Յայտարարութիւն

Tuesday, March 29, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 7

 

 

Օր մը, երկաթեայ դրան մը առջեւ կանգներ էի եւ անցորդներէն հաց կը խնդրէի. տան վերի յարկի պատուհանէն երկու արաբ լաճ, զիս տեսնելով, հացի կտոր մը ցոյց տուին եւ ետ քաշուեցան։ Ուրախացայ որ հաց պիտի տային ինծի։ Յանկարծ, երկաթեայ դուռը բացուեցաւ, դուրս թռան երկու կատղած մեծ շուներ, վրաս յարձակեցան եւ երկու ոտքերս խածին, ես գետին ինկայ։ Աչքս բացի, այդ լաճերը վրաս ջուր կը թափէին։ Ներսէն, պառաւ կին մը դուրս թռաւ, տղոց մէկական ապտակ տուաւ եւ ներս մտցուց կատղած շուները։ Ձեռքէս բռնեց, ոտքի կանգնեցուց, քաշքրտելով զիս ներս տանիլ ուզեց, ես ընդդիմացայ։ Արիւնլուայ, գլուխս, ցնցոտիներս խխում ջուր, լալով հեռացայ։ Խանը հասայ, Վարդուհին զիս կը սպասէր, յուսալով որ ուտելիք բան մը բերէի որ ուտէր։ Վիճակս տեսնելով, աչքերուն արցունքները յորդեցան։ Արդէն երկու օրէ  ի վեր փորհարութիւն ունէի։ Ստամոքսս եւ աղիքներս կը գալարուէին։ Յանկարծ՝ «Քեռի» կոչուած Սադայէլը հասաւ, երկու ուղտապաններու հետ։ Քաշքշելով՝ Վարդուհին ու զիս, դուրս բերաւ խանէն։ Մեզ նետեցին ուղտերու վրայ, Սադայէլին ձեռքը դրամ դրուեցաւ։ Մենք ծախուած էինք ... կու լայինք, կը պաղատէինք, կը ճչայինք։ Ուղտապանները  Արաբ  պետեւիներ էին։ Երեւի մեզ լռեցնելու համար, կէսական հաց տուին, զորս ագահութեամբ կերանք։

 

Արդէն ճամբայ ելանք, չեմ գիտեր դէպի ո՞ւր։ Ոտքիս վէրքերը ջրոտած՝ կ՛այրէին։ Աղիքներուս եւ ստամոքսիս խիթերը կը զօրանային, անզգալաբար փորհարութիւնս կը շարունակուէր, գարշահոտ եւ ուղտին կռնակն ի վար կ՛աղտոտէր։ Ուղտապանը՝ հուժկու, արեւէն խանձուած դէմքով, քաշքրտելով վար առաւ զիս, մէկ երկու  մեթր խորութեամբ փոսի մը մէջ նետեց։ Ցաւի եւ առանձին մնալու վախով, պոռացի, լացի ու լռեցի։ Վարդուհիին լացն ու ճիչը կը լսէի, Յովսէփ, Յովսէփ կը կանչէր։ Հեռանալով՝ ձայնն ալ հեռացաւ եւ կորսուեցաւ։

 

 Յիշեցի որ մայրս միշտ կ՛ըսէր, երբ Աստուծմէ հաւատքով խնդրես, Ա՛ն կու տայ քեզի։ Ծունկի չէի կրնար կենալ. կէս ընկողմանած ջերմեռանդութեամբ աղօթեցի «Տէրունական աղօթք»ը, խնդրեցի գէթ գաւազան մը շնորհէր ինծի որուն հենելով, կրնայի դուրս գալ այս գերեզմանէն։ Յոգնութենէս, տառապանքէս, թմրեր, քնացեր եմ։ Արեւի կիզիչ ճառագայթները հասեր էին գլխուս վերեւ եւ կ՛այրէին զիս։ Արթնցայ, բաւական հանգստացած, բայց անպիտան ճանճերը հանգիստ չէին տար։ Աչքս բացի թէ չէ, դիմացս գաւազան մը տեսայ։ Հրաշքը կատարուած էր, այո՛, հրաշք։ Աստուած աղօթքս լսեր էր, ղրկած գաւազանը կը նմանէր մեր տան պատին վրայ կախուած նկարին մէջ, Յիսուսի «բարի հովիւը իր ոչխարներուն հետ» ձեռքի գաւազանին։ Դարձեալ աղօթեցի, շնորհակալութիւն յայտնեցի Աստուծոյ, Յիսուսի։ Տէ՛ր, Դուն խնայէ Վարդուհիին եւ մի թողուր որ չար մարդիկ եւ չար ձեռքեր Վարդուհին չարչարեն։ Նախախնամութեան կարգադրութիւնն է այս հրաշքը։ Ու ես ամրապնդուած, «պիտի ապրի՛մ, պիտի ապրի՛մ» գոչեցի։

ՇԱՐ 7

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝