Յայտարարութիւն

Friday, March 25, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 4


 

Յուլիսի վերջերը, Գալատուրանցիները առաջին տարագրուողները եղան, ապա՝ Ներքիգիւղցիներն ու Պաշուրտցիները ։ Թուրք չաւուշը տարաձայներ էր թէ՝ միայն լուսաւորչականները պիտի տարագրուէին։ Մայրս չէր հաւատար եւ պատրաստութիւն կը տեսնէր։ Ուտելիք, հագուստներ կը լեցնէր պարկերու մէջ։ Ո՞վ պիտի շալկէր, ո՞վ պիտի տանէր, ես ութը, քոյրս՝ չորս տարեկան։

 

Առտու մը մեր տան դուռը զօրաւոր զարնուեցաւ, անկողիններէն ընդոստ վեր ցատկեցինք։ Թուրք ասկեարները կը հրամայէին, իջնել եկեղեցուոյ կից՝ հրապարակը։ «Սեւգիէթ է սեւգիէթ» կը գոռային այդ հրէշները... գաղթը կը սկսէր...

 

0գոստոս ամսուան մէջ օր մը հաւաքեցինք ապրանքները, ես՝ քրոջս ձեռքէն բռնած, մայրս՝ երկու պարկ կախած ուսէն, իջանք հրապարակ։ Մեծ բազմութիւն կար այնտեղ ։ Ձիաւոր ասկեարները իրենց մտրակները կը շաչէին ասոր-անոր գլխուն կամ ուսին, արագ-արագ կ՛երթեւեկէին, գահ-գահ բարձրաձայն կը խնդային։

 

Վերջապէս, արեւը բաւական բարձրացեր էր, հրաման տրուեցաւ շարժելու։ Քալեցինք-քալեցինք ծուռ ու մուռ ճամբաներէ, անցանք թփոտ եւ անանցանելի բլուրներէ, իջանք քարքարոտ ձորեր, անօթի, ծարաւ, քրտնաթոր։ Կէսօրէ ետք թէեւ արեւը կամաց-կամաց կը քաշուէր հորիզոնին ետին, սակայն վերջին ճառագայթները, ասեղներու նման կը մտնէին մեր աչքերուն մէջ։

 

Յանկարծ կովերու բառաչ լսուեցաւ հեռուէն։ Գիւղ մը կը հասնինք ըսին շատեր։ Ճի՛շդ էր, թուրքմէն գիւղի մը մօտէն կ՛անցնէինք, կովերու բառաչը Քեսապցի գիւղացիներուն կովերունն էր:Անոնք ալ գաղթի ելած էին... Այդ թուրքմէնները շտապ թալաներ էին մեր գիւղերը։ Քոյրս կու լար, ջուր կ՛ուզէր, յոգներ էր, չէր կրնար քալել։ Ստիպուած, վերցուցի կռնակս ու քալեցի, թէեւ ես ալ սպառեր էի։ Խեղճ մայրս, կքած իր բեռան տակ, սիրտը կը մղկտար ի տես մեր չարչարանքին եւ յոգնութեան։ Երեկոյեան, հասանք բացօդեայ դաշտ մը, հովը կը փչէր, մեր քրտնած մարմինները կը սառէին։ Յանկարծ՝ վայնասուն մը փրթաւ։ Մեզ առաջնորդող Միւնիր էֆէնտին, իր ասկեարներուն հրամայեր էր, որ առեւանգեն երեք երիտասարդուհիներ, որոնցմէ մէկը մեր դրացի Յովնանին աղջիկը՝ Սիրվարդն էր։ Գեղեցիկ, բարեձեւ, բարձրահասակ, սեւ երկար հիւսքերով։ Երիտասարդուհիները պոռացին, աղաղակեցին, ճչացին, ապարդիւն։ Անոնց մայրերը շտապեցին ազատելու իրենց դուստրերը, մտրակի հարուածներու տակ ինկան գետին։ Ասկեարները, քաշքշելով հեռացուցին այդ անմեղ աղջիկները, ձորն ի վար տարին, հո՛ն մարեցան ձայները։ Անոնք ետ չդարձան։ Մայրերն ալ հոն մնացին։ Լռութիւն տիրեց, մութը վարագուրեց ամէն բան։ Ես՝ վախէս ու պաղէն կը դողայի. մայրս՝ կը հանդարտեցնէր զիս, քոյրս՝ մօրս գիրկը կը քնանար։ Տարեց կին մը, բարձրաձայն գովքը կ՛ընէր առեւանգուած կոյսերուն եւ անոնց մայրերուն ու կ՛ողբար զանոնք ։ Ամէն մարդ կու լար ։ Ասկեարները, վայրենաբարոյ կիցերով եւ մտրակներով լռեցուցին բոլորը։ Յաջորդ առաւօտ արեւածագին, կարաւանը շարժուեցաւ։ Մէկ շաբթուայ, տառապալից եւ տանջալից թափառումներէ վերջ, բարձունքէ մը տեսանք ջուրի երկար գիծ մը։ «Որոնդէս» գետն էր։ Ելեւէջները դարձեալ կրկնուեցան, վերջապէս հասանք «Որոնդէս»ի ձախ ափին «Ճըսըր շուղուր» կոչուող քաղաքը։ Ինչ քաղաք, մեզի նմանող խլեակներով ու ճանճերով լեցուն քաղաք։ Տարեց մարդիկ կ՛ըսէին, հոս ջուր եւ ուտելիք կարելի է գտնել։

 Մեր հետ վերցուցած ուտելիքները սպառեր էին, մօրս բեռը թեթեւցած էր։ Քեսապցի գեղեցիկ կոյսերուն թիւն ալ նուազէր էր։

Մունիր էֆէնտին եւ իր ասկեարները գիտէին անոնց բացակայութեան տխուր գաղտնիքները։

ՇԱՐ 4

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝