Յայտարարութիւն

Friday, February 25, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 54 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆԵՐԵՔԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 13 – «ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ»


Մեծ եղաւ երեքիս ալ զարմանքը, երբ նշմարեցինք որ մեր վերարկուները հոն չեն. ուրեմն կամացուկ մը ննջարան մտանք, հանուեցանք եւ անկողինը բանալով պիտի երկննայինք՝ նկատեցինք որ իւրաքանչիւրիս բարձին վրայ, հսկիչին գիրով մէկական երկտող կայ, ուր կ'ըսուի թէ վաղը ժամը 8-ին իր գրասենեակը երթանք...: Ահ ու դողի մատնուեցանք եւ սկսանք իրարու փսփսալ որ բռնուած էինք: Մինչ այդ, նկատեցինք որ մեր քովի անկողինին մէջ մեր ընկերներէն մէկը արթուն է եւ քիթին տակէն կը խնդայ: Անմիջապէս կոկորդէն բռնեցինք ըսելով թէ այս իր խաղն էր: Իրապէս ալ խոստովանեցաւ որ ինքն էր այդ երկտողները գրողը: Մեր այդ ընկերը հիանալի գիր կը կեղծէր եւ հսկիչին ալ գիրը այնպէս կեղծած էր որ յայտնի չէր: Տղան ըսաւ որ մեզմէ վրէժ լուծելու համար էր ըրածը, որովհետեւ իրեն ալ լուր չէինք տուած որ մեզի ընկերանար: Այդպիսով կարծեցինք որ փորձանքէն ազատած էինք:

Այս դէպքէն 5-6 օր ետք, հսկիչը մեզ երեքս իր մօտ կանչեց եւ յանկարծ կտրուկ հարցուց թէ թատրոնին գիշերը ուր էինք: Մենք ալ համարձակօրէն պատասխանեցինք որ մեր անկողիններուն մէջն էինք, եւ թէ դեռ քնացած չէինք երբ ինք եկաւ եւ քննեց ննջարանը: Չմոռնամ ըսելու որ չգացած մեր բարձերը երկայնքին դրած էինք անկողինին մէջ եւ գլխատեղին անձեռոցով ծածկած, իբրեւ թէ մժեղներէն պաշտպանուելու համար եւ որպէսզի քննիչը կարծէ որ մենք քնացած ենք եւ երեսնիս ծածկած: Ըսաւ թէ մեզ տեսնողներ եղած են շարժապատկերին սրահը եւայլն: Մենք ուրանալով ուրացանք , քանի որ վռնտուելու վախը կար: Ատկէ մի քանի օր ետք տեսուչը կանչեց եւ տուաւ նոյն հարցումները, դարձեալ ուրացանք: Շատ պնդեց որ գէթ բացատրենք թէ ինչ ձեւով փախանք վանքէն եւ եթէ խոստովանէինք պիտի չպատժէր: Մենք ստիպուած էինք ուրանալ...: Ամիսներ ետք միայն, մեր ֆրանսերէնի ուսուցիչը ինծի խոստովանեցուց , տեսուչին չյայտնելու պայմանով, եւ իրապէս փորձեց հարցը գոցել տալ: Անկէ ետք հետս մտերմացաւ այդ ուսուցիչը, որ վարդապետ ձեռնադրուելէն ետք ինծի մեծ օգտակարութիւն ունեցաւ, որուն երախտագիտութիւնս աւելի ուշ պատմութեանս մէջ կը յայտնեմ:

Ժառանգաւորաց վարժարանը գտնուած միջոցիս, բնականաբար կը թղթակցէի մօրս, եղբայրներուս եւ Կարապետ հօրեղբօրս հետ՝ Քեսապ: Հօրեղբայրս շատ համով-հոտով նամակներ կը գրէր, լի խրատականներով, ուր կ'ըսէր որ լաւ ուսում առնեմ եւ ապագային լաւ մարդ դառնամ, եւայլն: Ի հարկէ մեր նամակները տեսուչին կողմէ գրաքննութեան կ'ենթարկուէին, թէ՛ ուղարկուածները, թէ՛ ստացուածները: Սակայն ինծի հասցէագրուած նամակները այնքան խրատներով լեցուն կ'ըլլային որ տեսուչն ալ կը հաւնէր, ըսելով թէ լաւ ուսեալ եւ զարգացած հօրեղբայր ունէի: Հօրեղբօրս երբեք չէի յայտնած որ նամակները գրաքննութենէ կ'անցնէին: Ան 15-20 օր անգամ մը կը գրէր: Նոյնը կ'ընէի ես:

ՇԱՐ 54     

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝