Այդ կրնաս որոշել երբ իրապէս աւարտած ես դպրոցը եւ հասուն տարիքի հասած»:

Կը սպասէի...: Այս նախաբանէն ետք տակաւին ճակատագրական այոն կամ ոչը չէր ըսած. Սակայն պատրիարք հօր շարունակական ժպիտը ինծի յոյս կը ներշնչէր: Բաւական մտմտալէ ետք ըսաւ. «կ'երեւի լաւ տղայ ես եւ եթէ գրած խնդրագիրիդ պէս խնամքով աշխատիս՝ ապագային տեղ կը հասնիս: Ուրեմն այժմ Ժառանգաւորացի տեսուչին պիտի գրեմ որ Ծնունդի արձակուրդներէն ետք քեզ ընդունի դպրոց»:

Անմիջապէս շնորհակալութեամբ աջը համբուրեցի եւ յուզուծ, արցունքը աչքերուս, սրտատրոփ սպասեցի մինչեւ որ մի քանի տող գրէ Ժառանգաւորացի տեսուչին, որ այն ատեն Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ Նշանեանն էր եւ որ յետագային Երուսաղէմի Պատրիարք եղաւ: Ուրեմն, ուրախ տրամադրութեամբ, պինդ սեղմած նամակը, որ կը պարունակէր ապագայ յոյսերուս իրականացումը՝ ուսում, ուսում եւ ուսում ստանալ, մեկնեցայ բարի լուրը յայտնելու մօրաքրոջս...:

ՎԵՐՋ ՏԱՍՆԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆԻՆ

ՇԱՐ 52

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝