Յայտարարութիւն

Thursday, February 24, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 53 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆԵՐԵՔԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 13 – «ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

»

Ամառնային մեր արձակուրդը սակայն կ'ըլլար հրաշալի: Մեզ կը տանէին Բեթղեհէմի վանքը եւ անկէ, գրեթէ ամէն օր, շրջակայ գիւղերն ու պտոյտի վայրերը: Շատ անգամ մեր ճաշն ալ մեզի հետ կը տանէինք, դուրսը, ազատ բնութեան մէջ, երբեմն ալ սաղարթախիտ պարտէզներուն մէջ վայելելու համար: Երբ մեր ձեռքը դրամ անցնէր (ազգականներէ նուէրներ), ազատ էինք արձակուրդի ընթացքին մեր ուզածը գնելու. բայց երբ Սուրբ Յակոբայ վանքի շրջափակին մէջ ըլլայինք՝ այդ մեզի արտօնուած չէր: Սակայն, երբ բան մը ուզէինք գնել, երկու մտերիմ ընկերներս՝ Լեւոն Ֆապրիքաճեան, Էրզրումցի եւ Կարապետ Աղաճանեան, Երուսաղէմցի, պահակ կը կանգնէին բացակայութիւնը չզգացնելու համար եւ ես, Հրեշտակապետի Վանքի քովի պարիսպէն վար կը կախուէի, պարանի մը միջոցաւ, որ կանխաւ, գաղտնի պատրաստած կ'ըլլայինք, գաղտագողի կ'երթայի շուկայ եւ ուզած գնումներս ընելով վանք կը վերադառնայի:

1923-ին, Զատկուան տօներուն առթիւ հայկական թատրոն մը տրուեցաւ Զիոն շարժապատկերի սրահին մէջ, ուր հրաւիրուած էին նաեւ տեսուչ Մեսրոպ Ծ. Վարդապետը եւ այլ եկեղեցականներ: Երեք մտերիմներս որոշեցինք գաղտնի երթալ այդ թատրոնը: Ուստի, դուրսի մեր Էրզրումցի ծանօթներէն Պրն Սիսակին լուր ղրկեցինք որ մեզի 3 տոմս գնէ սրահի վերջին շարքերուն մէկ անկիւնէն եւ ձեւով մը մեզի հասցնէ: Այդ գիշեր, վանքի դուռը, որ ընդհանրապէս ժամը 8.30-ին կը գոցուէր, որպէսզի վանքաբնակ ժողովուրդն ալ հնարաւորութիւն ունենայ ներկայ ըլլալու թատրոնին՝ բաց պիտի մնար մինչեւ կէս գիշեր: Ուրեմն, ժամը 8-ի ատենները, երբ Ժառանգաւորացի աշակերտները արդէն պէտք է անկողին մտած ըլլային, մենք ալ մտանք անկողին, սակայն՝ հագուած: Քառորդ ժամ ետք, հսկիչ Պրն Տէր Վարդանեանը, որուն սենեակը մեր ննջարանին կից էր, եկաւ եւ ննջարանին մէջ քննութիւն մը կատարեց եւ ապա ինք ալ քաշուեցաւ եւ քնացաւ: Հազիւ թէ լոյսերը մարեցան ննջարանին մէջ, երեքս, կամացուկ մը, վերարկուներով, իբրեւ թէ արտաքնոց կ'երթանք, որը կը գտնուէր պարտէզին մէջ տեղ մը, մեր վերարկուները պարտէզի թուփերուն մէջ պահելով, յառաջացանք դէպի վանքին դուռը:

Շատ գեղեցիկ ծպտուած էինք եւ դուրսէն ճարուած   մեր գլխարկները մեր գլուխներուն քիչ մը սեղմած՝ սկսանք յառաջանալ: Յանկարծ նկատեցինք որ տեսուչը մեր առջեւէն կը քալէ: Ետ դառնալը անկարելի էր: Ուրեմն կամաց մը ընկերներուս հասկցուցի որ երբ մութ տեղ մը հասնինք տեսուչին քովէն արագ մը անցնինք եւ այդպէս ալ ըրինք եւ աճապարանքով, առանց որ ոեւէ մէկը մեզ նկատէ, ուղղակի սրահ մտանք եւ մեր անկիւնը կուչ եկանք: Սակայն, եկուր տես, որ ծանօթներ, որոնք սրահին մէջ էին, մեզ նկատեցին եւ մօտեցան: Հազիւ մէկէն ազատած՝ ուրիշ մը կու գար: Ի վերջոյ եկաւ նաեւ մօրաքոյրս, որուն հասկցուցի որ գաղտնի եկած ենք, ինք թող ջանայ արգելք ըլլալ ոեւէ ծանօթի մեզի մօտենալու...:

Ներկայացումը լրանալէն անմիջապէս ետք շուտ մը կծիկը դրինք: Ճամբան միտքերնիս ինկաւ լէպլէպու ուտել, ուրեմն ստիպուեցանք մինչեւ Պապ Էլ Ամատ երթալ, որ կէս ժամէն աւելի ժամանակնիս խլեց: Երբ վերադարձանք, նկատեցինք որ վանքին դուռը արդէն գոցուած է...: Սակայն ամէն կերպով պատրաստուած էինք. պարան մը կապած էինք Հրեշտակապետի Վանքին պարիսպէն եւ ծայրը իջեցուցած ճամբու վրայի խանութին ցուիքին վրայ: Ուրեմն, մեզմէ մէկը միւսին ուսին ելլելով պարանը վար առինք եւ այդ պարանին միջոցաւ վեր ելանք Ժառանգաւորացի խաղավայրը եւ անկէ գողունի, յուշիկ-յուշիկ եւ առանձին-առանձին գացինք պարտէզ, որպէսզի մեր վերարկուները առնելով ներս մտնենք ննջարան, այնպէս ձեւացնելով որ պէտքարանէն կը վերադառնայինք...:

ՇԱՐ 53

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝