Յայտարարութիւն

Thursday, March 24, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 3


Կիրակի օրերը, ընտանեօք Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցին կը յաճախէինք։ 0ր մըն ալ, Պատուելի Տիգրան Տարագճեանը, հոգեւոր հովիւը, Կիրակի օրուան պաշտամունքէն ետք, յայտարարեց, որ կէսօրէ ետք, բոլոր այր մարդիկը եկեղեցի գան։ Ժողով կայ ըսաւ, կարեւոր ժողով։

Որոշեալ ժամուն հայրս գնաց ժողովի։ Հոն հաւաքուեր էին Քեսապի մեծամեծները, Քահանայ, ժողովրդապետ, վերապատուելի, մուխթարներ, բժիշկներ, կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ։ Վերապատուելին ժողովը բացուած յայտարարելէ ետք, ըսեր է թէ՝ Թուրք միւտիրն ու չաւուշը, յայտներ էին որ 0սմանեան պետութիւնը մտած ըլլալով պատերազմին մէջ ընդդէմ՝ Ռուսին, Անգլիացիին եւ Ֆրանսացիին, պետական «Ֆերման»ով, կը հրամայէր թէ՝ 18-40 տարեկան ամէն տղամարդ, պարտադիր 0սմանեան բանակին պիտի ծառայէր։

 

 Ներկաներու գլխուն տաք ջուր լեցուեր էր։ Ան ինչ որ հատ ու կտոր լուրեր կը լսուէին Արեւմտահայաստանի մասին, իրականութիւն էր։ Կրակը պիտի տեղար նաեւ Քեսապահայութեան գլխուն։ Թրքական բանակին ծառայել՝ մահ կը նշանակէ կ՛ըսէին ներկաները։ Ո՞վ գիտէ ուր պիտի քշուէին, կամ գնդակահարուէին եւ կամ ալ ծովամոյն ըլլային։ Քանի-քանի ընտանիքներ պիտի քանդուէին։ Բոլոր զինուորցուները, գլխիկոր, խոր մտածումներու մէջ ընկղմած էին։ Վերջին լուրերուն համեմատ, Ապրիլ 24ին ձեռբակալուած էին մեծ թիւով Հայ մտաւորականներ, տարագրուած եւ ճամբու ընթացքին սպաննուած էին։  Ամբողջ Քեսապը սգաւոր էր։ Ամէն ընտանիք ունէր, երիտասարդ հայր, եղբայր, զաւակ։

 

Ժողով գումարած էին մեծամեծները, «Մուսատաղցիներուն» նման լեռ բարձրանալ եւ դիմադրել, թող հոն նահատակուէին մեր երիտասարդները, քան թէ անարգ մահով, թուրքին եաթաղանին ենթարկուէին։

 Սակայն, աւաղ, չէին համաձայնած...

 Վերջապէս զինուորագրուեցան մեծ թիւով երիտասարդներ։ Առաջին խումբը՝ քսանհինգ հոգի, տեղ չհասած, Քեսապի մօտիկ Թրքական գիւղի մը եզրին՝ անտառին մէջ, գնդակահարուեցան։

Սգաւորները չկրցան իրենց հարազատներուն դիակները ստանալ եւ հողին յանձնել։

 

 Հայրս, երկրորդ խումբին կը պատկանէր։ Կէսօրէ ետք  մը, շուկայէն ուտեստեղէնով լեցուց տունը։ Մայրս եւ հայրս փսփսալով կը խօսէին եւ կարգադրութիւններ կ՛ընէին։ Ըստ սովորութեան հայրս, այդ գիշեր, ծունկերուն նստեցուց զիս, գգուեց, համբուրեց։ Աչքերը լիքն էին արցունքով։

Աստուածաշունչ կարդացին հայրս եւ մայրս, աղօթեցինք ու մենք փոքրերս քնացանք։ Առտու երբ արթնցանք, հայրս չկար, մօրս աչքերը ուռած եւ կոպերը կապուտցած էին լալէն։

 Հայրս զինուոր գացեր էր...

ՇԱՐ 3

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝