Յայտարարութիւն

Saturday, February 26, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 55 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆԵՐԵՔԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 13 – «ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ»


Պատահեցաւ ժամանակ մը , որ մօտ երկու ամիս նամակ չստանամ: Մտահոգ՝ տեսուչին շարունակ կը հարցնէի թէ հօրեղբօրմէս նամակ եկա՞ծ էր եւ միշտ «ո՛չ» պատասխանը կը ստանայի: Մէջս կասկած արթնցաւ եւ դիմեցի Արամ Սարկաւագին – հետագայ Մամբրէ Արք. Գալֆայեան: Ան ըսաւ որ իրմէ լսած չըլլամ, ասկէ շաբաթ մը առաջ նամակ մը տեսած էր տեսուչին գրասեղանին վրայ եւ որ այժմ անոր ձախ դարակին մէջն էր: Ան կը կասկածէր որ տեսուչը չէր ուզեր նամակը ինծի տալ: Ուրեմն անմիջապէս տեսուչին քով գացի եւ երբ ըսաւ թէ նամակ չունիմ, ըսի թէ սխալ է այդ եւ թէ նամակս իր ձախ դարակին մէջ կը գտնուի: Նախ զարմանք կեղծեց, բացաւ դարակը, եւ իբրեւ թէ կարդաց նամակը եւ ապա ըսաւ թէ լաւ չէ որ այս նամակը կարդաս: Պնդեցի որ քանի ինծի ուղղուած է նամակը լաւ կամ վատ ինծի կը պատկանի եւ թէ հարկ է որ ինծի յանձնուի: Ջղայնացած՝ ինծի նետեց նամակը, զոր առնելով դուրս ելայ:

Այդ նամակին մէջ հօրեղբայրս կը գրէր «լսեցի որ վարդապետ ձեռնադրուիլ կ'ուզես. Չըլլայ որ ըլլաս, այլ միայն ուսումիդ նայէ եւ երբ դպրոցը աւարտես ձգէ եւ ելիր»: Չեմ գիտեր թէ հօրեղբայրս ուրկէ լսեր էր այդպիսի լուր մը, որ ճիշտ չէր, քանի որ ես երկար ժամանակ ունէի դպրոցս աւարտլու եւ այդ մասին երբեք մտածած չէի: Տակաւին ականջիս մէջ կը հնչէին Պատրիարք Դուրեանին խրատները խնդրագիր ներկայացուցած ատեն, երբ ըսաւ. «Տղաս, քեզի համար դեռ կանուխ է կղերական ըլլալու մասին մտածել, քանի որ միայն հասուն տարիքիդ կարելի է նման որոշում մը առնել»:

Ուրեմն, տեսուչը չէր ուզեր այդ նամակը ինծի յանձնել, վախնալով որ հօրեղբօրս գրածէն կրնար միտքս պղտորիլ...: Այդ թուականէն սկսեալ տեսուչը սկսաւ պաղ վերաբերում ցոյց տալ ինծի հանդէպ, եւ ոչ միայն ինք այլ ուսուցչական կազմէն ալ ոմանք, որոնք տեսուչին ազդեցութեան տակ էին, մանաւանդ՝ հսկիչը: Սկսան ամենաչնչին յանցանքին կամ չարութեան համար խստիւ պատժել զիս, այնպէս որ պատանի տարիքիս ընդվզեցայ եւ սկսայ աւելի չարութիւն ընել եւ ի վերջոյ տեսուչին գրեցի որ կ'ուզեմ դպրոցէն ելլել եւ հրաժարականս ներկայացուցի գրաւոր: Տեսուչը քովը կանչեց եւ ըսաւ . «մենք քեզ երկու տարի ձրիաբար կերակրած եւ ուսում տուած ենք, ուրեմն, ըստ Ժառանգաւորացի օրէնքին, պարտաւոր ես ատոր փոխարէն նուազագոյնը մէկ տարի ձրիաբար ծառայել վանքին եւ անկէ ետք միայն կրնաս դպրոցը ձգել»: Պատասխանեցի որ պիտի ելլեմ առանց ձեր ըսած ծառայութիւնը ընելու: Տեսուչը սպառնաց ոստիկանութեան միջոցաւ օրէնքը պարտադրել, եւայլն:

Դպրոցէն ելլելու մէկ միջոց ունէի, այնքան չարութիւն ընել որ իրենք զիս վռնտէին: Ուրեմն սկսայ դասարան չերթալ, ճաշերս առանձին ընել, ընդդիմացող ուսուցիչներուն հետ կռիւ ընել: Երբ այս բոլորը չօգնեցին՝ սկսայ ցերեկները առանց հրամանի վանքի շրջափակէն դուրս ելլել եւ պտոյտի երթալ: Կը ջանայի վերադառնալ ճիշտ ժամը 3-ին, երբ տղաքը երեկոյեան ժամերգութեան կ'երթային, որպէսզի տեսուչը, որ երբեմն կ'ընկերանար տղոց, զիս տեսնէր որ դուրսէն կու գայի: Եւ պատահեցաւ որ օր մը, այդ ժամուն, դուրսէն եկած պահուս, ինծի հանդիպի: Խիստ ոճով հարցուց թէ ուրկէ կու գայի: Ըսի՝ դուրսէն: «Ուրեմն կորի՛ր եկած տեղդ եւ անգամ մըն ալ չտեսնեմ քեզ»:  Ես ալ ըսի՝ «շատ շնորհակալ եմ, այն որ ազնուութեամբ պահանջեցի ամիսներ առաջ, եւ դուք մերժեցիք՝ այժմ կը ստանամ» եւ գլուխս առած ուղղուեցայ մօրաքրոջս տունը:

ՇԱՐ 55

ՎԵՐՋ 13ՐԴ ԲԱԺԻՆԻՆ

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝